կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-27 15:56
Հասարակություն

Խմբագրական. Ազգ -Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Ազգ -Բանակ Հայեցակարգի Վերականգնման Հրամայականը (Բանակի Օրուան Առիթով)

Բարոյահոգեբանական առումով ամէնէն բարդ պայմաններուն մէջ կը նշուի Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը։ Արտաքին եւ ներքին, ինչպէս նաեւ առարկայական եւ ենթակայական պատճառներու հանրագումարը յանգեցուց արցախեան հայրենիքի տարածքային ցաւոտ կորուստներու։

Այսօր, դժբախտաբար շրջուած է հայոց բանակի տարածաշրջանի ամէնէն մարտունակ միաւորը ըլլալու համատարած համոզումը։ Միաժամանակ սակայն պէտք է նկատի ունենալ այն հանգամանքը, որ հայկական ուժերը դատապարտուած էին պատերազմելու ո՛չ միայն Պաքուին, այլ նաեւ հիմնականին մէջ Թուրքիոյ դէմ։ Եթէ աւելցնենք նաեւ վարձկանններու ներգրաւումն ու նաւթատոլարներով ապահովուած գերարդիական զինուժը, ապա կը մտածենք գերազանցապէս անհաւասար պատերազմի մը մասին։ Իսկ նման պայմաններու մէջ հայոց բանակին 44-օրեայ պատերազմ մղելը, դիմակայելը վերստին մտածել կու տայ անոր մարտունակ էութեան մասին։ Մանաւանդ որ բազմաթիւ էին ինչպէս ժամկէտայիններու, նոյնպէս ալ պայմանագրայիններու եւ պահեստազօրայիններու սխրանքները։ Մարտունակութեան վրայ չէր, որ ստուեր կը ձգուէր։ Խնդիրները այլ հանգամանքներու կը վերաբերէին։

Փոխուած էր պատերազմի բնոյթը։ Ռազմական դասական ոճը փոխարինուած էր հեռավար համակարգով, անօդաչու սարքերով, ուր մարդկային ուժը եւ մարտունակութիւնը մղուած էին երկրորդ կարգ։ Ռազմավարութիւնները այնպէս կը մշակուէին, որ օդային եւ հակաօդային համակարգերու գերազանցելիութիւնն էր, որ ճամբայ կը բանար դիրքերու եւ տարածքներու վերահսկողութեան։

Փոխուած էր նաեւ վերջին տարիներուն հայոց բանակը ղեկավարած մարդուժի նկատմամբ պետական վարչախումբի մօտեցումը։ Հեղինակազրկման, յանկարծակի պաշտօնազրկումներու, առանց հետաքննական մարմիններու եզրակացութեանց սպասելու, քառօրեայ պատերազմի պատասխանատուներ մեղադրելու պաշտօնական բնոյթ կրող յայտարարութիւնները հարուածած էին բոլորի յարգանքին արժանի հայոց զինեալ ուժերու համակարգը։ Խախտած էին հաստատութենական մօտեցում ունենալու պետական դրութեան յենասիւները։

Քաղաքականացուած մօտեցումով վարկահարուած ստացած Ազգ-բանակ հայեցակարգի գործնականացման փուլերը կ՛առկախուէին։ Հակառակ անոր որ թշնամի պետութիւններու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը պատերազմի վերսկսման ահազանգները կը հնչեցնէին։

Ազգ-բանակի առկախումը կամ նոյնիսկ չեղեալ նկատուիլը, պատերազմի նախաշեմին գտնուելու իրողութեան անտեսումը, զուգահեռ բարձրաձայնուող յոխորտանքները եւ մանաւանդ բանակցութիւններէն հայկական կողմին հրաժարման համազօր պաշտօնական յայտարարութիւն կատարելը, յաչս միջազգային հանրութեան կը հիմնաւորէին Պաքուի սանձազերծումը։

Հիմա արդէն կը խօսուի գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութիւն-պաշտպանութեան նախարարութիւն-բանակի հրամանատարութիւն ուղղահայեցային յարաբերակցութեան ոչ ներդաշնակ աշխատելուն եւ այդ բոլորի հետեւանք պատերազմի ղեկավարման առնչուած ճակատագրական սխալներու մասին։

Ռազմական ոլորտին հետ կապուած իրադարձութիւններու մասին գնահատական տալը ռազմագիտական համապատասխան փորձաքննութիւններու արդիւնք միայն կրնայ ըլլալ։ Տեսականօրէն սակայն մեր երկրի կիսապատերազմական իրավիճակը, թշնամիին ախորժակները, թուրքեւազրպէյճանական միացեալ զինուած ուժերու յաճախակի ռազմափորձերը, թրքական ստորաբաժանումի առկայութիւնը Արցախի սահմանամերձ տարածքներուն վրայ, աւելի՛ն՝ վտանգի յաւելեալ մօտեցումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմաններուն, կը վերաշեշտէ ամբողջ բնակչութեան նման ոտնձգութիւններու պատրաստ ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։

Ազգ-բանակ կառուցակարգի կայացման գործընթացին կրնայ ձեռնարկել նման հայեցակարգի հաւատացող, պարտութիւնները յաղթանակի վերածելու պատրաստ, բանակի հեղինակութեան վերականգնման ձեռնարկող եւ այդ բոլորին զուգահեռ զինուժի 5-րդ սերունդի ձեռքբերումը առաջնային օրակարգի վերածող նոր ձեւաւորուելիք իշխանութիւնը։

aztagdaily.com