կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-21 18:39
Արցախ

Յունահայութեան կողմէ դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութեան վերջին մասը պատրաստ է փոխադրութեան համար

Յունահայութեան կողմէ դէպի Արցախ մարդասիրական օգնութեան վերջին մասը պատրաստ է փոխադրութեան համար

Ե­րեք­շաբ­թի՝ 19 ­Յու­նո­ւա­րին, ամ­բող­ջա­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ Հ.Գ.­Խա­չի կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւած Ար­ցա­խի հա­մար մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան վեր­ջին մա­սի պատ­րաս­տու­թիւ­նը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ի եր­կու միա­ւոր­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին մար­դա­սի­րա­կան եւ բժշկա­կան ի­րե­րու հա­ւա­քու­մը, որ մեծ ըն­դա­ռա­ջում գտաւ հայ եւ յոյն հայ­րե­նա­կից­նե­րու կող­մէ, գե­րա­զան­ցե­լով սպա­սո­ւած քա­նա­կու­թիւ­նը։

Ար­դէն, օգ­նու­թեան ա­ռա­ջին եր­կու մա­սե­րը օ­դա­յին ճամ­բով հա­սան ­Հա­յաս­տան եւ յանձ­նո­ւե­ցան Հ.Օ.Մ.-ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն ու ­Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­կարգ ի­րավի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան։

­Յա­ջոր­դա­կան օ­րե­րուն, եր­կու բեռ­նար­կող փո­խադ­րիչ­ներ (container), ո­րոնց մէջ տե­ղադ­րո­ւած են 21 թոն բժշկա­կան ի­րեր եւ հա­գուս­տե­ղէն, ծովային ճամ­բով պի­տի փո­խադ­րո­ւին Վ­րաս­տա­նի նա­ւա­հան­գիստ­նե­րէն մէ­կուն, ա­պա ան­կէ պի­տի հաս­նին ­Հա­յաս­տան՝ յանձ­նո­ւե­լու հա­մար Հ.Օ.Մ.-ին։

­Յու­նա­հա­յու­թեան մար­դա­սի­րա­կան ամ­բող­ջա­կան օգ­նու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի Հ.Օ.Մ.ի կա­ռոյց­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեամբ պի­տի տրա­մադ­րո­ւի պա­տե­րազ­մէն տու­ժած գաղ­թա­կան­նե­րուն եւ բնակ­չու­թեան, ան­մի­ջա­կան օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու հա­մար հայ­րե­նա­զուրկ եւ տնա­զուրկ մեր ա­րիւ­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բեք, կա­րի­քը ու­նին հա­մայն հա­յու­թեան զօրակցութեան։

Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.Խա­չի մեր կա­ռոյց­նե­րը, հա­ւա­տա­րիմ ­Հայ Օգ­նու­թեան ­Միու­թեան վսեմ գա­ղա­փար­նե­րուն, ան­գամ մը եւս ի­րենց ու­ժե­րու ա­մբող­ջա­կան լա­րու­մով, կը կանգ­նին մեր ար­ծո­ւա­բոյն Ար­ցա­խի ու ա­նոր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի կող­քին։

azator.gr