Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Փետրուարեան ապստամբութեան խորհուրդը 1988-էն ետք կը զուգորդուի Արցախեան շարժումի պարփակած համազգային երեւոյթով: Երկուքն ալ հայ ազգի շարունակականութիւնը ապահովող հերթական փուլեր են` անիրաւութեան, բռնատիրութեան եւ իրաւազրկութեան դէմ: Ապստամբութիւն` խոստմնադրուժ եւ բռնութեան դիմած նորահաստատ ուժերու դէմ, որոնք շատ արագ իշխանութեան ստանձնումով ձեռնարկած էին ազգային ուժերու ճզմումի, հարթեցման եւ հալածանքի քաղաքականութեան:
Այնուհետեւ 70 տարի ետք ապստամբութիւն` հայկական Արցախի հայաթափման ծրագիր իրականացնող, ցեղային զտում կատարող եւ հարթիչ գլանի մեքենաներ բանեցնող ազրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ:
Առաջինը աւարտեցաւ իշխանութեան վերայանձնումով, մինչ երկրորդը` հայապատկան տարածքներու ազատագրումով, Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութեան կերտումով, միացեալ Հայաստանի ուղիին վրայ նոր նուաճում արձանագրելով: Էականը այս բոլորին մէջ սակայն, անկախ աւարտներէն, ապստամբական ոգիի պահպանումն էր:
Ապստամբութիւն հասկացողութիւնը ի հարկէ պարտադիր բռնամիջոց կ՛ենթադրէ օտար բռնագրաւողին, հայ ժողովուրդի իրաւունքները բռնի վերցնողին, հայութեան դէմ ջարդարարութեան դիմողին դէմ:
Ապստամբական տրամադրութիւններ կը ծաւալին նաեւ սեփական երկրի իշխանութիւններուն դէմ. անոնք տեղի կուտան քաղաքացիական շարժումներու, բողոքի գործողութիւններու, ցոյցերու, ճանապարհներու փակումներու, հանրահաւաքներու, գործադուլներու, դասադուլներու, հանրապետութիւնը ներպետական եւ ներհասարակական մակարդակներու վրայ անդամալուծելու: Այս պարագային կան կարմիր գիծեր, օրէնքի սահմաններ, բռնութեան չդիմելու զսպագործօններ:
Էականը ոգին է: Անտարբերութեան չմատնուիլը, պարտուողականութիւնը չընդունիլը, հակառակորդի պարտադրանքներուն ենթարկուողին դէմ ծառանալը, «ոչ» ըսելը եւ մանաւանդ այս բոլորը զանգուածային տեսքով առարկայացնելը:
Աւանդական ոգին, փետրուարեան խորհուրդով վերստին սաւառնեցաւ հայրենիքի երկնակամարին վրայ ապրիլեան կայծակնային պատերազմին, այնուհետեւ նաեւ սեպտեմբերեանին: Նոյեմբեր 9-էն ետք բոլոր պատճառները կային, որ յառնէր փետրուարեան ոգին այս անգամ յանձնուողականութեան դէմ, հայրենապատկան տարածքներու կորուստին պատասխանատու իշխանութիւններուն դէմ, այս անգամ համաժողովրդային շարժումի տեսքով, հայրենիքի գերիշխանութեան վերահաստատման նպատակով:
Այդ ոգին ակնկալուած տարողութեամբ չ՛առարկայանար ցարդ, թէ՛ Արցախի, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ: Ազգովին խոր քննարկումներու անհրաժեշտութեան առջեւ կանգնած ենք` բուն պատճառները պեղելու, թէ փետրուարեան ապստամբութեան ոգին ինչո՛ւ չի յաջողիր կլանել զանգուածները, սահմանադրականօրէն եւ օրինական դաշտի սահմանած կանոններով իրագործելու իշխանափոխութիւնը, պատասխանատու իշխանութիւններու անցնցում հեռացումը:
Ոգիի զանգուածային առարկայացումն է, որ կը յաջողի վերստին ճիշդ հուն առաջնորդել մեր համազգային երթը: Իշխանութիւններու հեռացումը միջոց է պարզապէս հայրենիքը փրկելու: Փրկութեան գերխնդիր է դրուած, այնպէս ինչպէս 1921-ի փետրուարին. այնուհետեւ 1988 փետրուարին. իսկ հիմա` 20 փետրուարին:
Փրկելու գիտակցական մօտեցումն է, որ կը յաջողի տարերայնացնել շարժումը, ոտքի հանել զանգուածները, օրինականօրէն հեռացնել իշխանութիւնները եւ քաղաքակրթօրէն ընտրել նորը, ազգայինը, արժանապատիւը:
Փետրուարեան ոգիի առարկայացման պահն է 20 փետրուարը: «Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ»-էն «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը այդ ոգին է, որ կ՛երաշխաւորէ հայ ազգի շարունակականութիւնը:
aztagdaily.com