կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-01 11:30
Հասարակություն

Խմբագրական. Աշխատաւորներու Օրուան Քաղաքական Հոլովոյթը (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Խմբագրական. Աշխատաւորներու Օրուան Քաղաքական Հոլովոյթը (Մայիս 1-ի Տօնին Առիթով)

Ժամանակի ընթացքին տօներ խորհրդանշող թուականները կ՛իմաստափոխուին, լաւագոյն պարագային` խորհուրդը պահելով կ՛այժմէականացուին. բազմաթիւ տօներ կը պարպուին իրենց նշանակութենէն, կ՛այլափոխուին կամ ընդհանրապէս կը դադրին նոյնիսկ նշուելէ:

Մայիս 1-ը, իբրեւ աշխատաւորական տօն, ապրած է հոլովոյթ այս առումով: Աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օր, աշխատաւորական տարբեր սենտիքաներու կողմէ փառատօնային նշում, գաղափարականէն ուղղակի անցում քաղաքականի, համայնավարութեան նոյնացումէն դրամատիրութեան պայքարի կարգախօսներու հրապարակում եւ Պաղ պատերազմի օրերուն խորհրդային քաղաքական ճամբարի գլխաւոր տօն: Մայիս 1-ի նոյնացումը Խորհրդային Միութեան հետ պատճառ դարձած է, որ Միացեալ Նահանգները աշխատաւորի տարբեր օր ճշդեն իրենց տօնացոյցին մէջ:

Խորհուրդը, ըստ ժամանակի եւ ըստ աշխարհագրական միջավայրի, բնականաբար նկատի ունենալով նաեւ քաղաքական երանգները, ստացած է տարբեր ձեւակերպումներ` Աշխատանքի տօն, Աշխատանքի օր, Գարնան եւ աշխատանքի տօն, Աշխատաւորներու համերաշխութեան միջազգային օր, նշելու համար ամէնէն շատ օգտագործուածները:

Այս վերափոխումները սակայն, որքան ալ քաղաքական նկատումներով կատարուին, այսուհանդերձ չեն կրնար շեղել բո՛ւն խորհուրդը, եթէ հասարակութեան, աշխատաւորականութեան մօտ կա՛յ ճիշդ իմաստը ընկալելու գաղափարական գիտակցումը:

Ճիշդ այստեղ է խնդիրը: Աշխատաւորներու օրը ճամբաբաժանի կը վերածուի յաճախ պետութեան եւ հասարակութեան միջեւ: Տարբեր պարագաներու, տուեալ պետութեան քաղաքականութիւնը փորձ կը կատարէ դիմափոխելու տօնը, մինչ հասարակութեան մօտ թափ կը հաւաքէ տուրքերու, աշխատաւորներու իրաւունքներու, թոշակներու, հիւանդանոցային կամ կենցաղային տարրական իրաւունքներու վերաբերեալ պետութեան ճշդած ծառայութիւններու անբաւարարութեան դէմ բողոքի շարժումները: Այս անգամ քաղաքական դիմագիծ կը ստանայ ժողովուրդին մօտ իր էութեամբ շատ յաճախ արդար ակունքներու վրայ սկսած շարժումը:

Հոլովոյթը նման շարժումներու առումով եւս կ՛ապահովէ նոր ձեւակերպումներ: Օրինակ` Լիբանանի մէջ, փաստօրէն Մայիս 1-ի խորհուրդին հետ կը կապուին առ երեւոյթ պետական թալանի, պետական պիւտճէի մսխումին, մարդոց անհատական հաշիւներու սառեցման, հազարաւոր աշխատաւորներու գործէ յանկարծակի արձակման, ապօրինի հարստացման, ազգային դրամանիշի կտրուկ անկումին իբրեւ հետեւանք աշխատավարձերու արժեզրկման եւ սղաճի ահագնացման գործընթացին դէմ ծաւալած շարժումը: Կամ` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ փտածութեան, թալանի, թոշակի անբաւարարութեան, հարստապետական կարգերու, իշխանութիւններու եւ գործարարութեան սերտաճման, սեփականաշնորհման, մենաշնորհումի եւ իրաւազրկումներու երեւոյթներու դէմ զանգուածային ոտքի կանգնելու ժողովրդային դրսեւորումները:

Խնդիրները, հարցերը մայիսմէկեան խորհուրդին հետ կը կապուին: Բայց անոնց փաթեթաւորումին հետ նաեւ բովանդակութիւնը կը քաղաքականացուի: Աշխատաւորները կը դառնան քաղաքացիական աքթիւիստներ, աշխատաւորական սենտիքաները` ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, աշխատաւորներու օրը` քաղաքացիի օր, իսկ աշխատաւորներու իրաւունքներու առաջադրման տարբեր բնոյթի շարժումները` քաղաքացիական անհնազանդութեան գործողութիւններ:

Տօնը, տօնին անունը, խորհուրդի արծարծման եղանակներն ու միջոցները «կ՛արդիականանան»: Մէկ բան կը շարունակէ մնալ անփոփոխ: Աշխատաւոր մարդու իրաւունքներու ոչ լիարժէք յարգումը, երկրագունդի տարածքին անոր շահագործումը եւ անոր հետապնդած դատի արդարացիութիւնը:

aztagdaily.com