կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-09-28 17:46
Հասարակություն

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Ազրպէյճանի Դեսպանատան Առջեւ Լիբանանահայ Երիտասարդութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը Բացայայտեցին Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Ոճրագործ Դիմագիծը

Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած 44-օրեայ պատերազմէն տարի մը ետք, երէկ` երկուշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Լիբանանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի խաղաղ ցոյց մը` լիբանանահայ երիտասարդներու եւ ուսանողներու կողմէ:

Ցոյցին ընթացքին դատապարտանքի կարգախօսներ ուղղուեցան Ազրպէյճանի եւ անոր հովանաւոր Թուրքիոյ գործած պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումին դէմ:

Այս առիթով Լարա Գարակէօզեան արաբերէնով արտասանեց հետեւեալ խօսքը. «Ի՞նչ օգուտ ունին միջազգային օրէնքներն ու համաձայնութիւնները, երբ ազատութեան մէջ է հրէշ մը կամ ոճրագործի մը խրտուիլակը, որ ամէն անգամ կը խուսափի միջազգային պատիժէն:

Տարի մը առաջ Արցախ ապրեցաւ արիւնալի պատերազմ մը, որ շղթայազերծուեցաւ Ազրպէյճանի կողմէ` Թուրքիոյ զօրակցութեամբ: Այդ պատերազմին ընթացքին ոտնահարուեցաւ մարդկային իրաւունքներու Ժընեւի համաձայնագիրը:

Մնայուն կերպով զգուշացուցինք ազրպէյճանական յարձակումներէն եւ կոչ ուղղեցինք միջազգային ընտանիքին` օրէնքներով եւ համաձայնագիրներով զինուելու, սակայն ըստ երեւոյթին այդ իրաւունքները թուղթին յանձնուած թանաք են միայն:

Պատերազմէն տարի մը անցած է արդէն, եւ այդ տարուան ընթացքին ազրպէյճանական իշխանութիւնները կոպտօրէն խախտած են միջազգային օրէնքները, եւ ոչ ոք կասեցուցած է անոնց ընթացքը: Այս իրականութիւնը մեզ կը վերադարձնէ 20-րդ դար, երբ լուծուեցաւ Ազգերու լիկան` աշխարհի մէջ խաղաղութիւնը իրականացնելու իր դերակատարութեան մէջ արձանագրած թերացումին համար:

Արցախի դէմ վերջին պատերազմին ընթացքին Ազրպէյճան ամէն տեսակի արգիլուած զէնքեր օգտագործեց, ինչպէս` սպիտակ ֆոսֆորի զէնքեր, տարանջատուող ռումբեր, «Պայրաքտար» տիպի թրքական անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումի թիրախ դարձուց քաղաքայիններ եւ գերեվարեց զինուորներ, զորս մինչեւ օրս ազատ չէ արձակած:

Արդեօք միջազգային ընտանիքին համար ուսանելի օրինակ մը չեղա՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, այն իմաստով, որ իւրաքանչիւր ոճիր, որուն համար յանցագործը անպատիժ կը մնայ, նախընթացի պիտի վերածուի եւ նոր ոճրագործներու ծնունդ պիտի տայ: Արդեօք այս ձեւով անտառի օրէնքի ծիրին մէ՞ջ կ՛ապրինք:

Այդ ի՛նչ պետութեան մասին կը խօսինք, երբ կը վկայենք, թէ անոր իշխանութիւնները Թուրքիոյ ձեռքին խաղալիքներ են եւ որուն որոշումը տուողները Թուրքիոյ եւ անոր արիւնարբու նախագահին ծաւալապաշտական փափաքներուն ստրուկներն են:

Ազրպէյճանցի՛ ժողովուրդ, ձեր պետութիւնը որոշած է խրտուիլակի վերածուիլ, եւ այդ պատճառով դուք գերիշխան չէք:

Ձեր պետութիւնը յարձակում սանձազերծած է դրացի երկրի հողերուն վրայ, հետեւաբար ձեր բնակարանները ենթակայ են յարձակումներու:

Ձեր պետութիւնը բռնաբարած է ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքները, հետեւաբար մերկացուցած է ձեզի մարդկային իրաւունքներու խանձարուրէն:

Ձեր պետութիւնը ահաբեկիչ պետութիւն է, որուն պատժուելուն ժամը հնչած է:

Ինչպէ՞ս կ՛ընդունիք ապրիլ երկրի մը մէջ, որուն պետութիւնը պատճառ դարձած է ձեր գերիշխանութեան եւ արժանապատուութեան կորուստին, պարզապէս թուրք փաշան գոհացնելու համար: Ինչպէ՞ս կ՛ընդունիք, որ ձեր պետութեան ղեկավարը ըլլայ խրտուիլակ մը, որ ձեզ կը ներկայացնէ միջազգային ամպիոններէն:

Իսկ դո՛ւն, Ալիե՛ւ, յիշէ՛, որ այդ արիւնարբու փաշան օր մը որոշեց բնաջնջել այս պայքարող ժողովուրդը, եւ ինք դարձաւ պարտուած ոճրագործ մը, որ ամէն օր փախուստ կու տայ իր իսկ պատմութենէն, որ ցարդ կը հալածէ զինք: Այսօր դուն նոյն ցանկին մաս կը կազմես: Պատմութիւնը պիտի անիծէ քեզ` իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր գործած յանցագործ ու դահիճ, եւ իբրեւ արդի պատմութեան մէջ ապրող յետադէմ անհատ:

Արցախի դէմ պատերազմէն տարի մը ետք միջազգային ընտանիքին` ներկայացուած ՄԱԿ-ով, պարտականութիւնն է ստանձնել իր պատասխանատուութիւնները, եւ խիստ պատիժներ որդեգրել յանցագործին ու պատերազմը հրահրողին դէմ:

Մեր գերեվարուած զինուորները ճակատաբաց տուն պիտի վերադառնան ձեր արգելարաններէն: Անոնք բանտարկուած են վախկոտ իշխանութեան մը մօտ: Իշխանութիւն մը, որ չկրցաւ դիմադրել հայ ժողովուրդին պայքարին, եւ այդ իսկ պատճառով գերեվարեց ու զանոնք ամէն տեսակի տանջանքներու ենթարկեց` հայ ժողովուրդին վրայ ճնշում բանեցնելու համար:

Կը մնանք պահանջատէր եւ պայքարը կը շարունակենք մինչեւ բոլոր հողերուն ազատագրումը` թրքական եւ ազրպէյճանական բռնագրաւումէն»: