կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2021-12-19 13:27
Քաղաքական

Խմբագրական. Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին. Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Խմբագրական. Ցիւրիխ 2-ի Նախաշեմին. Անկախութեան Հռչակագիրին 2-րդ, 4-րդ Տողերն ու 11-րդ Կէտը

Միացեալ Նահանգներն ու Ռուսիոյ դաշնութիւնը ողջունեցին Անգարա-Երեւան երկխօսութեան գործընթացի մեկնարկի մասին յայտարարութիւնները: Գործընթացը ազդարարեց Անգարան, պաշտօնապէս յայտարարելով նաեւ իր որոշած պատուիրակին տուեալները:

Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարներու հանդիպման զուգահեռ: Երեւան-Պաքու ուղղութեան վրայ սկսած ուղղակի բանակցութիւններուն առընթեր Երեւան-Անգարա ուղղութեան վրայ մեկնարկելիք երկխօսութեան մասին պաշտօնական հրապարակումները նշանակութիւն ունին անշուշտ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելի առաջ ալ կ՛անցնի եւ կը նախանշէ Հայաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան բացման մասին: Աւելցնելով` Պաքուի հետ խորհրդակցելէ ետք: Այս ածանցումը ուղենշային է եւ անուղղակիօրէն կը յուշէ նախապայմանային քաղաքականութեան մասին:

Անգարան առայժմ չի խօսիր իր նախապայմաններուն մասին: Բայց թէ՛ պրիւքսելեան հանդիպումներուն առընթեր յայտարարութիւն կատարել եւ թէ՛ աւելի պարզ ձեւով դեսպանատան բացումը զուգակցել Պաքուի հետ խորհրդակցութեան` յստակօրէն կը նշեն հարցերու փոխկապակցուածութեան մասին:

Դասական 3 գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը Արցախէն հայկական զօրքերու հեռացումն էր: Վերափոխուած է այս պայմանը: Թէ՛ Պաքուն եւ թէ՛ Անգարան կը խօսին Արցախի հարցին անցեալի պատկանելուն մասին: Հիմա միջանցքային տրամաբանութիւնը համատեղօրէն եւ համակարգուած ձեւով կ՛արծարծուի Անգարայի եւ Պաքուի կողմէ:

Անկախ այն իրողութենէն, որ պահանջուած միջանցքը կամ ճանապարհը արտատարածքայի՞ն կ՛ըլլայ, թէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան տակ կը մնայ, առաջադրանքը Նախիջեւանի ցամաքային կամրջումն է Ազրպէյճանին: Անգարայի համար` Թուրքիոյ միացումը Ազրպէյճանին եւ այդ ճամբով թուրանական պետութիւններուն: Դասական նախապայմանը վերափոխուած է եւ այժմէական տեսք ստացած: Իսկ երբ կ՛ըսուի, որ թրքական դեսպանատան բացումի որոշումը պէտք է համաձայնեցնել Ազրպէյճանի հետ, պարզապէս այդ միացեալ առաջադրանքի իրականացման երաշխիքն է, որ կ՛ակնկալուի: Այս նախապայմանի երկաթուղային բաժինին շուրջ ըստ պաշտօնական յայտարարութեան համաձայնութիւն կայացած է արդէն: Հայկական կողմը երկաթուղին կը մեկնաբանէ դէպի Ռուսիա եւ Իրան կապուելով, իսկ ազրպէյճանականը` Նախիջեւանին կապուելով: Ի վերջոյ դեսպանատան բացումը դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում կ՛ենթադրէ. իսկ այդ բնականոնացումը այս յայտարարութեամբ կը պայմանականացուի զանգեզուրեան ճանապարհով:

Գուցէ հիմա պաշտօնապէս չի դրուիր, այնուամենայնիւ յստակօրէն գոյութիւն ունի Ցեղասպանութեան պահանջը արտաքին քաղաքականութենէն դուրս բերելու պայմանային պահանջը: Անգարայի ճշդած պատուիրակի դիւանագիտական ասպարէզը կը յատկանշուի Ցեղասպանութեան ժխտումի աշխուժ գործունէութեամբ: Այս կերպարի գործուղումը բանակցային դաշտ պարզապէս կը յուշէ, որ այդ նախապայմանը պիտի գայ բանակցային սեղան ամէն առիթի: Բանակցութիւնները կրնան ժամանակ ենթադրել. մինչ այդ իրականացուած կ՛ըլլայ առաջին նախապայմանը` Նախիջեւանի կամրջումը Ազրպէյճանին:

Հայկական կողմը ունի սահմանադրական պատնէշներ Ցիւրիխ 2-ի վերափոխուած նախապայմաններուն չընդառաջելու:

Նախ ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն առիթով Սահմանադրական դատարանի կայացուցած որոշումը յստակօրէն կ՛արձանագրէր, որ այդ արձանագրութիւններուն դրոյթները Հայաստանի Հանրապետութեան օրինաստեղծ եւ իրաւակիրառական գործունէութեան մէջ, ինչպէս նաեւ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ չեն կրնար մեկնաբանուիլ եւ կիրարկուիլ այնպէս որ հակասեն Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան նախաբանի դրոյթներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան հռչակագիրի 11-րդ կէտի պահանջներուն:

Այս որոշումը այժմէական հնչեղութիւն ունի ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ իրաւական տեսակէտէն: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան յղում կատարած Անկախութեան հռչակագիրի 2-րդ տողը կ՛արձանագրէ`

«Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդը`

Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովրդի ճակատագրի առջեւ համայն հայութեան իղձերի իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործում»,

Իսկ Սահմանադրութեան 11-րդ կէտը`

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին»,

Անկախութեան հռչակագիրը սակայն այլ տող ունի, այս անգամ արցախեան ուղղութեամբ որեւէ նոր համաձայնագիր ստորագրելէ առաջ նկատի ունենալու: Այսպէս. հռչակագրի 4-րդ տողը կ՛արձանագրէ.

«Կենսագործելով ազգերի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհրդի համատեղ որոշման վրայ»:

Սահմանադրական այս իրաւադրոյթին հիման վրայ Երեւանը չի կրնար ստորագրել խաղաղութեան որեւէ համաձայնագիր, որ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ կը ճանչնայ Արցախը: Հռչակագիրը, ուրեմն, կարմիր գիծեր կը սահմանէ նաեւ Արցախի ուղղութեամբ:

Հայկական կողմի բանագնացը պարտաւոր է շարժիլ Սահմանադրութեան ճշդած այս իրաւադրոյթներուն ընդառաջ: Այլապէս, պայմանագիրներու վաւերացման ընթացակարգը կը պարտաւորեցնէ նկատի ունենալ իրաւապայմանագրային որեւէ փաստաթուղթի սահմանադրականութիւնը: Իսկ հակասահմանադրական փաստաթուղթ ստորագրելը արդէն այլ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ:

aztagdaily.com