կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-17 22:17
Սփյուռք

ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ

ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները բողոքի ցոյց կատարեցին Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ

Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը դատապարտելու համար, Յուլիս 17ին, Գանատայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կայացաւ բողոքի ցոյց՝ կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան։

Համաճարակի կանխարգիլման օրէնքներուն պատճառով, ցոյցին մասնակիցներու թիւը սահմանափակուած էր։ Ցուցարարները յարգեցին դիմակներ կրելու եւ հեռաւորութիւն պահպանելու օրէնքները։

«Մի քանի օր առաջ Պաքուի փողոցներուն մէջ «մահ հայերուն» կ՚աղաղակէին. Ահաւասիկ ողջ ենք եւ կը պայքարինք յանուն արդարութեան եւ խաղաղութեան։ ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի եւ ուսանողականի անդամները հայ զինուորի կողքին են», «Հորիզոն»ին յայտնեց ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մանուկ Ալեմեան։

Ցուցացարարները Ատրպէյճանի դեսպանի տեղակալ Ֆուատ Ալիեւին հասցէագրուած նամակ մը յանձնեցին, ուր խստօրէն կը դատապարտուի Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ «Մինչ Հայաստանը կը փորձէ պաշտպանուիլ զինուրական յարձակումներէ, ձեր կառավարութիւնը խախտելով միջազգային օրէնքները՝ թիրախ կը դարձնէ անմեղ քաղաքացինլր և կը սպառնայ յարձակիլ Հայաստանի հիւլէակայանին վրայ: Այս բոլորը յստակ ցուցանիշներ են, որ ձեր կառավարութեան զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարութիւնը մտադրութիւն չունի հակամարտութեան խաղաղ լուծում գտնելու», նշուած է նամակին մէջ:

ՀՅԴ ԳԵՄի եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողականի անդամները Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ցոյցը շարունակեցին Գանատայի խորհրդարանին դիմաց, ուր խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, ըսելով, որ ազգովին հայոց բանակի ու հայրենիքի պաշտպան հայ զինուորին կողքին ենք։