Փոխարժեքներ
14 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.17 |
EUR | ⚊ | € 423.33 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.03 |
GBP | ⚊ | £ 505.68 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.05 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց ներքին գործոց նախարար Պասսամ Մաուլաուիի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Բագրատունի նախարար Մաուլաուիին փոխանցեց Լիբանանի հայութեան խոր ընդվզումը Աքքարի Քաուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի նահատակներու» ոգեկոչումը ներկայացնող յուշակոթողի մը բարձրացումին առնչութեամբ` դիտել տալով, որ նման բան անընդունելի է լիբանանցի քաղաքացիներու համար եւ կը հակասէ Լիբանանի պետութեան պաշտօնական դիրքորոշումին` ազրպէյճանական յարձակումին եւ այդ երկրի գործած ոճիրներուն նկատմամբ: Երեսփոխան Բագրատունի բացատրութիւն պահանջեց կատարուածին մասին:
Նախարար Մաուլաուի խոր ընբռնումով պատասխանեց, թէ ո՛չ ներքին գործոց նախարարը եւ ո՛չ ալ Աքքարի նահանգապետը արտօնութիւն տուած են նման յուշակոթողի մը բարձրացման եւ Քաուաշրայի քաղաքապետութիւնը օրէնքը ո՛չ միայն խախտած է, այլ նաեւ վնասած է համակեցութեան սկզբունքին եւ վրդովեցուցած Լիբանանը բաղկացնող կարեւոր տարրերէն մէկը:
Մաուլաուի յանձն առաւ քննութիւն բանալ պատահածին շուրջ եւ հաշուետուութեան հրաւիրել պատասխանատուները:
Բագրատունի դիտել տուաւ, որ Լիբանանի հայութիւնը յարգած է ու կը շարունակէ յարգել Լիբանանի բաղկացուցիչ տարրերը, անկախ անոնց ծագումէն, սակայն չի կրնար հանդուրժել նման վարկաբեկում եւ նենգափոխում: