կարևոր
3307 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-28 12:21
Քաղաքական

Կենսունակ Համայնքի Մը Սպասումով

Կենսունակ Համայնքի Մը Սպասումով

7, 8 եւ 9 դեկտեմբեր 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային ընդհանուր ժողովը: Ժողովին կը մասնակցին կաթողիկոսութեան 13 թեմերէն եւ մէկ հոգեւոր հովուութենէ 105 պատգամաւորներ, որոնց մէկ եօթներորդը (15 պատգամաւոր) եկեղեցականներ են, իսկ վեց եօթներորդը (90 պատգամաւոր)` աշխարհականներ: Կեդրոնական վարչութեան կրօնական եւ քաղաքական ժողովներու անդամներու եւ հրաւիրեալներու յաւելումով, Ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն թիւը կը հասնի շուրջ 130-ի: Լիբանանի հայկական համայնքը պիտի հիւրասիրէ այլ համայնքներէ եկող աւելի քան հարիւր տասը եկեղեցական ու աշխարհական ազգայիններ, որոնք դեկտեմբերեան երեք օրերու ընթացքին պիտի քննեն ու արժեւորեն շրջանաւարտ Ազգային կեդրոնական վարչութեան հնգամեայ գործունէութիւնը, օրակարգի նիւթ դարձնեն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու թեմերուն վերաբերող, համայն հայութիւնը շահագրգռող խնդիրներ, տագնապներ ու կացութիւններ, նախանշեն յառաջիկայ քառամեակին կաթողիկոսութեան գործունէութեան գլխաւոր ուղղութիւնները, ապա ընտրեն նոր Կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները:

Եռօրեայ այս կարեւոր ժողովը կը յաջորդէ 13-էն 19 նոյեմբերին Պէյրութի մէջ գումարուած համահայկական բազմաթիւ ժողովներուն եւ հրապարակային ձեռնարկներուն: Արդարեւ, այդ յագեցած շաբթուան ընթացքին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նորընտիր Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր առաջին լիագումար ժողովը, ՀՄԸՄ-ը կայացուց իր վարչութիւններու դիւաններու խորհրդակցական հանդիպումը, ապա Հայ օգնութեան միութեան, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնները գումարեցին համատեղ ժողով մը ու քննեցին հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: ՀՅ Դաշնակցութեան ուղեկից միութիւններու կողքին, գումարուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի լիագումար ժողովը, ապա Դաշնակցական մարմիններու ներկայացուցիչներու զեկուցական,

համակարգման ու գործունէութեան քննարկման ժողովը: Դաշնակցութեան կուսակցական կազմակերպման, զեկուցումներու եւ համադրութեան միտող այս բոլոր ժողովներուն պսակումը հանդիսացաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 132-ամեակի տօնակատարութիւնը, որ տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 18 նոյեմբերի երեկոյեան:

Ժողովական այս բազմերես եռուզեռը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ համախմբեց Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքի գրեթէ բոլոր հայաշատ համայնքներէն բազմատասնեակ ազգային ու կուսակցական գործիչներ, որոնք Պէյրութին վերադարձուցին սփիւռքի անպաշտօն մայրաքաղաքի նախկին շքեղանքը: Լիբանան ժամանած գործիչները, տեսան ու վկայեցին, որ նօսրացած ու տնտեսապէս տկարացած, քաղաքական ու ընկերային տագնապներու մէջ տուայտող հայ համայնքը կենդանի է իր բազմաթիւ կառոյցներով ու կ՛ապրի անդրսահմանային Հայաստանի մը կշռոյթով:

Այս գնահատականը, որ կրկնուեցաւ բազմիցս կազմակերպական ու տօնական բացառիկ շաբթուան ընթացքին, պէտք չէ մեզի մոռցնել տայ գաղութային կեանքի մերօրեայ վիճակը: Ազգային գործունէութեան կեդրոն ճանչցուիլը

անշուշտ մեծ պատիւ է լիբանանահայ համայնքին համար, բայց նաեւ` մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ: Լիբանանէն արտագաղթի պատճառով, խիստ նուազած է մեր թիւը: Լիբանանէն մեկնած են ու կը շարունակեն մեկնիլ ուսեալ երիտասարդները, համալսարանականները, այսինքն անմիջական ապագայի գաղութային ղեկավարութիւնը: Միջին մտաւորականութիւն մը, որ համայնքային կեանքին ողնաշարը կը կազմէր, տակաւ կը նօսրանայ, մեր միութիւններու ու կառոյցներու ղեկավարութիւնները մատնելով անելանելի վիճակներու: Անսխալ կամ պարզապէս մաքուր հայերէնով արտայայտուողները կը նուազին, արուեստագէտները անբաւարար են ու ստեղծագործական աշխատանքը գրեթէ անգոյ: Անտարբերութիւնը շատցած է, մարդիկ անտեղեակ կը մնան ազգային իրողութիւններէ եւ ձեռնարկներէ, որովհետեւ, ո՛չ թերթ կը կարդան, ո՛չ ձայնասփիւռ կը լսեն, ո՛չ իսկ կայքէջներու կը հետեւին:

Տօնական ու բացառիկ առիթներու խուռներամ ներկայութիւնները պէտք չէ խաբեն մեզ: Հաւատքի ու տեսլականի բացակայութիւնը աւեր կը գործէ ու համաշխարհայնացման յառաջացուցած կենսակերպը կը սպառնայ մեզ վերածել ձեւով հայկական, բայց հայեցի դիմագիծը աղօտած անկամ հաւաքականութեան մը:

Լիբանանի մէջ գումարուող համահայկական կամ համասփիւռքեան ժողովները մեզի կը փոխանցեն ստիպողական պատգամ մը: Լիբանանահայութիւնը պէտք է վերադառնայ սփիւռքին մտաւորական ու կազմակերպական մարդուժ տրամադրող կեդրոնի դիրքին: Այս պահանջքը պարտադիր է ու կ՛ենթադրէ համայնքային բոլոր կառոյցներուն աշխատանքի ոճին, թափին ու բովանդակութեան իրապաշտ ու գործնապաշտ վերանայում մը: Այս վերանայումը դժուար է, բայց ոչ անկարելի: Հայ համայնքը նման վերանայման մը իրականացման համար ունի անհրաժեշտ ներուժը. կը մնայ, որ թօթափուի սովորութենական փոշին ու յայտարարուի ամբողջական զօրաշարժ: Ստիպողական վիճակ: Վերականգնումի պայքար պէտք է մղենք, իսկ պայքարի թէժ պահուն, մանրուքները կը մոռցուին, ու հիմնականին համար համախմբում տեղի կ՛ունենայ:

Նման համախմբումի ժամանակը հնչած է արդէն. պէտք է դիմել գործի:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ