Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Սուրիական մեր հայրենիքի 11-ամեայ տագնապը ծանր ու ահաւոր, մեծ փորձութիւն ու փորձառութիւն դարձաւ մեզի՝ այդ տագնապին թաքուն ծալքերուն մէջ թափանցելով, անկէ դասեր քաղելով։
Լաւապէս հասկնալու համար սուրիական տագնապին դրդապատճառները կամ անոր տուն տուող պատճառներն ու դերակատարները անհրաժեշտ է լոյս սփռել նաեւ այս տագնապը կանխող տասնամեակին վրայ՝ բացայայտելու նաեւ ձեռք առնուած միջոցներն ու քայլերը, ճշգրտօրէն հասկնալու յաջորդիւ պատահած ու շարունակուող շրջանային տագնապները, թէ ինչու կը պատահին, ովքեր են դերակատարները, ինչպէս եւ որու կը ծառայեն, ինչ նպատակներ կը հետապնդեն… եւ այլն:
Սկսելու համար նախ հարկ է մատնանշել, թէ Սուրիան իր անկախութենէ (1946) ի վեր միշտ հակադրուած եղած է սիոնական, իսրայէլեան, արեւմտեան ու ամերիկեան (ՆԱԹՕ) ծրագիրներուն, յաւակնութիւններուն, մնացած է արեւմտեան եւ արեւելեան երկիրներու հակադրութիւններուն արանքին, մասնաւորապէս՝ 1970 թուականէն ետք, երբ հանգուցեալ զօր. Հաֆէզ ալ-Ասատ հասաւ անոր իշխանութեան բուրգին գագաթը եւ բարեկամութեան դաշնագիր ստորագրեց Խորհրդային Միութեան հետ:
Անոր մահէն ետք, տոքթ. Պաշար ալ-Ասատի՝ նախագահութեան հասնելով, Սուրիոյ մէջ սկսան ժողովրդավարացման, ազատականացման հովեր փչել (արդէն փլուզուած էր Խորհրդային Միութիւնը): Սահմանափակուեցան ընկերվարական թեքումներով տնտեսական ձեռնարկները, սահմանափակուեցան վերնախաւի մենաշնորհները, եւ երկրին մէջ աճեցան մասնաւորաբար արաբական դրամագլուխներով ներդրումները… Մէկ խօսքով՝ սկսաւ տնտեսական աճ ու վերելք մը քաղաքական որոշ հանդուրժողականութեան զուգահեռ… Այլ խօսքով՝ տագնապին նախորդող տարիներուն Սուրիան փակած էր իր ներքին ու արտաքին պարտքերը եւ օտար դրամանիշներու պատկառելի պաշար մը ամբարած էր:
Ինչպէս վերը նշեցինք, տնտեսական մարզին մէջ նահանջ արձանագրուեցաւ ընկերվարական մանաւանդ ծայրայեղ համակարգէն, եւ զարկ տրուեցաւ չափաւորականութեան, առաջ եկան անհատական թէ պետութեան հետ միատեղ գործընկերութեան նախաձեռնութիւններ ու ձեռնարկներ, թափ տրուեցաւ մասնաւոր–անձնական արտադրական հաստատութիւններուն: Զարկ տրուեցաւ թեթեւ արդիւնաբերութեան, բացուեցան անձնական դրամատուներ եւ այլն: Ակներեւ էր ինքնաբաւութեան մը հասնելուն ճիգը, յատկապէս կենսական պէտքերու իմաստով: Մեծ տեղ տրուեցաւ բարձր արհեստագիտութեան, IT-ի մարզին… Մէկ խօսքով՝ երկիրը հասաւ 21-րդ դարու արժանի շեմին առջեւ:
Քաղաքական կապերը սերտացան արաբական, նոյնիսկ պահպանողական վարչակազմերուն ու արեւմտեան երկիրներուն հետ: Սակայն այդ սերտացումը արգելակուեցաւ, եւ այդ յարաբերութիւնները մասամբ ուղղուեցան դէպի սառեցում, երբ Իրաքը «ժողովրդավարացնելու» արիւնալի ճանապարհին վրայ Սուրիան «ոչ» ըսաւ Արեւմուտքի քայլերուն (նկատի ունենանք ԱՄՆ-ի՝ օրուան արտաքին գործոց նախարար Քոլին Փաուըլի դրած նախապայմաններուն մերժումը նախագահ Պաշար ալ-Ասատին կողմէ):
Այսպիսով՝ Սուրիան նախընտրեց իր վաղեմի զինակիցներուն՝ Ռուսիոյ եւ Իրանի (այժմ՝ սերտ դաշնակիցներ) կազի արտադրութիւնը իր հողերուն վրայով հասցնել Միջերկրական ծով, ինչպէս նաեւ Չինաստանի արդիւնաբերական արտադրութիւնները։ Մինչ այդ «եղբայր» Քաթարի ձգտումը՝ իր արտադրած կազը Սուրիոյ վրայով, Թուրքիոյ ճամբով Արեւմուտք փոխադրելու, եթէ չմերժուեցաւ ալ, դիմակայուեցաւ կրաւորականութեամբ:
Սուրիան Արեւելքին (Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ Իրանի) համար կը նկատուէր վստահելի գործընկեր մը ու կրնար ըղձալի խաղաղ նաւահանգիստ մը դառնալ:
Վերոյիշեալ տուեալները, ի շարս բազմաթիւ այլ կէտերու, խստօրէն անհանգստացուցին Արեւմուտքը, Թուրքիան ու մանաւանդ Իսրայէլը, որուն դէմ երեք մեծ պատերազմներ մղած էր Սուրիան (առաւելեւս Լիբանանի հողերուն վրայ տարածուած մարտերը…)՝ իր կողքին միշտ ունենալով Խորհրդային Միութիւնը, մինչդեռ Արեւմուտքը Իսրայէլի դաշնակիցն է:
Թուրքիան, որ կը փորձէր Եւրոպա մտնել, ձախողած ու յուսահատած ուղղուեցաւ դէպի արաբական երկիրներ՝ օգտագործելով Սուրիան որպէս տարանցիկ ճանապարհ: Այսպիսով՝ նէօօսմանական Թուրքիան իր յաւակնութիւնները ծաւալելու ու նախկին կայսրութիւնը վերականգնելու հեռանկարով շրջեցաւ դէպի հարաւ. նախ՝ Իրաք, ուր վաղուց իր զօրքերը ելքումուտ կը կատարէին, ապա՝ Սուրիա ու արաբական երկիրներ, ուր եւ կը գտնուէր Սուրիոյ մերժումին հանդիպած իր դաշնակից Քաթարը:
21-րդ դարու առաջին տասնամեակին Արաբական ծոցի (ոմանց համար՝ Պարսից ծոց) երկիրները մեծ փորձեր կատարեցին դարպասելու Սուրիան, զայն ուղղելու եւ թեքելու դէպի Արեւմուտք, սակայն ձախողելով նոյն Արեւմուտքին հետ միատեղ որոշեցին փոխել արեւելամէտ Սուրիոյ վարչաձեւը, իսկ անյաջողութեան պարագային՝ քայքայել ու մասնատել զայն՝ օգտուելով անոր էթնիկ ու համայնքային բազմազանութենէն ու հակասութիւններէն՝ առաջնորդուելով «Բաժնէ, որ տիրես» սկզբունքով:
Պատրուակները չէին պակսեր: Այսպէս յայտարարուած՝ «ժողովրդավարութեան» չգոյութիւն, «մարդկանց իրաւանց ոտնակոխում»… ու նմանօրինակ բազմաթիւ, բազմատեսակ պատրուակներ… Նախորդող տասնամեակներուն Արեւմուտքը իբրեւ թէ յաջողած էր «ժողովրդավարացնել» Աֆղանիստանը, Իրաքը, Թունուզը, Լիպիան, Եգիպտոսը, աւելի ուշ՝ Սուտանն ու Եմէնը, որոնք անցան Արաբական գարունի մը արիւնալի բովէն, ուր տեղի ունեցած էին քաղաքացիական պատերազմներ ու ցարդ անվերջանալի իրարայաջորդ իշխանափոխութիւններ:
Կարգը եկած էր Սուրիոյ՝ զայն եւս քալեցնելու նոյն արիւնալի ճանապարհէն: Եւ Սուրիոյ համար սարքուեցաւ «ընդդիմութիւն» մը, որուն ապաստան հանդիսացան Թուրքիան, Յորդանանը եւ Լիբանանի որոշ շրջաններ ու արաբական երկիրներ՝ Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ կայացնելով զինուորական բազմազգեան հրամանատարութիւններ՝ կազմուած արաբներէ, հրեաներէ, ամերիկացիներէ, թուրքերէ, անգլիացիներէ… եւ այլն: Իսկ արաբական երկիրներէն Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը իրենց դեղին ոսկիներու ու փեթրուտոլարներու գանձարանները լայն բացին՝ առասպելական գումարներով զինելով այդ «ընդդիմադիրները», գնելու համար սուրիացի լուսանցքային զինուորականներ ու հատուկենտ քաղաքական դէմքեր: Աւելին՝ անոնք իրենց հեռուստատեսութեանց եթերը եւս տրամադրեցին անոնց՝ վարելու ապատեղեկատուութեան պատերազմը:
Վերոյիշեալ կայաններուն անձնակազմերը լաւապէս պատրաստուած էին արեւմտեան ոստաններուն մէջ, զանգուածային լրատուական միջոցներով պատերազմ մղելու բնագաւառէն ներս:
Արաբական նշանաւոր առածը կ’ըսէ՝ «Հատիկը գմբէթի վերածեցին»:
Սկսան «խաղաղ» ցոյցեր՝ մասնակի կամ տասներորդական պահանջներով։ Ապա պահանջները բազմացան՝ զուգահեռաբար անոնց մէջ զինեալ տարրերու երեւումով, որոնք հատուկենտ կրակեցին ցոյցերուն հսկող անզէն ոստիկաններուն վրայ՝ անոնց ստիպելով, որ զինուին: Եւ տանիքներուն վրայ երեւցան արձակազէններ (դիպուկահարներ):
Ոստիկանութիւնը ուժի դիմեց այն ատեն, երբ արդէն բանը բանէն անցած էր:
Շուտով դրացի երկիրներէն՝ Թուրքիայէն, Յորդանանէն ու Լիբանանէն, մարզուած զինեալներ թեթեւ ու միջակ զինատեսակներով սկսան թափանցելու Սուրիա՝ նախ յարձակելով ապահովութեան կեդրոններուն (ոստիկանատուներ…) վրայ, ապա թաղեր, գիւղեր ու քաղաքներ առին իրենց տիրապետութեան տակ: Շուտով անոնք ստացան Լիպիայէն ու փլուզած Եուկոսլաւիոյ երկիրներէն բերուած հրասայլեր, թնդանօթներ եւ այլն:
Մենք՝ քեսապաբնակներս, մեր մորթին վրայ զգացինք Թուրքիայէն Քեսապի մերձակայ ու թիւրքմէններով բնակուած գիւղերուն մէջ սպրդած ու ապաւէն գտած զինեալ տարրերուն, ահաբեկիչներուն ահաբեկչական գործունէութեանց աւերը, մինչեւ որ 2014-ի մարտ 21-ին անոնք գրաւեցին ու կողոպտեցին նաեւ Քեսապը՝ մեզ ստիպելով, որ տարագրուինք Լաթաքիա:
Այդ ահաբեկչական խումբերը կը բաղկանային զանազան երկիրներու քաղաքացիական կռիւներուն մէջ կոփուած բազմազգեան տարրերէ՝ արաբներ, աֆղաններ, չէչէններ, ույղուրներ (հեռաւոր Չինաստանի հիւսիսէն): Ասոնք բոլորը իսկապէս որ հմտացած էին հրասանդներու, հրթիռներու, հրասայլերու բանեցման մէջ: Ատոնք Սուրիա եկած էին «ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան» դասեր տալու համար:
Լրատուական միջոց մը հաստատուած էր Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ՝ «Սուրիոյ մարդկային իրաւանց լիկա» անունով, որուն ներկայացուցիչը, տնօրէնը ու նոյնիսկ տէրը Սուրիոյ դատարաններէն դրամաշորթութեան եւ փաստաթուղթերու կեղծման համար դատապարտուած ու քրէական հետապնդման ենթարկուած անձ մըն էր։ Ան, Լոնտոն հասնելով, դարձած էր «վստահելի» լրատուական աղբիւր մը (ցայսօր կը գործէ):
Իւրաքանչիւր դաւադիր երկիր ունէր իր խմբակը, երբեմն՝ խմբակներ՝ լաւապէս մարզուած, զինուած ու ֆինանսաւորուած: Անոնց անունները յարափոփոխ էին: Անոնցմէ ամէնէն նշանաւորը դարձաւ իր անսահման ծայրայեղութեամբ ու վայրագութեամբ յայտնի «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ, ISIS) կազմակերպութիւնը, որ ծնունդ էր ամերիկեան եւ թրքական գաղտնի սպասարկութեանց:
Զարմանալի հակասութեամբ վերոյիշեալ երկու երկիրները առերեւոյթ Սուրիոյ մէջ միջամտեցին՝ որպէս թէ ԻՊ-ը արմատախիլ ընելու համար: Թուրքերը առաւել մեծ պատճառ մը ունէին Սուրիա ներխուժելու՝ այսպէս կոչուած քրտական «ահաբեկչութիւնը» արմատախիլ ընելու համար…
Այդ բազմազան կազմակերպութիւնները ձախողութեան մատնուեցան Սուրիոյ եւ անոր դաշնակիցներու միատեղ հակազդեցութեամբ։ Սակայն անոնց հովանաւորները իսկոյն երեւան եկան ու տիրեցին Սուրիոյ հիւսիսային եւ հիւսիսարեւելեան նահանգներու մասերուն, երբեմն՝ նաեւ լրիւ նահանգի մը: Անշուշտ, միշտ մէկ գլխաւոր պատրուակով՝ «արմատախիլ ընելու ահաբեկչութիւնը»:
Շատ լաւ կը յիշենք՝ անցնող դարու 70-80-ական թուականներուն՝ Սուրիոյ նախկին նախագահ Հաֆէզ ալ-Ասատի օրով, յաճախ պահանջուեցաւ, մանաւանդ ՄԱԿ-ի բեմերէն, սահմանել «ահաբեկչութիւն» բառը՝ զայն զատորոշելով «ազգային-ազատագրական պայքարի» գաղափարէն: Ցայսօր դիտաւորեալ «շփոթ» ու նոյնացում առկայ է այդ երկու գաղափարներուն միջեւ՝ առ ի ծառայութիւն մեծապետական շահերուն:
Երկու չափ, երկու կշիռ…
Սուրիական «ընդդիմութիւնը» բաժնուեցաւ երկու մասի: Արեւմուտքին համակիր ընդդիմութիւնը կոչուեցաւ «չափաւոր ընդդիմութիւն»… երբեմն ալ «զինեալ չափաւոր ընդդիմութիւն»… զարմանալի ու ծիծաղելի բաժանում…
Սուրիական տագնապին տրուեցաւ նաեւ տնտեսական դիմագիծ: Տնտեսական պատերազմ: Սուրիան ու անոր դաշնակիցները ենթարկուեցան միակողմանի տնտեսական դաժան շրջափակման՝ ժողովուրդը նետելով զրկանքի ու աղքատացման ճանապարհին, հասնելով մինչեւ հացի ու վառելանիւթի զրկանքներուն… Այդ վնասներէն անմասն չմնացին դրացի երկիրները, մանաւանդ Լիբանանը ու մասամբ Իրաքը:
Վերոյիշեալ նկարագրութիւնը, անշուշտ, շատ հեռու է ամբողջական ըլլալէ: Արձանագրուածը միայն ուրուագիծն է կատարուածին:
Այժմ կարծէք թէ նոյն սենարիոն է, որ կը կիրարկուի Իրանի պարագային, որ Սուրիոյ գլխաւոր ու ամենահաւատարիմ դաշնակիցն է, որ վաղուց ենթարկուած էր Արեւմուտքի միակողմանի տնտեսական անմարդկային ու դաժան շրջափակումին: Եւ այսպէս նախասերտուած, քրտուհիի մը՝ Մահսայի մահուան զաւեշտական բեմադրութեամբ, ան յարմարագոյն պատրուակը հանդիսացաւ՝ Իրանը ներսէն ցնցելու եւ ներքին անդորրը խաթարելու, նախորդ տարիներու մի քանի ձախող նախափորձերէ ետք:
Տրուած ըլլալով, որ միջուկային ուժանիւթի բնագաւառին մէջ Իրան-Արեւմուտք բանակցութիւններուն առնչութեամբ Իրանը, մեկնելով զօրաւորի դիրքերէն, անզիջող եւ անդրդուելի կը մնար Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի անընդունելի պահանջներուն դիմաց, եւ որովհետեւ Մահսան քրտուհի էր (մերժած էր լաչակով ծածկել գլուխը), ան յարմարագոյնն էր՝ իշխանութիւններուն չենթարկուելու համար ստեղծելու «հերոսի» կերպար… Իսկ անոր ի պաշտպանութիւն ցոյցի ելած 500-հոգանոց խմբակը (ցոյցերուն նախօրէին) արեւմտեան քարոզչական միջոցները «հաւար» կը փրցնէին, իբրեւ թէ Իրանի բնակչութեան կէսը ոտքի կանգնած էր։ Անդին, երբ Հայաստանի մէջ բազմահազար ցուցարարներ ողողած էին քաղաքամայր Երեւանի հրապարակները Արեւմուտքին սիրելի իշխանութիւններուն դէմ, նոյն այդ ԶԼՄ-ները հազիւ թէ նշում կը կատարէին այդ ցոյցերուն մասին:
Այստեղ փակագիծ մը բանալով՝ կ’ուզեմ վերյիշելով նշել, որ երբ նոյն Արեւմուտքին սիրելի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, 1996-ին կեղծելով ընտրութիւնները, ինքզինք նախագահ հռչակեց եւ բռնի ուժ գործադրեց վերոյիշեալ կեղծիքներուն դէմ ցոյցի ելած բազմամարդ հաւաքին դէմ՝ ի պաշտպանութիւն իրողապէս ընտրութեանց յաղթած Վազգէն Մանուկեանին, վերոյիշեալ ԶԼՄ-ները, ի պաշտպանութիւն, ԼՏՊին Վազգէն Մանուկեանը կոչեցին «գերազգայնական» (Ultra-nationalist), որ համազօր էր զայն նացի կամ ֆաշիստ կոչելուն: Նպատակը Վ. Մանուկեանը վարկաբեկելն էր, որովհետեւ ան հլու-հնազանդ կամակատար մը չէր կրնար ըլլալ Արեւմուտքին համար, ինչպիսին էր ապազգային ԼՏՊն:
Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, երբ թշնամին խաղաղ բնակիչներն ու բնակավայրերը ռմբակոծեց միջազգայնօրէն արգիլուած զինատեսակներով (ֆոսֆորային կամ քասէթային ռումբերով…), Արեւմուտքը ոչ միայն չդատապարտեց թշնամին, այլ նոյնիսկ ձայն ու ծպտուն չհանեց: Որովհետեւ Ալիեւը Արեւմուտքի շահընկերն ու սիրելին էր իր քարիւղով ու այժմ անոր կազ մատակարարողներէն է…
Արեւմուտքը հրահրեց ցոյցեր՝ Իրանի ընկերային այլ տեսակի հակասութիւններն շահագործելով, բնականաբար տասը՝ հազար ներկայացնելով: Ցուցարարներուն մէջ շուտով երեւան եկան զինեալ տարրեր, յար եւ նման Սուրիոյ մէջ պատահածներուն, անոր տագնապի սկզբնական օրերուն:
Զինեալներ թափանցած էին, մասնաւորաբար, Ատրպէճանէն, Աֆղանիստանէն, Իրաքի քրտական ինքնավար մարզէն:
Պարսկաստան քաջատեղեակ էր, որ Ատրպէճանի մէջ ազատօրէն կը վխտային Իսրայէլի գաղտնի սպասարկութեանց գործակալները, որոնք առաքուած էին Պարսկաստանը քայքայելու նպատակով:
Պարսկաստանի խումբ մը գիտնականներ, մանաւանդ՝ միջուկային ուժանիւթի մարզին պատկանող, կը սպանուէին անցեալ տասը տարիներու ընթացքին, ու ահաբեկիչները կապակցութիւններ ունէին վերոյիշեալ գործակալներուն հետ:
Պարսկաստանի ներսը անկայունացնելը կը հետապնդէր այլ նպատակներ եւս, որուն գլխաւորը ռուս-ուքրաինական պատերազմին Իրանը հակած էր Ռուսիոյ կողմը, մինչ Արեւմուտքը բացայայտօրէն կը զինէ Ուքրաինան: Իսկ երբ ռուսական բանակը օգտագործեց մի քանի ԱԹՍ («տրոն»), դարձեալ «հաւար» փրթաւ արեւմտեան ԶԼՄ-ներուն քով:
Մէկ ամիս է, որ ուքրաինական կարգ մը շրջաններ զրկուած են ելեկտրական հոսանքէ, մինչ մենք Սուրիոյ մէջ տասը տարիներէ ի վեր կ’ապրինք մթութեան մէջ՝ օրական հազիւ երկու ժամ լուսաւորութեամբ:
Պարսկաստանի ներսը խառնելու համար Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանէն հոն կը թափանցէին զինեալներ: Իսկ Իսրայէլի համար Պարսկաստանը կը նկատուէր միջուկային ուժանիւթի գծով գլխաւոր մրցակից մը, որ քիչ մնացած է, որ տիրանայ նաեւ միջուկային զինատեսակ-ռումբերուն (ըստ Իսրայէլի):
Այստեղ նշենք, որ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ եւս անպակաս են Իսրայէլի գործակալները՝ յար եւ նման Ատրպէճանի գործակալներուն:
Պարսկաստան, առաջին իսկ օրէն բացայայտած ըլլալով նախատեսուած դաւադրութեան ծալքերը, անմիջապէս դիմեց կոշտ միջոցներու: Ըմբոստներուն (եւ ոչ թէ ընդդիմադիրներուն) հետ խօսեցաւ վճռականօրէն, անոնց գործածած ու հասկնալի լեզուով: Այսպէս՝ Շիրազ քաղաքին մէջ ըմբոստներու սպանութիւնը կազմակերպողներէն ու մասնակիցներէն ձերբակալուեցան 26 ահաբեկիչներ, որ մեծ մասամբ Իսրայէլի դաշնակից Ատրպէճանի քաղաքացիներ էին: Իսկ անոնց ղեկավարը՝ Ազերին, Պարսկաստան եկած էր օդանաւով Պաքուէն:
Ահաբեկիչներուն մեծ մասը թէեւ ազերիներ էին, սակայն կային նաեւ Աֆղանիստանէն թալիպաններ եւ այլ ազգութեան քաղաքացիներ:
Պարսկաստան, իրազեկ ըլլալով, որ մեծ թիւով զինեալներ կը պատրաստուին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ, եւ անոնցմէ նկատառելի թիւ մը արդէն թափանցած էր Իրան ու ահաբեկչական գործեր կատարած, անմիջապէս ռմբակոծեց այդ քրտաբնակ կասկածելի կայանները, իսկ Ատրպէճանը սաստելու համար մեծ թիւով զօրք ու զինամթերք կուտակեց անոր հետ սահմանագծին վրայ՝ պատմական սահմաններու անձեռնմխելիութեան մասին (ակնարկը Հայաստանին հետ 27 քլմ սահմանագծին մասին էր) յայտարարութիւններ ընելով:
Արեւմուտքին համար դէպի Եւրոպա Ռուսաստանի ու Պարսկաստանի առջեւ ճանապարհները պէտք է որ փակ մնային։ Ականուած Աֆղանիստանը անբաւարար էր, եւ միջուկային ուժանիւթին տիրացած Պարսկաստանը պէտք է որ անկայուն մնար (ի շահ Արեւմուտքին, Իսրայէլին, Թուրքիոյ եւ այլոց): Եւ այդ անկայունութեան որպէս սկիզբ հերոսացուցին քրտուհի Մահսան, որուն համար իրանեան աղբիւրները հերքեցին, թէ ոստիկանութեան միջոցառումներու զոհն է:
Համբերատարութեան «կինէսեան» մրցանակ վաստակած Պարսկաստանը (չմոռնանք, որ պարսիկը 1×1 մեթր գորգ մը հիւսելու համար կրնայ 2 տարի «պայքարիլ»), զինուած սուրիական 11-ամեայ տագնապին փորձառութեամբ, ինչպէս վերը նշեցինք, ամենադոյզն զինեալ արարքին հակադարձեց զէնքի ուժով: Յառաջիկայ օրերու դէպքերու զարգացումները ցոյց պիտի տան, թէ Արեւմուտքը որքան պիտի կարենայ տոկալ Պարսկաստանի երկարաշունչ համբերատարութեան:
Պարսկաստանի՝ Իմամ Խումէյնիի ծանօթ յեղափոխութիւնը պատճառ դարձաւ, որ երկիրը կորսնցնէ իր ներուժը (գիտնականներ, զինուորականներ, ճարտարագէտներ, ճարտարարուեստի հսկաներ… եւ այլն), իսկ Իրան-Իրաք պատերազմը արիւնաքամ ըրաւ երկիրը: Սակայն անոր յաջորդող 40 տարիները բաւարար եղան, որ ան նուաճէ ծանր ճարտարարուեստի ու միջուկային ուժանիւթի գագաթները՝ հակառակ Արեւմուտքին կողմէ պարտադրուած տնտեսական ու այլ բնագաւառներու պաշարումին 40 տարիներէ ի վեր:
Կը թուի, թէ Պարսկաստան տեղի տուողը չէ իրեն պարտադրուած իրավիճակին դիմաց: Ան Ռուսաստանի, Չինաստանի ու կարգ մը այլ երկիրներուն հետ միասին միջազգային նոր համակարգ մը ստեղծելու համար կը պայքարի: Եւ այդ ճանապարհը, մեծ համեմատութեամբ, նուաճուած կը թուի:
Այս իրավիճակին դիմաց, մենք մեզի կը հարցադրենք, թէ 2020 թուականին 44-օրեայ պատերազմէն ետք արուեստականօրէն պարտուած Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք ծնկաչոք եկած են թշնամիներուն (Ատրպէճան, Թուրքիա…) առջեւ, որ անկիւնին մէջ խցելու հասցուցած են մեր հայրենիքը՝ յոյսի օրրանը:
Արեւելք-Արեւմուտք անվերջ պայքարին մէջ, իր ներկայութիւնը պարտադրող ու Պարսկաստանի մրցակից նոր Օսմանեան կայսրութիւն մը ստեղծելու ձգտումով, Թուրքիան ու անոր դաշնակից Ատրպէճանը, Արցախը, Սիւնիքն ու Հայաստանը պատուար ու սեպ համարելով, ամէնօրեայ սպառնալիքներ ուղղելով Հայաստանին ու հայութեան, այսօր իրենց կամքը պարտադրելու ընթացքին մէջ գտնուելով, մեր մտքերուն մէջ անդադար կը հնչեցնեն, թէ ինչ ապագայ կը խոստանան («ապագայ կայ… կայ ապագայ») ծնկած մեր իշխանութիւնները, որքանով են կրցած դաս քաղել սուրիական, պարսկական… եւ այլ երկիրներու դառն փորձառութիւններէն, դէպի ո՞ւր կ’առաջնորդեն մեր հայրենիքն ու հայութիւնը իրենց անհաւասարակշիռ ու անհաշիւ ոստոստումներով ու խարխափումներով:
Ասոր մասին մտածելն իսկ սարսափազդու կը թուի…
Կարօ Մանճիկեան