կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-14 20:40
Առանց Կատեգորիա

Յունահայութեան թիւի նօսրացումը 1922-1950 տարիներուն

Յունահայութեան թիւի նօսրացումը 1922-1950 տարիներուն

Գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն, ­Յու­նաս­տան հաս­տա­տո­ւած հայ զան­գուած­նե­րու թի­ւի ճշգրիտ սահ­մա­նու­մը բա­ւա­կան բարդ ու դժո­ւար փորձ մըն է, որ ա­ռան­ձին գի­տա­կան լայն աշ­խա­տու­թեան կը կա­րօ­տի։ ­Ներ­կայ յօ­դո­ւա­ծին մէջ պի­տի փոր­ձենք ու­րուագ­ծել ո­րոշ տո­ւեալ­ներ, ո­րոնք առ­նո­ւած են ծա­նօթ եւ հա­ւաս­տի աղ­բիւր­նե­րէ, նպա­տակ ու­նե­նա­լով մեր թեր­թի ըն­թեր­ցող­նե­րուն ներ­կա­յաց­նել ընդ­հա­նուր պատ­կեր մը, որ կը հա­ւա­տանք, թէ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան։

Գաղ­թա­կա­նա­կան ա­ռա­ջին ա­լիք­նե­րը

1921ի վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նեց գաղ­թա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին ա­լի­քը ­Կի­լի­կիա­յէն եւ Իզ­մի­թէն։ 18 ­Դեկ­տեմ­բեր 1922ին, Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին ուղ­ղո­ւած իր գրա­ւոր զե­կու­ցու­մին մէջ, ­Գէորգ քհնյ. ­Դա­ւի­թեան ար­դէն գրի ա­ռած է 3.950 հա­յե­րու ա­նուն­նե­րը, ո­րոնք 1921ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս հաս­տա­տո­ւած էին ­Բի­րէա, ­Գա­լա­մա­թա, ­Լաւ­րիօ, ­Վո­լոս, ­Սա­մոս, ­Մի­թի­լի­նի, ­Խիոս եւ ­Սի­րոս շրջան­նե­րուն մէջ։
9 ա­միս յե­տոյ, ­Փոքր Ա­սիոյ եւ Զ­միւռ­նիոյ ամ­բող­ջա­կան ա­ղէ­տէն ետք, յոյն գաղ­թա­կան­նե­րու կող­քին, մօտ 100.000-120.000 հայ գաղ­թա­կան­ներ ­Կի­լի­կիոյ, ­Փոքր Ա­սիոյ եւ ա­րե­ւե­լեան Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րէն ա­պաս­տան գտան ­Յու­նաս­տան։ Այս թի­ւե­րը, այն­պէս ինչ­պէս գրի առ­նո­ւած են պատ­մա­բան­նե­րու կող­մէ եւ ներ­կա­յա­ցո­ւած են այն ժա­մա­նա­կի զե­կոյց­նե­րուն մէջ, կը թո­ւին ըլ­լալ չա­փա­զան­ցուած, մաս­նա­ւո­րա­բար՝ ե­թէ ա­նոնք հա­մե­մա­տենք պաշ­տօ­նա­կան ա­ռա­ջին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն հետ, ո­րոնք կա­տա­րո­ւե­ցան պե­տա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու եւ հայ­կա­կան Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին կող­մէ։ Այս­պէս, հայ գաղ­թա­կան­նե­րու թի­ւը, ո­րոնք ­Յու­նաս­տան հա­սան 1922ին, հայ որ­բե­րու թի­ւին հետ միա­սին, հա­ւա­նա­բար կը հաս­նէր մին­չեւ 90.000ի։ 1924ի Օ­գոս­տո­սին, յու­նա­կան խնա­մա­տա­րա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող գաղ­թա­կան­նե­րու ընդ­հա­նուր թիւն էր 55.000 հո­գի։
1920ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան ընդ­հա­նուր թիւն կը հա­շո­ւէր 65.400 ան­ձեր, ո­րոնց­մէ 36.600ը կ­՚ապ­րէին Ա­թէն­քի, ­Բի­րէա­յի եւ շրջա­կայ նա­հանգ­նե­րուն մէջ, իսկ 28.800ը՝ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ մէջ։
Ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րէն, Ազ­գե­րու ­Լի­կա­յին կող­մէ հաս­տա­տո­ւած յա­տուկ մար­մին մը, նոր­վե­կիա­ցի Ֆ­րիտ­ճոֆ ­Նան­սե­նի հսկո­ղու­թեան տակ, ստանձ­նեց հայ գաղ­թա­կան­նե­րու փո­խադ­րու­թիւ­նը դէպի ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տան։
Ա­ռա­ջին կա­րա­ւա­նը՝ բաղ­կա­ցած 3.000 ան­ձե­րէ, յա­ռաջ ե­կաւ կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ շրջան­նե­րէն եւ մին­չեւ 1925ի ­Նո­յեմ­բե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տան։
1931-32 տա­րի­նե­րուն, ներ­գաղ­թը ա­ւե­լի մեծ ծա­ւալ ստա­ցաւ։ ­Բի­րէա­յի նա­ւա­հան­գիս­տէն մօտ 8-10.000 հայ­րե­նա­կից­ներ յու­նա­կան նա­ւե­րով հա­սան ­Պա­թու­մի նա­ւա­հան­գիս­տը եւ ան­կէ՝ ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տան։ ­Հոս պէտք է նաեւ նշել, թէ գաղ­թա­կա­նու­թեան ա­ռա­ջին տա­րին ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան բազ­մա­թիւ մա­հեր՝ տա­ռա­պանք­նե­րու, սնուն­դի պա­կա­սի եւ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան յար­մար պայ­ման­նե­րու չգո­յու­թեան պատ­ճա­ռով։ Ա­ռա­ւել, պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ թէ, 1923ի բնակ­չու­թիւն­նե­րու փո­խա­նակ­ման հե­տե­ւան­քով, ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած 1.500-2.000 հո­գիէ բաղ­կա­ցած «հայ-հո­ռոմ» ա­նու­նով խում­բին մա­սին պե­տա­կան կամ այլ տո­մար­նե­րու մէջ որ­պէս հայ ար­ձա­նագ­րու­թիւն չկա­տա­րո­ւե­ցաւ։

­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան որ­բե­րը

1922ին, մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը 7.000-8.000 որ­բեր փո­խադրե­ցին ­Յու­նաս­տան, ո­րոնք նա­խա­պէս պատս­պա­րո­ւած էին ­Թուր­քիոյ տա­րած­քին գտնո­ւող որ­բա­նոց­նե­րուն մէջ։ Այս որ­բե­րը, գլխա­ւո­րա­բար 1915ի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ա­զա­տած, խնա­մո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին գտնո­ւող հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ա­նոնց­մէ մե­ծա­գոյ­ներն էին՝ ­Սի­րո­սի, ­Կորն­թո­սի եւ ­Քեր­քի­րաի (Corfu) որ­բա­նոց­նե­րը։ ­Մաս մը որ­բե­րէն փո­խադ­րո­ւե­ցան այլ եր­կիր­ներ՝ շնոր­հիւ «Lord Mayorr’s Fund» հաս­տա­տու­թեան ջան­քե­րուն։ Այս­պէս, յա­ջորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին, ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ապ­րող որ­բե­րու պաշ­տօ­նա­կան պատ­կե­րը հե­տե­ւեալն էր՝ ­Գա­վա­լա 693, ­Քեր­քի­րա 1.778, ­Քե­ֆա­լո­նիա 314, ­Թա­սոս 72, ար­քա­յա­կան հին պա­լատ 165, ­Խալ­քի­տա 621, Օ­րո­բոս 396, ­Զա­փիօ 71, ­Կորն­թոս 1.670, ­Սի­րոս 732։ Ընդ­հա­նուր՝ 6.512 որ­բեր։
­Մին­չեւ 1927, վե­րեւ նշո­ւած որ­բա­նոց­նե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը այ­լեւս չէր գոր­ծեր։ ­Մաս մը որ­բե­րէն, ո­րոնք ար­դէն հա­սակ նե­տած էին, փո­խադրո­ւե­ցան ­Մա­կե­դո­նիոյ շրջա­նը՝ զբա­ղե­լու հա­մար հո­ղա­գոր­ծու­թեամբ, իսկ այլ որ­բեր՝ տնտե­սա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու եւ մրցակ­ցու­թեան պատ­ճա­ռով, մեկ­նե­ցան դէ­պի ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տան եւ Ֆ­րան­սա։ Ա­մե­րի­կեան «Near East Relief» մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան տե­ղե­կա­գի­րին հա­մա­ձայն, մօտ 2.500 որ­բեր ղրկո­ւե­ցան Ե­գիպ­տո­սի հայ­կա­կան գա­ղու­թը (­Գա­հի­րէ եւ Ա­ղեք­սանդ­րիա), հայ­կա­կան ըն­տա­նիք­նե­րու կող­մէ որ­դեգ­րու­մի յա­տուկ ծրա­գի­րի մը գոր­ծադ­րու­թեան պատ­ճա­ռով։
30 ­Սեպ­տեմ­բեր 1923ին, «Near East Relief»ը հրա­պա­րա­կեց տե­ղե­կա­գիր մը, ներ­կա­յաց­նե­լով հայ­կա­կան որոշ վար­ժա­րան­նե­րու թո­ւա­կան պատ­կե­րը։ Ա­նոր հա­մա­ձայն, ա­շա­կեր­տու­թեան թիւն էր՝ Ա­թէնք 255, ­Գո­քի­նիա 653, ­Տուր­ղու­թի 745, ­Փակ­րա­թի 415, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ շրջա­կայք 790, ­Բի­րէա 317, ­Բա­լէօ ­Ֆա­լի­րօ 60, ­Նէօ ­Ֆա­լի­րօ 96, ­Մոս­խա­թօ 34, ­Քի­ֆի­սիա 70, ­Մա­րու­սի 65, ­Մի­թի­լի­նի 250, ­Ռե­թիմ­նօ 150, ­Խա­նիա 47, ­Լաւ­րիօ 101։ Ընդ­հա­նուր՝ 4.048 ա­շա­կերտ­ներ։

­Գաղ­թա­կան­նե­րը Ա­թէն­քի մէջ

­Գաղ­թա­կա­նու­թեան սկզբնա­կան շրջա­նին , հա­յե­րը հաս­տա­տո­ւած էին գլխա­ւո­րա­բար հինգ շրջան­նե­րու մէջ՝ ­Տուր­ղու­թի 7.000, ­Փակ­րա­թի եւ ­Գե­սա­րիա­նի 3.000, ­Լի­բազ­մա (Ա­յիոս ­Տիո­նի­սիոս-­Բի­րէա) 5.000, ­Գո­քի­նիա 6.000 եւ Ա­թէն­քի կեդ­րո­նը 5.000 գաղ­թա­կան­ներ Իզ­մի­րէն, ո­րոնք հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի լաւ վի­ճա­կի մէջ կը գտնո­ւէին։

Ա­ռա­ջին մար­դա­հա­մա­րը

­Բա­ւա­կան տա­րի­ներ ետք, 1938ին, յու­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան դի­մու­մին ըն­դա­ռա­ջե­լով, յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թիւ­նը մար­դա­հա­մար կազ­մա­կեր­պեց այն շրջան­նե­րէն ներս, ուր հա­յեր կ­՚ապ­րէին։ Ա­նոր ա­ւար­տին, 35 շրջան­նե­րու մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւե­ցան 27.080 հա­յեր։ Այս­պէս՝ ­Տուր­ղու­թի 4.500, ­Գե­սա­րիա­նի 1.000, ­Բե­րիս­թե­րի 250, ­Գո­քի­նիա 4.800, ­Լի­բազ­մա (Ա­յիոս ­Տիո­նի­սիոս-­Բի­րէա) 3.000, ­Մա­րու­սի 180, ­Քի­ֆի­սիա 60, ­Մոս­խա­թօ 100, Ամ­պե­լո­քի­փի 60, ­Թաւ­րոս 35, ­Ֆա­լի­րօ 150, ­Քա­լի­թէա 100, ­Լաւ­րիօ 400, ­Վո­լոս 300, ­Կորն­թոս 100, Է­յիօ 100, ­Փաթ­րա 500, ­Փիր­ղոս 150, ­Նաւբ­լիօ 30, ­Գա­լա­մա­թա 800, ­Քեր­քի­րա 150, Կ­րե­տէ 700, ­Մի­թի­լի­նի 300, ­Սա­մոս 30, ­Խիոս 20, ­Սի­րոս 20, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ 5.000, Տ­րա­մա 650, ­Սեր­րես 300, ­Գա­վա­լա 800, Ք­սան­թի 750, ­Գո­մի­թի­նի 800, Ա­լեք­սանտ­րու­պո­լիս 800, ­Տի­տի­մո­թի­քօ 150, ­Նէա Օ­րէս­թիա­տա 100։
­Յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն, մար­դա­հա­մա­րի ար­դիւն­քը կաս­կա­ծի տակ առ­նո­ւե­ցաւ։ ­Կարգ մը անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք քա­ջա­տե­ղեակ էին հայ­կա­կան շրջան­նե­րուն մէջ տի­րող կա­ցու­թե­նէն, ի­րենց մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին՝ ը­սե­լով թէ, թի­ւե­րը մօ­տա­ւո­րա­պէս պատ­րաս­տո­ւած են, սա­կայն ճշգրիտ չեն։ Ա­նոնց հա­մա­ձայն, ­Տուր­ղու­թիի հա­յու­թեան թի­ւը կը հաս­նէր 6.500, իսկ ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մար­դա­հա­մա­րի թի­ւե­րը 1000ա­կան հո­գիով նո­ւազ էին։ Ե­թէ այս վար­կա­ծը նկա­տի ու­նե­նանք, 1938ին՝ հա­յու­թեան թի­ւը մօտ 31.000 էր։

­Ներ­գաղ­թը

1946ին ծայր ա­ռաւ դէ­պի ­Սո­վե­տա­կան ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թի սփիւռ­քեան ար­շա­ւը։ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, բա­ւա­կան ար­դիւ­նա­բեր քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք մը տա­րո­ւե­ցաւ հա­մո­զե­լու հա­մար ա­ռա­ւե­լա­գոյն թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ ­Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լու նպա­տա­կով։ ­Գաղ­թա­կան­նե­րու ա­ռա­ջին ա­լի­քը, մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք տնտե­սա­կան եւ ըն­կե­րա­յին ա­նա­պա­հով կեանք մը կ­՚ապ­րէին, հա­մո­զո­ւած էին հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան հա­մար։ 1946ին, ­Բի­րէա­յէն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ճամ­բայ ե­լան 1.372 ըն­տա­նիք­ներ (4.974 ան­ձեր), իսկ 1947ին՝ 3.478 ըն­տա­նիք­ներ (13.241 ան­ձեր). Եր­կու տա­րո­ւայ մէջ, 18.215 հա­յեր ­Յու­նաս­տա­նէն տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան ­Հա­յաս­տան։
­Նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, երբ ար­դէն ­Յու­նաս­տան հիւ­ծած էր հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մի եւ ներ­քին կռիւ­նե­րու պատ­ճա­ռով, սկսաւ հա­յե­րու ար­տա­հոս­քը դէ­պի ա­րեւ­մուտք՝ ­Գա­նա­տա եւ Ար­ժան­թին, որ տե­ւեց եր­կար տա­րի­ներ։ Ա­նոնց­մէ շա­տեր ե­րի­տա­սարդ­ներ էին, ո­րոնք ա­պա­հով եւ բա­րե­կե­ցիկ կեան­քի մը ո­րո­նու­մով, նոր վայ­րեր փնտռե­ցին ի­րենց ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար։
1940ա­կան թո­ւա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թեան, ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թը կը հա­շո­ւէր մօտ 9.500 հո­գի։ Ամ­բողջ տաս­նա­մեակ մը ետք, գա­ղու­թը կորսն­ցու­ցած էր իր թի­ւի 2/3ը։
1950ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն, բա­ւա­կան տքնա­ջան աշ­խա­տանք­նե­րէ ետք, յու­նա­հայ հա­մայն­քը կա­րո­ղա­ցաւ կար­գի բե­րել իր կրթա­կան եւ միու­թե­նա­կան պայ­ման­նե­րը, զա­նոնք յար­մա­րեց­նե­լով յա­ռաջ ե­կած նոր տո­ւեալ­նե­րուն։
Եզ­րա­փա­կե­լով, 30 տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին, 1922ի հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան թի­ւին միայն 1/10ը մնա­ցած էր ­Յու­նաս­տա­նի մէջ։

Մայք ­Չի­լին­կի­րեան

«Ազատ օր» շաբաթաթերթ