կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-21 15:40
Հասարակություն

Շարունակել Բազմակողմ Դիւանագիտութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով). aztagdaily.com

Շարունակել Բազմակողմ Դիւանագիտութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Տօնին Առիթով). aztagdaily.com

Անկախութիւնը գաղափարական եւ իրաւական արժէք է աներկբայօրէն։ Գաղափարական առումով կենսափլիսոփայութիւն է։ Յղացքը դաւանանքային տարողութիւն ունի նոյնիսկ։ Հաւատամք է եւ` մարդու կենարարութեան պայմանային բաղադրիչ։ Մտքով ազատ ու անկախ մարդն է միայն, որ կրնայ ներդրում բերել մարդկութեան զարգացման հոլովոյթին։

Անառարկելիութեան ստորոգելիներ ունեցող այս տեսութիւնը, սակայն, գործնական ընթացքին մէջ նոյն բացարձակութիւնը չ’ունենար։ Յատկապէս քաղաքական ոլորտներու մէջ անկախութիւնը յաճախ իր թէականութիւնը կը զգացնէ, որքան ալ գաղափարական համոզուածութիւնն ու իրաւակարգային կարգավիճակը անկախ ըլլան, այս պարագային` երկրի մը կամ պետութեան մը։

Քաղաքական կեանքի մէջ կան անկախներ եւ աւելի անկախներ. կան կախեալներ, նուազ կախեալներ կամ աւելի կախեալներ, չըսելու համար ոչ անկախներ` իրողապէս։ Բացարձակութեան տեսութիւնը, յատկապէս` քաղաքական հասկացողութիւններով չ’աշխատիր լիարժէք. նոյնիսկ կարելի է արձանագրել, որ ընդհանրապէս չ’աշխատիր։

Մեր երկրի անկախութեան ուղղութեամբ գաղափարական համոզուածութիւնը, կարելի է ըսել, համատարած ընկալում է։ Իրաւականօրէն նաեւ միջազգային ընտանիքի ճանաչումով Հայաստանի Հանրապետութիւնը համապատասխան կարգավիճակ ունի։

Ինչպէս այլ երկիրներու, մեր երկրին պարագային եւս տնտեսական եւ քաղաքական անկախութիւնը յարաբերական իմաստային երանգներ ունի։ Տարածաշրջանային պայմաններ, գերտէրութիւններու մրցակցութիւններ, ազդեցութեան գօտիներու ստեղծման կամ փոխարինման պայքարներ`իրենց անմիջական հետեւանքները կ’ունենան պետութիւններու իրականացնելիք քաղաքականութեան վրայ։

Պարզ է, որ փակ սահմաններով, սահմանային անվտանգութեան վերահսկողութեան ներկայ դրուածքով, ՀԱՊԿ-ի եւ ԵՏՄ-ի անդամակցութեան իրողութիւններով, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող ոլորտներու մէջ հիւսիսի պետութեան գերակայ ներկայութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութիւնը որոշակի կախեալութեան իրավիճակ կը դիմագրաւէ։

Այդ կախեալութեան մէջ գտնուելով հանդերձ, ԵՄ-ի հետ յատուկ համաձայնագիր կնքելով, համարկման ընթացակարգին մէջ քայլ առ քայլ յառաջանալով, ՆԱԹՕ-ի զօրավաժութիւններուն մասնակցելով , միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններ իրականացնելով, Իրանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ շարունակելով, Ուաշինկթընի հետ զանազան ծրագիրներ իրագործելով` պաշտօնական Երեւանը ահաւասիկ տասնամեակներէ ի վեր կը կիրարկէ փոխլրացուցիչ, բազմակողմ եւ հաւասարակշիռ դիւանագիտութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն։

Կտրուկ շրջադարձերը ծանր հետեւանքներ կրնան ունենալ։ Գրգռիչ յայտարարութիւնները որեւէ առաւել չեն բերեր երկրին, մանաւանդ երբ միջոցները կը պակսին այլընտրանքային շառաւիղներու (վեկտորներու) անցում կատարելու։ Քաղաքականութիւնը ի վերջոյ ո՛չ միայն կարելիին արուեստն է, այլ նաեւ` իւրաքանչիւր քայլին ունենալիք հետեւանքներու ծանրակշռութիւնը չափելու կանխատեսման հմտութեան տիրապետելը։

Գերիշխանութեան պահպանման համար, ուրեմն, անհրահեշտ են կշռադատուածութիւնն ու պատասխանատուութեան բարձրագոյն գիտակցութիւնը։ Անկախութեան պահպանման արուեստը կ’ենթադրէ` հմուտ դիւանագիտութիւն, խուսանաւելու առաձգականութեան տիրապետում, նպաստաւոր պահի ընտրութիւն։

Այլապէս, անվերջ գերիշխանութեան բացարձակացման տեսութիւններէն խօսիլը, հայրենիքը գաղութայնացուած յայտարարելը եւ այսօրուան ռազմավարական գլխաւոր գործընկերը գաղութատիրող նկատելը չեն նպաստեր անկախութեան պահպանման։

Պաշտօնական Երեւանը պատճառ չունի փոխլրացուցիչ եւ հաւասարակշիռ ու բազմակողմ դիւանագիտական վարքագիծէն շեղում կատարելու։ Այս վարքագիծը կը նպաստէ ներկայ պայմաններուն մէջ յարաբերական անկախութիւնը պահպանելու ընթացքին։

aztagdaily.com