կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-27 14:38
Հասարակություն

Արցախի Պաշտօնական Պատուիրակութեան Հանդիպումը Լիբանանահայութեան Հետ. «Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի Գոյատեւումը Անկարելի Է»

Արցախի Պաշտօնական Պատուիրակութեան Հանդիպումը Լիբանանահայութեան Հետ. «Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Արցախի Գոյատեւումը Անկարելի Է»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին եւ ներկայութեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, չորեքշաբթի, 25 մայիս 2022-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախը այսօր» խորագիրով ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկօրեայ այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան, Արցախի արտաքին գործերու փոխնախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Լատոյեան, որ նախ եւ առաջ ներկաներէն խնդրեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգել Արցախի երեք պատերազմներուն զոհուած բոլոր հերոսներուն յիշատակը` հաստատելով, որ բոլորս վճռակամ ենք, որ Եռաբլուրը պիտի չվերածենք Ծիծեռնակաբերդի, այլ զայն պիտի դարձնենք նոր Սարդարապատ:

Լատոյեան նշեց, որ սփիւռքի սիրտը նկատուող լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր ունեցած տարբեր տագնապներուն, անցնող տասնամեակներուն միշտ մասնակից դարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի ազատագրութեան, բարգաւաճման, հզօրացման եւ գոյատեւման բոլոր պայքարներուն:

Լատոյեան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ ալ իր լաւագոյնը տուած է Հայաստանին ու Արցախին եւ կրկին իր պատրաստակամութիւնը կը յայտնէ ի գին ամէն ինչի մնալու Արցախի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին կողքին` շեշտելով, որ Արցախի ժողովուրդն է, որ կ՛որոշէ իր ճակատագիրը:

Ան նշեց, որ 44-օրեայ պատերազմը արմատապէս փոխեց Հարաւային Կովկասի ամբողջ վիճակը. Ազրպէյճանի դիրքերը զօրացան, Հայաստանի դիրքերը տկարացան եւ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը շրջանին մէջ զգալիօրէն աճեցաւ: Լատոյեան անհրաժեշտ նկատեց միջազգային մակարդակի վրայ Հայաստանի դիրքի եւ կարեւորութեան հզօրացումը, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Արցախի կարգավիճակին խնդիրը:

Իր խօսքի աւարտին Լատոյեան միասնակամութեան եւ զգօնութեան կոչ ուղղեց:

Ապա խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, որ յայտնեց, թէ խորապէս տպաւորուած է Լիբանանով, Այնճարով եւ լիբանանահայութեամբ:

Ան հաստատեց, որ հայ ազգը թշնամիին առջեւ պիտի չխոնարհի եւ պիտի շարունակէ պայքարիլ: Ըստ Թովմասեանի, Արցախի իշխանութիւնները, ընդդիմութիւնը եւ ժողովուրդը տէր են 2 սեպտեմբեր 1991-ի Արցախի Հանրապետութեան հռչակումին, 10 դեկտեմբեր 1991-ի հանրաքուէի արդիւնքներուն եւ 6 յունուար 1992-ի անկախութեան հռչակագիրին: Թովմասեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը այժմ ամուր կանգնած է եւ կը շէնացնէ իրեն մնացած հողերը: Ան բացատրեց, որ ներկայիս կան մօտաւորապէս 40.000 բռնի տեղահանուածներ, եւ աշխատանք կը կատարուի, որպէսզի այս տարի 1000 բնակարան յանձնուի զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն եւ տեղահանուածներուն:

Արթուր Թովմասեան անդրադարձաւ նաեւ արցախեան պատերազմներուն լիբանանահայերուն մասնակցութեան:

Ըստ Թովմասեանի, 27 սեպտեմբեր 2020-ին, երբ պատերազմը սկսաւ, առաջին հայեացքէն կարծուեցաւ, թէ ատիկա ազրպէյճանական-ղարաբաղեան պատերազմ է, սակայն շուտով ի յայտ եկաւ, որ Թուրքիան ալ մասնակից է, որուն հաշիւը բնաւ չէր կատարուած: Ան շեշտեց, որ Արցախի բանակը եւ արցախահայութիւնը չեն պարտուած Ազրպէյճանէն, քանի որ իրենց կողքին ունին Հայաստանը եւ հզօր սփիւռքը:

Թովմասեան ընդգծեց, որ Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութեան պարագային նորանոր յաղթանակներ կարելի պիտի ըլլայ արձանագրել:

Թովմասեան յայտնեց, որ Արցախի խորհրդարանը 44-օրեայ պատերազմին իր կարելին ըրաւ: Ան նաեւ նշեց, որ Արցախի նախագահը, խորհրդարանը եւ խորհրդարանական տարբեր խմբակցութիւնները վերջերս յաճախ միացեալ յայտարարութիւններ կը կատարեն, երբ բացասական յայտարարութիւններ կը կատարուին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ: Ան շեշտեց, որ անկարելի է, որ Արցախը գոյատեւէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին Թովմասեան յայտնեց, որ այնքան ատեն որ մէկ արցախցի ողջ է, այնքան ատեն որ մէկ փամփուշտ կայ, Արցախը պիտի չպարտուի:

Ապա խօսք առաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիեան: Ան յայտնեց, որ Արցախը այժմ կը դիմագրաւէ 3 մարտահրաւէրներ. առաջին` անվտանգութեան պաշտպանութիւն, երկրորդ` կարգավիճակի հարց, երրորդ` ընկերային հարցեր:

Անդրադառնալով անվտանգութեան հարցին` Մոսիեան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայ վիճակով չի կրնար Արցախի պաշտպանութեան միակ երաշխաւորը ըլլալ, հետեւաբար պէտք է ունենալ եռաստիճան պաշտպանական համակարգ. պաշտպանութեան բանակը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ռուս խաղաղապահ ուժերը: Ան աւելցուց, որ անցեալին այս խնդիրը չկար, եւ այժմ պէտք է ունենալ այս համակարգը, մինչեւ որ կրկին հզօրանայ Արցախի պաշտպանութեան բանակը:

Ինչ կը վերաբերի կարգավիճակի հարցին, Մոսիեան յայտնեց, որ հակառակ Արցախի ունեցած անկախութեան հռչակագիրին եւ հանրաքուէին, Արցախի կարգավիճակի հարցը այսօր խնդրոյ առարկայ է` Հայաստանի ապազգային իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով:

Մոսիեան նշեց, որ 14 ապրիլ 2022-ին, Արցախի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ աղէտալի նկատեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչակազմին կատարած` Արցախի կարգավիճակին վերաբերեալ յայտարարութիւնը: Մոսիեան աւելցուց, որ յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուած է աշխարհասփիւռ հայութեան` կանգնելու Արցախի կողքին, եւ միւս կէտերը ուղղուած էին ռուս խաղաղապահ ուժերուն եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին: Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Արցախի կամ Հայաստանի մէջ որեւէ իշխանութիւն պէտք է իբրեւ ուղենիշ ընդունի այս յայտարարութիւնը:

Անդրադառնալով Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին` Մոսիեան յայտնեց, որ Ազրպէյճան ներկայացուցած է 5 կէտեր, իսկ Հայաստան ներկայացուցած է ոչ մէկ նշանակութիւն ունեցող 6 կէտեր, ուր չի խօսուիր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին մասին, այլ կը խօսուի արցախահայութեան անվտանգութեան եւ այլ իրաւունքներու մասին:

Մոսիեան շեշտեց, որ արցախահայութիւնը ազգային փոքրամասնութիւն մը չէ, որ կը բնակի ուրիշի մը հայրենիքին մէջ եւ կրնայ «էթնիկ» կարգավիճակ ունենալ` նշելով, որ արցախցին կ՛ապրի իր հողին վրայ եւ ունի իր ինքնորոշման իրաւունքը:

Ան Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց հրաժարելու ստորագրելէ որեւէ փաստաթուղթ, որ Արցախը կը ներառէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Մոսիեան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 104-ամեակին` նշելով, որ այժմ մենք կանգնած ենք նոր Սարդարապատի մը առջեւ, որ այս օրերուն փոխարինուած է Երեւանի մէջ գտնուող Ֆրանսայի հրապարակով: Ան ընդգծեց, որ եթէ մօտիկ ապագային Հայաստանի իշխանութիւնները չհեռանան, մենք պիտի կորսնցնենք Արցախը եւ Հայաստանը:

Ըստ Մոսիեանի, Հայաստանի իշխանութիւնները չեն օգտագործեր «Արցախի Հանրապետութիւն» եզրը, այսպիսով Փաշինեան եւ Ալիեւ կը խօսին նոյն լեզուով:

Մոսիեան շեշտեց, որ Արցախի առջեւ գտնուող բազմաթիւ դժուարութիւնները յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է վերականգնել Արցախ-Հայաստան-սփիւռք եռամիասնութիւնը, մինչեւ որ գայ նոր կառավարութիւն, որ մտահոգ է հայրենիքի ճակատագիրով եւ կրնայ տէր կանգնիլ անոր:

Ըստ Մոսիեանի, մեր պատմութեան ընթացքին միշտ ալ եղած են ազգադաւ արարքներ, բայց ան յոյս յայտնեց, որ հայ ազգը շուտով ոտքի կը կանգնի եւ կը վերականգնէ իր ազգային արժանապատուութիւնը: Ան շեշտեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները պէտք է համոզուին, որ ծնրադիր վիճակի մէջ խաղաղութեան չեն հասնիր, այլ` արժանապատուութեամբ:

Ապա Մոսիեան անդրադարձաւ ընկերային բնոյթի հարցերուն` նշելով, որ տեղահանուածներուն համար կ՛ապահովուի աշխատանք եւ բնակարան: Աշխատանքները, սակայն, կ՛ընթանան դանդաղ կերպով, բայց կարելի պիտի ըլլայ արդիւնքներ ունենալ 3-էն 4 տարիէն:


Ապա ելոյթ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Զաւէն վրդ. Նաճարեանի:

Երգչախումբը ներկայացուց 5 երգեր. «Ատանայի ողբը», «Ելէ՛ք հայեր», «Հայորդիք», «Հայեր միացէ՛ք», եւ «Զարթի՛ր Լաօ»:

Սրահի մուտքին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբին պատրաստած` Արցախի բռնագրաւուած պատմամշակութային կոթողներու ցուցահանդէսը:

aztagdaily.com