կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-29 11:05
Քաղաքական

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մար Մըխայէլի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին, որուն մէջ կան «Մինաս Ս. Պուտագեան» սրահ, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի յատուկ սենեակներ:

Բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին վերեւ մեր ազգային դրօշը բարձրացուցած Տիգրան Ծամհուրը այդ վայրկեանին անարգաբար սպաննած ոճրագործները չէին գիտեր, որ ազգային մեծ գործիչին ցանած սերմերը պիտի տային նոր ծիլեր, եւ այդ դրօշին տեղ պիտի ծածանէին նորերը, որոնց պահպանման համար զոհուելու պատրաստակամ եղողներուն թիւը քիչ պիտի չըլլար եւ չէ այսօր: Ան դիտել տուաւ, որ Տիգրան Ծամհուրի անունը կրող այս նորաբաց ակումբին դռները միշտ բաց պիտի ըլլան բոլորին դիմաց եւ որեւէ ատեն` իբրեւ հայորդիներու հարազատ տուն:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կողմէ խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վազգէն Պեքերեճեան, որ դիտել տուաւ, թէ ուրախութեան եւ գոհունակութեան առիթ է ակումբին բացումը, որովհետեւ լիբանանահայութեան ապրած դժուարին պայմաններուն մէջ, քիչ մը տխուր եւ յուսալքութիւն պատճառող օրերուն, կու գայ ըլլալու դրական խայծ մը, յոյս տուող, ապագայի ծրագիրներու իրականացման կայծ ու հաւատք ներշնչող իրադարձութիւն մը: Ան շեշտեց, որ դաշնակցական ակումբին գոյութիւնը բոլոր ժամանակներուն եւ տարբեր պայմաններու մէջ ալ անհրաժեշտութիւն եղած է ժողովուրդին ընդհանրապէս եւ շրջանի բնակիչներուն մասնաւորաբար: «Մեր կեանքին մէջ ակումբը կը նշանակէ ապաւէն, ապահովութիւն, հոգածութիւն, ապաստանարան, ուրախ թէ տխուր առիթներու համախմբման վայր, ազգային, մշակութային թէ այլ բնոյթի ձեռնարկներու ժամադրավայր: Եւ որքա՜ն կարեւոր եղած է եւ տակաւին է ակումբը մեր իրականութեան մէջ, փաստ, որ որեւէ ժամու, հարցի կամ խորհուրդի պարագային ակումբին դուռն է, որ կը թակեն մեր հայորդիները, իսկ մենք սիրով, գոհունակութեամբ եւ հարազատի մօտեցումով կը փորձենք կանգնիլ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին», դիտել տուաւ Վ. Պեքերեճեան: Ան շեշտեց, որ այս օրերուն, երբ մարդիկ իրենց անձնական շահերուն համար դրամ կը մսխեն, քուէներ գնելու արշաւ կը տանին, Դաշնակցութեան ընտանիքը իր բարերարներուն օժանդակութեամբ կը կառուցէ ժողովրդային տուներ, որոնց միակ նպատակն է ծառայել գաղութին, ամրացնել զայն եւ պահպանել մեր ինքնութիւնը:

Ապա Վազգէն Պեքերեճեան անդրադարձաւ Քարանթինա-Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ հայութեան ներկայութեան, ՀՅԴ-ի ակումբներու հաստատման եւ տեղէ-տեղ փոխադրութեան` հասնելով մինչեւ այն շէնքը, որուն մէջ տեղակայուած ակումբին բացումը կը կատարուէր այդ հանդիսութեամբ: Ան դիտել տուաւ, որ այդ ակումբին վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն աւելի քան տարի մը առաջ աւարտած էին, եւ անոր բացումը նախատեսուած էր շատ աւելի կանուխ կատարել, սակայն 4 օգոստոս 2020-ին պատահած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ակումբը եւս վնասուեցաւ, յատկապէս դռները, պատուհաններն ու առաստաղը: Սակայն ակումբին բարերարը` շրջանի կոմիտէի անդամ եղած Մինաս Պուտագեանի զաւակը` Սարգիս Պուտագեան երկրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց արձանագրուած վնասներուն վերականգնումը, վերանորոգութիւնը, որպէսզի այսօր մենք ունենաք անհրաժեշտ բոլոր պայմաններով օժտուած ակումբ մը: Այս առիթով ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Պուտագեանին, կոմիտէութեան ծրագիրներու իրականացման եւ անոր առաքելութեան ընթացքին նեցուկ կանգնողներուն ու Դաշնակցութեան գործին հաւատացողներուն:

ՀՅԴ ԶՈՄ-ին խօսքը ուղղեց Լիլիթ Նալպանտեան, որ ներկայացուց Տիգրան Ծամհուրը` Տիգրան Յակոբ Ամսէեանը, անդրադարձաւ իբրեւ ՀՅԴ-ի գործիչ անոր ծաւալած աշխատանքին: Ան դիտել տուաւ, որ թէեւ Փետրուարեան ապստամբութենէն 101 տարիներ անցած են, սակայն ՀՅԴ-ն յաջողած է իր երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան մէջ վառ պահել յեղափոխաշունչ ոգին, յաջողած է նորանոր սերունդներ դաստիարակել` իրենց անհատական «ես»-երը մէկ կողմ դնելով հաւաքական ճիգերով ազգին ու հայրենիքին ծառայելու սկզբունքով: «Սփիւռքի մէջ, դաշնակցական ընկերներու հաւաքատեղիները, որոնք յաճախ կը կոչուին ակումբներ կամ ժողովրդային տուներ, կը հանդիսանան այն վայրերը, ուր ոեւէ անհատ ինքզինք պահ մը կը զգայ հայրենիքի հողին վրայ. հո՛ն, այցելուները կ՛ապրին հայութեամբ, եւ կը զգան նահատակ տղոց ոգեղէն ներկայութիւնը, որ կ’ամրապնդէ անոնց կամքը, եւ յեղափոխականութիւնը կը դառնայ անոնց կարեւորագոյն նկարագրային գիծերէն մէկը: Անոնք կը սկսին ապրիլ Քրիստափորներու, Ռոստոմներու եւ Ծամհուրներու օրինակով:

Եւ ահաւասիկ, այսօ՛ր, մեզի, երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան, այս ակումբին մէջ սենեակ մը տրամադրելով, կարելիութիւն կը տրուի վայելելու այդ ոգեղէն ներկայութիւնը», ըսաւ Լ. Նալպանտեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ այն նմանութիւնները, որոնք կան Ծամհուրի կենսագրութեան եւ այս օրերուն ընթացք առած «Դիմադրութիւն» շարժման եւ այդ շարժումին հետ առնչուող դէպքերուն միջեւ` նշելով, որ դաշնակցական երիտասարդներ եւ ուսանողներ իրենց անձնականը մէկդի դրած, մղուած են Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ժողովուրդը զօրաշարժի ենթարկելու գործին, անոնք ո՛չ մէկ ճիգ կը խնայեն հայրենիքը պետականակործան իշխանութենէն ձերբազատելու: «Զարթի՛ր Լաօ» կարգախօսը բարձր հնչեցնելով, եւ Ծամհուրի ունեցած նոյն վճռականութեամբ, Հայաստանի ու Արցախի դրօշակները կը պարզեն այ՛նտեղ, ո՛ւր հայ կայ: Ծամհուրի պաշտած նոյն եռագոյնը կը պարզեն Հայաստանի բոլոր քաղաքներուն եւ յատկապէս Երեւանի փողոցներուն մէջ, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր հաստատութիւններուն վրայ», շեշտեց ան:

Իր խօսքը եզրափակելով` Լիլիթ Նալպանտեան հաստատեց, որ` իբրեւ դաշնակցական ուսանողութիւն, ձեռնածալ պիտի չմնան ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն գործած հայակործան ծրագիրներուն դիմաց, եւ պիտի մղուին ազգանպաստ ծրագիրներու մշակման հոլովոյթին` միշտ առաջնորդուելով Տիգրան Ծամհուրներու եւ բազմաթիւ այլ դաշնակցական նուիրեալ ընկերներու օրինակով:

Քրիսթին Սրապոնեանի ասմունքէն ետք իր սրտի խօսքը ուղղեց Սարգիս Պուտագեան, որ անդրադարձաւ դաշնակցական գործիչի թոռնիկ ըլլալու հանգամանքին, զոր ժառանգած է հայրը` Մինաս Պուտագեանը, ընտանեկան դաստիարակութեան ճամբով, նշելով, թէ, իր հայրը թէեւ յաճախ բացակայած է տունէն, սակայն այդ բացակայութիւնը իր երկրորդ տան մէջ ներկայութիւնն էր` «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին, որ փաստօրէն նոյնքան հարազատ տունն էր, որուն հովանիին տակ ամենայն գաղտնապահութեամբ եւ լռութեամբ գործած էր Մինաս Պուտագեան, իսկ անոր կատարած գործունէութեան մասին իրենք` ընտանիքի անդամները լսած են թաղեցիներէն:

«Այդպէս էր այդ սերունդը. սակաւախօս, երբեք անձնական դերակատարութեան մասին չխօսող, բայց նաեւ միշտ ներկայ տագնապներուն, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերէր շրջանի ժողովուրդի ապահովութեան: «Տիգրան Ծամհուր»-ի երդիքին տակ այս սերունդին ներկայութիւնը ապահովութիւն կը ներշնչէր շրջանին: Բոլորը գիտէին, որ երբ որեւէ հարց պատահէր, երբ որեւէ բանի պէտք ունենային, պիտի դիմէին «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէին եւ պատասխանատու ընկերներուն», ըսաւ Սարգիս Պուտագեան: Ան նշեց, որ ժամանակի թաւալումին հետ պայմանները փոխուեցան, շրջանին մէջ հայութեան թիւը նօսրացաւ, սակայն ակումբը միշտ ալ անհրաժեշտութիւն մնաց:

Այս իրողութենէն մեկնած ալ ան դիմած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին, որ շատ կարեւոր նկատելով ակումբի վերաբացման գաղափարը, համաձայնութիւն տուած է եւ անմիջապէս յանձնարարած` սկսիլ գործի: Ան անդրադարձաւ նորոգուած ակումբի բաժանմունքներուն` յատուկ կերպով յիշելով սենեակը Զաւարեան ուսանողական միութեան, որուն նախկին ատենապետը այդ շրջանի կարեւորագոյն դէմքերէն եւ ղեկավարներէն եղած է: «Տիգրան Ծամհուր» կեդրոնին մէջ միշտ ներկայ պիտի ըլլայ Սագօ Սարգիսեանի ոգին, իսկ անոր հաւատացած գաղափարներուն եւ արժէքներուն գործադրութեան կը լծուի անպայման Զաւարեան ուսանողական միութիւնը, որ երիտասարդական աշխուժութիւն պիտի ապահովէ այս կեդրոնին», յայտնեց Պուտագեան` վստահեցնելով, որ այս ակումբը պիտի համախմբէ շրջանի հայութիւնը եւ վերածուի գաղափարական, դաստիարակչական ու բարեսիրական կեդրոնի: Ապա ան յիշեց անունները այն նուիրեալներուն, որոնք ծառայեցին այդ շրջանին` շեշտելով, որ իր ներդրումը այդ արժէքներու պահպանման եւ տարածման համար փոքր նպաստ մըն է` առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն մեզ հայօրէն դաստիարակած «Տիգրան Ծամհուր»-ի իրերայաջորդ սերունդներուն:

Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ յատուկ կարեւորութիւն տուաւ այս ժողովրդային տան բացման ծրագիրին եւ ներկայ եղաւ բացման:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, խօսք առնելով ըսաւ, թէ աւելի քան տարի մը առաջ նոյն վայրը Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի թատերաբեմ էր, շրջանին մէջ արձանագրուեցան հայ զոհեր ու վիրաւորներ, հայորդիներուն բնակարանները կիսաքանդ դարձան կամ ամբողջովին աւերուեցան: Ան աւելցուց, որ հայորդիներուն տուները վերակառուցելէ, վիրաւորներուն ոտքի կանգնելէ եւ նահատակներուն շիրիմներուն առջեւ աղօթելէ ետք, այսօր բացումը կը կատարուի դաշնակցական ակումբին, որովհետեւ դաշնակցական մարդը ակումբով չէ, որ դաշնակցական է, այլ հոգիով, երդումով, բայց մանաւանդ իր ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութեամբ, անշահախնդրութեամբ եւ զոհաբերութեամբ: «Ակումբները մեզի համար կուսակցական կեդրոններ չեն, եւ ատոր համար մեր ակումբներուն անունները ժողովրդային տուներ կամ հայ տուներ են, որովհետեւ, թէեւ հոն դաշնակցական ընկերներ ժողով կը գումարեն, սակայն անոնք այդ ժողովները կը գումարեն եւ կը համախմբուին ժողովուրդին համար, ուստի ակումբները ժողովուրդին հարազատ տուներն են, ուր որեւէ հայրենակից, ինչ գաղափարի կամ յարանուանութեան ալ պատկանի, նոյնիսկ եթէ մեղանչած ըլլայ Դաշնակցութեան կամ հայութեան դէմ, մնայուն կերպով բաց կը գտնէ ակումբին դռները իր դիմաց: Այս ակումբը բաց պիտի ըլլայ բոլորին դիմաց, անիկա պիտի ըլլայ ճառագայթող ակումբ, այս թաղամասերուն վերականգնման հետ քայլ պահող կեդրոն: Հոս պիտի ծրագրուին այս շրջաններու գոյութեան պահպանման աշխատանքները եւ ի գործ պիտի դրուին անոնք: ԶՈՄ-ի սենեակին նպատակն ալ այն է, որ երիտասարդներու եւ ուսանողներու մնայուն ներկայութիւն ունեցող այդ թաղամասերուն մէջ հայ երիտասարդները եւս ներդրում ունենան այդ շրջանին ու ժողովուրդին ծառայութեան մէջ», ըսաւ Բագրատունի: Ան աւելցուց, որ ժողովուրդն է, որ շէնքին շունչ ու ոգի կու տայ` զայն նկատելով իր տունը, որ մնայուն կերպով բաց դռներով կ՛ընդունի բոլորը:

Երեսփոխան Բագրատունի այս առիթով լուսարձակի տակ առաւ Դաշնակցութեան նկատմամբ հաւատք ունենալու երեւոյթը` առանց երդում տուած ըլլալու, բայց կուսակցութեան անունով երդուելու: «Ունինք համակիրներ, որոնք հպարտութիւն են Դաշնակցութեան, որովհետեւ կուսակցական ըլլալէ առաջ տիպար հայեր են, որոնց համար հայն ու հայկականութիւնը գերադաս է ամէն ինչէ, բայց միաժամանակ կը հաւատան, որ այդ հայութիւնը կ՛ապրի, կը զօրանայ, իր հիմերը կ՛ամրապնդէ Դաշնակցութեամբ», ըսաւ ան` հաստատելով, որ Սարգիս Պուտագեան այդպիսի համակիրներէն է, որոնց ներկայութիւնը մղիչ ուժ է մեզի ու մեր ժողովուրդին: Բագրատունի աւելցուց, որ Ս. Պուտագեան նաեւ յայտարարուած եւ չյայտարարուած զանազան նախաձեռնութիւններու ետին է:

Ան նշեց, որ այս շրջանը պատմութիւն ունի, անիկա թերեւս ամէնէն տառապած շրջաններէն եղած է, սակայն պիտի վերականգնի, կրկին ամրապնդուի` բարերարներու, համակիրներու եւ դաշնակցութեան նուիրեալներու շնորհիւ` շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է ժողովուրդին կողքին եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ըսաւ, թէ ապրիլը կ՛ընդունուի իբրեւ արհաւիրքի, Ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդի մեծագոյն աղէտի ամիս, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ անոր յաջորդեց փառապանծ մայիսը, երբ հայութիւնը ո՛չ միայն վերականգնեցաւ, այլ կերտեց իր պետականութիւնը: Ան այդ վերականգնումի ծրագիրներէն մէկը նկատեց շաբաթներ առաջ Տէր Զօր տրուած այցելութիւնն ու հոն տրուած խոստումը, որ հայութիւնը հաւաքաբար պիտի վերաշինէ այդ վկայարանը` իբրեւ ամէնէն թանկարժէք յուշակոթողը մեր Ցեղասպանութեան, որ կը գտնուի ուղղակի տարագրութեան հիմնական վայրերէն մէկուն մէջ, իսկ երկրորդը` «Տիգրան Ծամհուր» ակումբի բացումը, կրկնակի յարութիւնը, որ «կրկնակի խորհրդանիշն է այն յոյսին ու հաւատքին, որ Լիբանանի մեր ժողովուրդը եւ ընկերները ունին իրենք իրենց նկատմամբ եւ մենք` աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը ունի լիբանանահայութեան նկատմամբ` իբրեւ ճաճանչող սիրտը սփիւռքի, իբրեւ համահայկական բոլոր մեր աշխատանքներուն աջակից այն համայնքը, որ ո՛չ միայն զբաղած է իր կարիքներով, այլ կարողացած է հասնիլ մեր հայրենիքի ու սփիւռքի կարիքներուն»:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սարգիս Պուտագեանին, որ հանդիսացաւ այն մեծ համակիրներէն, որոնք խօսքը վերածեցին գործի, շօշափելի արդիւնքի, մանաւանդ որ ան յամառօրէն հետապնդեց գործը եւ մղեց իրագործման, նաեւ այսպիսով յաւերժացուց իր նուիրեալ հօր` Մինաս Պուտագեանի յիշատակը: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութեան գործը անկարելի է իրականացնել առանց իր համակիրներուն ու բարերարներուն:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուաւ, որ սփիւռքի մէջ միշտ կը հնչէ այն միտքը, որ հայապահպանման առաքելութեան մէջ տան կողքին կարեւորագոյն դեր կը կատարեն եկեղեցի-ակումբ-դպրոց եռամիասնութիւնը: «Դաշնակցութեան համար հիմնական իտէալը գաղափար ու նուիրում է, անունը գաղափար, ամբողջականը նուիրում. այդ երկուքին զուգորդութիւնն է, գաղափարէն ծնած գործն է, որուն իրագործման ու յաջողութեան մէջ մենք կ՛ունենանք մեր մեծագոյն գոհունակութիւնը: Իսկապէս դուք մեծագոյն գոհունակութիւնը պէտք է ապրիք, որ այդ գործէն նմուշ մը ամբողջացած է եւ ձեզի կը ներկայանայ` վերստին յարութիւն տալով «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին», շեշտեց ան:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ այսօր ազգովին դժուար օրեր կ՛ապրինք, սակայն Դաշնակցութեան, անոր հետեւորդներուն եւ համակիրներուն համար անընդունելի է յուսահատիլը, այլ պէտք է գտնել վճռականութիւնն ու ներուժը կրկին ոտքի կանգնելու եւ յարութիւն առնելու: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանի հայութեան ապրած տագնապալի վիճակին մասին` շեշտելով, որ շնորհիւ համակիրներու, նուիրեալներու ներդրումին եւ մասնակցութեան կարելի եղաւ հասնիլ այս գաղութին:

«Վկան եմ ձեր դիմադրականութեան, գործի նկատմամբ հաւատքին, այն յոյսին, որուն ճամբով այս գաղութը որքան ալ հարուածուի, այս համայնքը որքան ալ ունենայ դժուար օրեր, անպայմանօրէն պիտի ծաղկի: Ուրախ եղէք, որ այդ ծաղկումի օրինակներէն մէկուն դիմաց ենք այսօր: Մեզի համար լիբանանահայութիւնը ունի առաջնահերթ դերակատարութիւն համահայկական առումով, մեզի համար ձեր` պատնէշի վրայ ըլլալը, գործին մասնակցիլը կը յիշեցնէ այն յեղափոխական կերպարները, որոնց շունչով մեծցանք մենք», հաստատեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:

Աւարտին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Սարգիս Պուտագեանին` իբրեւ երախտագիտութիւն անոր բարերարութեան:


aztagdaily.com