Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դաւիթ-բէկեան ուխտերու ծնունդի այս բացառիկ օրը կը ներկայացնենք՝ «Ազատ Սիւնիք» գրքոյկի հրատարակութիւնը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Դաստիարակչական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ։
1920թ. Օգոստոս 25-ին Կապանի Կաւարտ գիւղին մէջ Նժդեհի զինուորները կ՚ուխտեն Դաւիթ Բէկի անունով՝ «հաւատարիմ մնալ հայրենի երկրի ազատութեան, իրենց հրամանատարին Նժդեհին եւ կռուիլ մինչեւ վերջին շունչը»։
Գրքոյկին վերնագիրը ներշնչուած է ինքնավար Սիւնիքի խորհրդարանի կողմէ տպագրուած նոյնավերնագիր հանդէսէն , Գ. Նժդեհի խմբագրութեամբ, հրատարակուած 1921թ. Գորիսի «Սասուն» տպարանին մէջ։
Գրքոյկը Հ.Յ.Դ. Երիտասարդականի «Դէպի Սիւնիք» ռազմավարական ծրագրի ծիրէն ներս աշխատանքներէն մէկն է։ Այստեղ ամփոփուած են Սիւնիքի պատմաաշխարհագրական բնութագրի, Լեռնահայաստանի հերոսամարտի, Գ.Նժդեհի կենսագրութենէն եւ խօսքերէն ինչպէս նաեւ Սիւնիքի ռազմավարական նշանակութեան մասին նիւթեր։
Այս գրքոյկը կը հրամցնենք հանրութեան, որպէս պատգամ թէ Հայրենիքի անվտանգութիւնը կը սկսի անոր գերադասումէն՝ ամէն բանէ վեր ըլլալէն, որպէս նախապայման մեր ազգի գոյատեւման եւ արարումին։
Արցախի շրջափակման աղէտալի այս օրերուն՝ կը հաստատենք որ հնարաւո՛ր է դէմ դնել թշնամիին եւ դաւաճաններուն՝ կառչած մնալով հայրենի հողին եւ ուժի պաշտամունքով։
(ստորեւ գրքոյկի հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները)
Ազատ Սիւնիք
Azat Syunik