կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-13 16:45
Արցախ

Յունահայութեան՝ Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան երկրորդ մասը հասաւ Հայաստան

Յունահայութեան՝ Արցախի համար մարդասիրական օգնութեան երկրորդ մասը հասաւ Հայաստան

Ինչ­պէս նա­խա­պէս գրած էինք մեր Ուր­բաթ օ­րուան թի­ւով, Հ.Կ.­Խա­չի եւ Հ.Գ.­Խա­չի կող­մէ նա­խա­ձեռ­նո­ւած Ար­ցա­խին հա­մար մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան երկ­րորդ մա­սը ար­դէն հա­սած է ­Հա­յաս­տան։

­Շա­բաթ՝ 9 ­Յու­նո­ւա­րի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Յու­նաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ տրա­մադ­րո­ւած օ­դա­նա­ւը իր թռիչ­քը կա­տա­րեց Է­լեւ­սի­նա­յի ռազ­մա­կան օ­դա­կա­յա­նէն դէ­պի ­Հա­յաս­տան, փո­խադ­րե­լով Ար­ցա­խի տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին եւ հայ զի­նո­ւոր­նե­րուն հա­մար բժշկա­կան անհ­րա­ժեշտ ի­րե­րը եւ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան նպա­տա­կով հա­ւա­քո­ւած հա­գուս­տե­ղէնն ու այլ կա­րե­ւոր սար­քեր։

Օգ­նու­թեան այս բա­ժի­նը եւս յանձ­նո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Օ.Մ.-ի գրա­սե­նեա­կին։

Ա­ռա­ջին ու­ղե­ւո­րու­թեան նման, մար­դա­սի­րա­կան թռիչ­քին ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. կո­մի­տէի, Հ.Կ.­Խա­չի, Հ.Գ.­Խա­չի եւ Հ.Յ.Դ. Ե­րիտ. ­Միու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին ըն­կեր­ներ ­Յա­րու­թիւն ­Սե­րո­բեան, Ատ­րիկ Ս­տե­փա­նեան, Ազ­նիւ Ա­ճէ­մեան, Ար­մէ­նու­հի ­Սի­մո­նեան, ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան, ­Վի­գէն ­Սափ­րի­չեան, ­Տիա­նա Ա­ւա­գեան, ­Սա­թե­նիկ ­Սի­մո­նեան եւ ­Մա­րիա ­Փա­փա­տո­փու­լու։

Ե­րե­ւա­նի «­Զո­ւարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նին մէջ, մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւ­նը ստա­նա­լու եւ անհ­րա­ժեշտ ձե­ւա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կա­տա­րե­լու հա­մար ներ­կայ ե­ղան ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­կարգ ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը եւ Հ.Օ.Մ.-ի ­Հա­յաս­տա­նի պա­տաս­խա­նա­տու ըն­կե­րու­հի­ներ, ո­րոնք եւս հե­տե­ւե­ցան ծրար­նե­րու յանձ­նու­մի գոր­ծին։ ­Մաք­սա­յին եւ դի­ւա­նա­կա­լա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րու ամ­բող­ջա­ցում­նէն ետք, օ­դա­նա­ւը եւ յու­նա­հայ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը ուշ ե­րե­կո­յեան վե­րա­դար­ձան Ա­թէնք։

Ն­շենք, որ նոյն օ­դա­նա­ւով ­Յու­նաս­տան փո­խադրո­ւե­ցաւ հայ­րե­նա­կից մը, որ կը կա­րօ­տի լուրջ բժշկա­կան խնամ­քի եւ ա­նոր նուրբ վի­րա­հա­տու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րո­ւի Ա­թէն­քի մէջ։

­Հոս, պէտք է նշել, թէ ծրար­նե­րու յանձ­նու­մէն ետք, ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւ­նը յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծեց, ո­րուն մէջ ընդ­գուե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Օ.Մ.-ի եր­կու կա­ռոյց­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ան­մի­ջա­կան մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն ըն­ձե­ռե­լու հա­մար։ ­Հա­յաս­տա­նի լրա­տո­ւա­կան բո­լոր մի­ջոց­նե­րը անդ­րա­դար­ձան լու­րին եւ ա­նոր տե­սա­նիւ­թը սփռուե­ցաւ ե­լեկտ­րո­նա­յին մի­ջոց­նե­րուն ու ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն կող­մէ։

­Յի­շեց­նենք, որ Ար­ցա­խի դէմ շղթա­յա­զեր­ծո­ւած թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան պա­տե­րազ­մի հրա­դա­դա­րէն ետք, ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Կ.­Խա­չի եւ ­Մա­կե­դո­նիոյ ու Թ­րա­կիոյ Հ.Գ.­Խա­չի միա­ւոր­նե­րը ձեռ­նար­կե­ցին մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան հա­ւա­քու­մին, որ գե­րա­զան­ցեց ա­մէն սպա­սում, ար­ժա­նա­նա­լով հայ եւ յոյն մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու սրտա­բուխ ար­ձա­գան­գին։ Ա­ւե­լի քան ա­մի­սէ մը ի վեր, հայ­կա­կան ա­կումբ­նե­րուն եւ կեդ­րոն­նե­րուն մէջ ­Խա­չու­հի մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը, միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րու ան­մի­ջա­կան սա­տա­րու­մով, ըն­դու­նե­ցին եւ պատ­րաս­տե­ցին սպա­սո­ւա­ծէն ա­ւե­լի օգ­նու­թիւն, ո­րը մին­չեւ այ­սօր յան­գե­ցաւ եր­կու ա­ռա­քում­նե­րու դէ­պի ­Հա­յաս­տան, իսկ մօտ ժա­մա­նա­կին կը ծրագ­րո­ւի ղրկել նաեւ եր­րորդ մա­սը։

azator.gr
11 Յունուար 2021թ