Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կան տօներ, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն անպայման: Կիներու միջազգային տօնը եւ ուսուցչաց տօնը նման տօներ են, արժանի` խօսելու, գրելու եւ հանդիսաւոր կերպով նշելու:
Կիներու միջազգային տօնը վաղն է` 8 մարտին, իսկ ուսուցչաց տօնը յաջորդ օրը` երկուշաբթի, 9 մարտին:
Նախ` պէտք է խոստովանիլ, որ տօներու պարագային, կիները տղամարդոցմէ աւելի բախտաւոր են, որովհետեւ ունին մայրերու տօնը` մարտ 21-ին, կիներու միջազգային տօնը` 8 մարտին, Հայաստանի մէջ կայ նաեւ գեղեցկութեան տօնը, որ կը նշուի 7 ապրիլին, եւ այդ պատճառով ալ 8 մարտէն մինչեւ 7 ապրիլ, ամբողջ ամիս մը կը յատկացուի կիներուն: Տակաւին, կին ուսուցիչները ունին նաեւ ուսուցչաց տօնը:
Տղամարդիկ աւելի քիչ տօներ ունին եւ հարց ալ չունին անոր մէջ: Անոնք կը բաւարարուին հայրերու տօնով, որ կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան յունիս 21-ին:
8 մարտի` կիներու միջազգային օրուան առիթով կիներուն պէտք է մաղթել` առողջութիւն, երջանկութիւն, անսահման համբերութիւն, կեանքի տեսակաւոր դժուարութիւնները դիմագրաւելու ուժ, կարողութիւն եւ, անշուշտ, հայ կնոջ կերպարի հաւատարմութիւն:
Կիները տղամարդոց չեն զիջիր կրթութեան, խելացութեան, վարչական կարողութիւններու եւ ղեկավարման հմտութիւններու մէջ:
Մեծ է կնոջ դերը ընտանիք հասկացողութեան մէջ: Միայն իսկական կնոջ կողքին տղամարդը կը դառնայ իսկական տղամարդ:
Մեր պարագային, մեծ է դերը հայ կնոջ` մեր յաղթանակներու կերտումին մէջ: Այս առիթով պէտք է խոնարհիլ մեր նահատակներու մայրերուն, քոյրերուն եւ կիներուն դիմաց եւ բոլորին ըսել` ձեր տօնը շնորհաւոր:
Պէտք է յարգել ու պատուել հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հայ զինուորներու մայրերը` մաղթելով, որ անոնց դէմքերը միայն ուրախութեան արցունքներ տեսնեն:
Շնորհաւորութիւններէ եւ ընթացիկ տօնակատարութիւններէ անդին` կիներու միջազգային տօնը առիթ մը պէտք է ըլլայ նշելու մեր կեանքի զանազան մարզերուն մէջ կիներու արձանագրած յաջողութիւնները, նուաճումներն ու իրագործումները:
Կիներու միջազգային տօնը առիթ մը պէտք է ըլլայ նաեւ անդրադառնալու, թէ ո՛ւր է հայ կնոջ դերն ու դիրքը մեր ընկերութեան մէջ: Որո՞նք են հայ կնոջ դիմագրաւած գլխաւոր հարցերը այսօր: Կ՛արժէ քննել եւ տեսնել, թէ քանի՞ հայ կին այսօր կրթութիւն ստանալու կարելիութիւն չունի: Քանի՞ կին ընտանեկան երջանկութենէ զրկուած է: Քանի՞ն ընտանեկան բռնութեան կ՛ենթարկուի, քանի՞ն ընկերային խտրականութեան զոհ է, եւ, այսպէս, հարցերը շատ են ու բազմազան: Պէտք է խօսիլ, գրել այս բոլորին մասին եւ ջանալ լուծումներ գտնել անոնց:
Կիներու միջազգային տօնին կը յաջորդէ Ուսուցչաց տօնը` 9 մարտին: Ի դէպ, Հայաստանի մէջ Ուսուցչաց տօնը կը նշեն 5 հոկտեմբերին, իսկ դրացի Սուրիոյ մէջ` հայկական վարժարանները Ուսուցչաց տօնը կը տօնեն մարտ ամսուան երրորդ հինգշաբթին:
Ուսուցչաց տօնը գնահատանքի եւ երախտիքի տօն է կրթութեան եւ դաստիարակութեան գործին նուիրեալ մարդոց:
Ամէն մարդ չի կրնար ուսուցիչ ըլլալ, եւ ուսուցիչ մնալ, երբ գիտակից պատասխանատուութեամբ կը մօտենայ անոր: Ուսուցչութիւնը կոչումի եւ խառնուածքի հարց է: Սովորական գործ մը չէ, պաշտօն է, առաքելութիւն է: Շատեր կը փորձեն եւ յետոյ կը հրաժարին: Ուրիշներ սկիզբէն հեռու կը մնան ուսուցչական ասպարէզէն:
Դպրոցական միջավայրին, դպրոցական կրթութեան եւ դաստիարակութեան շունչ տուողը ուսուցիչն է:
Աշակերտին մտածելու, դատելու կարողութիւնը զարգացնողը, մտային եւ հոգեկան պաշարը հարստացնողը ուսուցիչն է:
Աշակերտին օրինակն ու տիպարը ուսուցիչն է:
Մեր զաւակներուն երկրորդ ծնողը ուսուցիչն է:
Այս բոլորը գիտնալով հանդերձ, կը նկատենք սակայն, որ օրէ օր կը նուազին մեր ակնկալութիւնները բաւարարող նման ուսուցիչները: Շատերու համար ուսուցչութիւնը դադրած է այլեւս գրաւչութիւն ներկայացնող ասպարէզ մը ըլլալէ:
Մեր իրականութեան մէջ չէ պատահած, որ այսքան համալսարանաւարտ ունենանք, ու նաեւ չէ պատահած, որ հայ ուսուցիչի այսքան լուրջ տագնապ ունենանք: Հարցը չի վերաբերիր միայն հայագիտական նիւթեր դասաւանդողներու, այլ` ընդհանրապէս հայ ուսուցիչներու, որոնք կը դասաւանդեն զանազան նիւթեր` օտար լեզուներ, գիտութիւններ թէ այլ:
Հայ ուսուցիչը պիտի գայ ուսուցչանոցներէ եւ հայագիտական հիմնարկներէ: Ուսուցչանոց չունինք եւ ընդհանրապէս չենք ունեցած: Ունինք «Խաչեր Գալուստեան մանկավարժական կազմաւորումի կեդրոն»-ը` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի ուսուցիչներու պատրաստութեան համար: Հայագիտութիւն կարելի է ուսանիլ Հայկազեան համալսարանին մէջ: Կայ նաեւ Համազգայինի ծրագիրը` գործակցաբար Հայկազեան համալսարանին եւ Երեւանի պետական համալսարանին: Բայց արդեօք յիշեալները կը բաւարարե՞ն գաղութին պահանջները: Պատասխանը կրնան տալ մեր կրթական պատասխանատուները:
Ուրիշներու համար ուսուցիչը մտքի մշակ է: Սերունդներու պատրաստութեան լծուած մարդ է: Մեզի համար ուսուցիչը այդ բոլորն է եւ քիչ մըն ալ աւելին:
Եթէ սերունդներու մօտ բարոյական արժէքներու խախտում կայ, մեր մօտ ակնարկները առաջին հերթին կ՛ուղղուին բարոյական մեր մեծութիւններուն` ուսուցիչներուն:
Եթէ մեր մէջ հայկականութեան նահանջ կայ, առաջին պատասխանատուները կը նկատուին հայ հոգիի իրաւ մշակները` ուսուցիչները:
Եթէ մեր մշակոյթը թուլութեան նշաններ ցոյց կու տայ, մարդիկ կը դիմեն գիրի եւ գոյնի առաքեալներուն, երգի ու գաղափարի նուիրեալներուն` հայ ուսուցիչներուն:
Եթէ ազգային մեր պահանջատիրութեան ամրապնդման հարց կայ, հասցէն դարձեալ ուսուցիչներն են:
Հայ կեանքը իր դիմագիծն ու ամրութիւնը կը պարտի հայ ուսուցիչին, որուն նուիրուած տօնը վեր է ամէն նկատառումէ:
Այսօր, ուսուցչաց տօնէն երկու օր առաջ, յարգանքով, յուզումով եւ երախտապարտութեամբ կը յիշենք լիբանանահայ աննման ուսուցիչները, արժանաւորնե՛րը, որոնք անցնող կէս դարուն ձեւ ու կերպարանք տուին մեր կեանքին, ոգի եւ ապրում` յաջորդական սերունդներու: Այդ ուսուցիչները շուք ունէին, մէկական հեղինակութիւններ էին, որոնք իրենց վարքով ու բարքով յարգանք կը պարտադրէին մեծին ու փոքրին, հեռուին ու մօտիկին: Կը բաւէր, որ տեղէ մը անցնէին եւ արդէն աշակերտ թէ ծնողք կը կոճկուէին, նստուածք կը շտկէին եւ կամ ակնածանքով ոտքի կը կանգնէին: Ո՜վ կը համարձակէր զանոնք անտեսել:
Անոնցմէ շատերը անդարձ մեկնած են արդէն այս աշխարհէն, մինչ ուրիշներ կ՛ապրին իրենց նախկին աշակերտներու յաջողութիւններուն հոգեկան բերկրանքով: Այս գրութեամբ պիտի ուզենք յիշել կարգ մը անուններ, յուսալով որ մոռացութիւնը չի դաւաճաներ մեզ: Իսկ եթէ անուններ մոռնանք, կանխաւ կը խնդրենք ենթականերու կամ անոնց հարազատներուն ներողամտութիւնը:
Լիբանանահայ կրթական ասպարէզի վաւերական անուններէն, մականուններու այբուբենական կարգով, կը յիշենք հետեւեալները.-
Անմահունի-Էօլմէսէքեան Արշալոյս, Ատալեան Թագուհի, Ազնաւուրեան Սրբուկ, Անանեան Արշալոյս, Անթոյեան Վարդուկ, Անթոյեան Մարալ, Այվազեան Սուրէն, Աշճեան Մարի, Առաքելեան Կարօ, Արթինեան Պերճուհի, Աղասարգիսեան Հռիփսիմէ, Այնթապլեան Մարիամ, Այնթապլեան Մովսէս, Աբգարեան Երանուհի, Աճէմեան Եոլանտ:
Բագրատունի Յակոբ, Գազանճեան Ալիս, Գազանճեան Ռոզին, Գանտահարեան Գէորգ, Գանտահարեան Մարի, Գալուստեան Ժոզէֆ, Գալուստեան Պեռնատէթ, Գալֆայեան Անի, Գալֆայեան Սիլվա, Գարապոյաճեան Աստղիկ, Գալայճեան Սերոբ, Գանգրունի Հրանդ, Դանիէլեան Ժիրայր:
Եագուպեան Շաքէ, Երամեան Անահիտ, Էթիէմէզեան Գեղանի, Թորգոմեան Սոնա, Թիւթիւնճեան Վազգէն, Թոփճեան Արա, Թապագեան Սոնա, Ժամկոչեան Յակոբ, Խաչատուրեան Մաքրուհի, Խաչերեան Մակի, Կէպէնլեան Գոհար, Կուժունի-Ճէրէճեան Անժէլ, Կիտուրեան Ազնիւ, Կիրակոսեան Վիքթորիա:
Ճանճանեան Անժել, Ճինպաշեան Տիգրան, Ճինպաշեան Տիգրանուհի, Մելքոնեան Էլօ, Մինասեան Արփի, Միքայէլեան Գէորգ, Մախուլեան Հայկուհի, Մուրատեան Յասմիկ, Մսըրլեան Զաւէն, Յովհաննէսեան Կարօ, Յովհաննէսեան Վրէժուհի, Նաճարեան Սոնա, Նաճարեան Յասմիկ, Նահապետեան Լեւոն, Նաշեան Սոնա, Նգրուրեան Գրիգոր:
Շահինեան Գրիգոր, Ունճեան Մաքրուհի, Ուրֆալեան Անդրանիկ, Ուրֆալեան Հենրի, Ուրֆալեան Անի, Չոլաքեան Շաքէ, Չպուքճեան Տիրանուհի, Պարմաքսըզեան Պերճ, Պոշնագեան Զարուհի, Պալեան Օլիվիա, Պոյաճեան Սամուէլ, Պուպուշեան Յակոբ, Պերթիզլեան Յովիկ, Պոզոյեան Անդրանիկ, Պոյաճեան Ժորժէթ, Պոյաճեան Մանուշակ, Պոյաճեան Սեդա, Ռաստկէլէնեան Ճորճիկ:
Սնապեան Պօղոս, Սէֆէրեան Սարգիս, Սաաթճեան Լէոնի, Սիմոնեան Պէպօ, Սէթեան Անահիտ, Սէֆէրեան Տիգրան, Վայէճեան Նուէր, Վարդան Լեւոն, Վահեան Վահէ, Տասնապետեան Հրաչ, Տեմիրճեան Երուանդ, Տէր Խաչատուրեան Արտաշէս, Տէր Խաչատուրեան Արշակուհի, Տէր Յովհաննէսեան Գէորգ, Տէր Յարութիւնեան Կատար, Տէր Յարութիւնեան Յովհաննէս:
Փամպուքեան Երուանդ, Փափազեան Մինաս, Քիւսպէքեան Մովսէս, Քերովբեան Արուսեակ, Քէնտիրճեան Եփրեմ, Քէնտիրճեան Վեհանոյշ, Քէշիշեան Եփրեմ, Քէհեայեան Անթուան, Քէհէեան քոյր Սեսիլ, Քէշիշեան Հայր Սահակ վրդ., Քէշիշեան Հանրիեթ, Քիլեճեան Կիրակոս, Քիւրտեան Ռոպեր, Ֆուճուրեան Քնար:
Ահաւասիկ, հոյլ մը ուսուցիչներ, որոնք իրենց կեանքը նուիրաբերեցին սերունդներու կազմաւորման եւ դաստիարակութեան վեհ գործին: Դէմքեր, որոնք իրենց մտքով ու շունչով հայ դպրոցը վերածեցին փոքրիկ Հայաստանի` իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելով լիբանանահայութեան ծաղկումին եւ բարգաւաճումին:
Անշուշտ մեր յիշած անուններուն փաղանգը միակը չէ: Մեր թուարկումը կատարեցինք` ապաւինելով մեր անձնական յիշողութեան եւ պրպտումին: Ընթերցողներ եթէ այլ անուններ ունին, կրնան աւելցնել: Անուանացանկը կը մնայ բաց` յուսալով, որ օրին մէկը կը գտնուի պատմագիր մը կամ բանասէր մը, որ լիբանանահայ կրթական մարզին պատմութիւնը գրած ժամանակ կը յիշէ բոլոր անունները եւ արժանի յարգանքը կը մատուցէ անոնց, որոնք ուսուցչական ծառայութեան ճամբով ծառայեցին հայութեան եւ մարդկութեան:
Հետեւաբար այս քանի մը տողերը թող խունկ ու մոմ ըլլան մեզմէ յաւէտ բաժնուածներու յիշատակին, իսկ շնորհակալութեան եւ շնորհաւորութեան փունջ մը ծաղիկ` մեզի հետ եղողներուն եւ պատնէշի վրայ գտնուողներուն:
Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Ազդակ