կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-11 13:59
Տարածաշրջան

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

100-ամեայ ՀՄԸՄ-ին Ծառայած Միութենականներու Պարգեւատրում

Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 10 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրումի հանդիսաւոր արարողութիւն` ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի քայլերգներէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեզմէ առյաւետ բաժնուած ՀՄԸՄ-ականներուն:

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց եւ յայտագիրը վարեց Հուրի Փափազեան-Էմմիեան, որ ՀՄԸՄ-ի անցած 100-ամեայ երթը նկատեց ո՛չ միայն յարգանք պարտադրող փորձառութեան ու վաստակի ցուցանիշ, այլ նաեւ համայն հայութիւնը գօտեպնդող ու ներշնչող պատգամ` շարունակելու հայ ժողովուրդի սերունդներու ինքնութեան պահպանման եւ անոնց մտքի եւ մարմինի առողջ զարգացման սրբազան գործը:

Անդրադառնալով հանդիսութեան նպատակին` ան ըսաւ, թէ անիկա կը միտի երախտագիտութիւն յայտնել այն ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք հասկցած են ծառայել բառին ամբողջական իմաստը` չվարանելով վճարելու անոր պահանջած անխուսափելի գինը` երկարատեւ տարիներու աշխատանք եւ նիւթաբարոյական ներդրում, նաեւ այն կառոյցներուն, որոնք նեցուկ կանգնած են միութեան` խորապէս հաւատալով անոր առաքելութեան կարեւորութեան:

Ապա ՀՄԸՄևի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապաքեան, որ կարեւոր նկատեց ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ տրուած դաստիարակութիւնը, որ կը կեդրոնանայ ազգասիրութեան, հայրենասիրութեան, չարքաշութեան եւ արիութեան վրայ` միշտ իբրեւ նշանաբան ունենալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը: Ան շեշտեց, որ այս բոլորին իրագործումը կը պահանջէ յարատեւ ճիգ, անշահախնդիր զոհողութիւն, անխախտ ու անսասան հաւատք, որոնց շնորհիւ ՀՄԸՄ 100 տարի շարունակ հարթեց իր ճամբուն վրայ ցցուած խոչընդոտները, իր քայլերը ուղղեց դէպի լաւն ու բարին, յոյս ու ինքնավստահութիւն ներշնչեց իրերայաջորդ սերունդներու` միշտ ի մտի ունենալով զանոնք հեռու պահել օտար ազդեցութիւններէ: Հայկ Թապաքեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս բոլորը կը կատարուին շնորհիւ նուիրեալ ու վաստակաշատ երախտաւորներու, որոնց նուիրուած է այդ հանդիսութիւնը:

Անկէ ետք ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին առիթով Անթիլիասի մայրավանքէն սկիզբ առած ջահերթը, որ անցնելով Պոլիսէն, Փարիզէն եւ Արարատ լեռէն, հասաւ Ծիծեռնակաբերդ ու միացաւ Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին` հաստատելով, որ անոնց կտակին կառչած սերունդներ կը շարունակեն հայօրէն ապրիլ ու գոյատեւել աշխարհի չորս ծագերուն:

Ապա «Ծառայութեան շքանշան» ստացան Գօգօ Մկրտիչեան, Ասատուր Սրապեան (ի բացակայութիւն), Համբիկ Միսաքեան, Պերճ Փալուլեան, ինչպէս նաեւ հալէպահայ ՀՄԸՄ-ականներ Վահէ Քիւրքճեան եւ Դաւիթ Դաւիթեան:

Այս առիթով ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, որ ըսաւ, թէ իր հիմնադրութենէն 100 տարի ետք, ՀՄԸՄ հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ 26 հազար հաւատաւոր անդամներով արդար հպարտութեամբ, ճակատաբաց, հայոց պատմութեան հատորին մէջ ոսկեայ տառերով գրած է իր իրագործումներուն երկար ցանկը` միշտ հաւատարիմ միութեան հիմնադիրներու կտակին ու տեսլականին: «Տեսլական մը, որ միութեան տուաւ առանցքային եւ յառաջատար դերակատարութիւն մը բոլոր այդ տարածաշրջաններուն մէջ, ուր հայեր ապրած ու գոյատեւած են: Ո՛ւր որ ՀՄԸՄ գոյութիւն ունեցաւ եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշն ու Եռագոյնը կողք-կողքի ծածանեցան, հոն հայրենիքէն հեռու փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծուեցաւ: Ո՛ւր որ սկաուտները շեփորախումբերու կշռոյթներով եւ հայկական բանակի վճռականութեամբ առաջնորդուեցան, հոն ներկաներուն սրտերը արցունքախառն երջանկութեամբ եւ հպարտութեամբ տրոփեցին: Ո՛ւր որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները յաղթանակի բաժակներ եւ մետալներ բարձրացուցին, հոն Հայկեան եւ Մամիկոնեան խիզախութիւնը արձագանգեց», հաստատեց Գառնիկ Մկրտիչեան:

Ապա ան անդրադարձաւ յուլիս 2018-ին Հայաստանէն ընթացք առած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի ձեռնարկներուն, որոնց շղթան երկարեցաւ սփիւռքով մէկ, իսկ եզրափակիչ հանդիսութիւնը պարգեւատրման այս ձեռնարկն է, որուն ընթացքին կ՛արժեւորենք ու կը պարգեւատրենք միութեան վաստակաշատ կարգ մը անդամներ, անշուշտ առանց մոռնալու ուրիշ միութենականներ, որոնք իրենց ժամանակն ու քրտինքը դրած են ի սպաս միութեան` խոստանալով, որ պատեհ առիթով ըստ արժանւոյն իրենք եւս պիտի ստանան իրենց իրաւունքը, ըսաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը: Ան այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենի պետութեան` անոր անվերապահ աջակցութեան համար, վեհափառ հայրապետներուն` կեդրոնական ձեռնարկներու հովանաւորութեան համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` միութեան շնորհած հայրապետական կոնդակին եւ «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին համար, ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքին` հոգատար հօր վերաբերմունքին եւ մնայուն նեցուկին համար: Գ. Մկրտիչեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի արժանաւորապէս նշման համար աշխատանք չխնայած յանձնախումբերուն եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն` հաստատելով. «Այս հսկայական նուաճումին եւ իրագործումին գաղտնիքը կը կայանայ ՀՄԸՄ-ի ուժականութեան մէջ», որ ծնունդ առած է միութեան հայրենասէր հիմնադիրներուն պայծառատեսութենէն, իսկ այսօր աւիշ կ՛առնէ միութենականներուն միասնականութենէն:

Եզրափակելով իր խօսքը` Գառնիկ Մկրտիչեան հաստատեց, որ միութիւնը հպարտալի բազմաթիւ տուեալներ ու ձեռքբերումներ ունի, իսկ անոնք խթան են ուխտելու, որ ՀՄԸՄ-ի վաղուան սերունդը փայլուն ձեւով պիտի ցոլացնէ իր միութենական կազմաւորումը եւ առօրեայ ապրումի պիտի շարունակէ վերածել «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» գաղափարախօսութիւնը: