կարևոր
4765 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-26 16:51
Սփյուռք

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

«Արցախը մե՛րն է», «Մե՛նք ենք Արցախը», «Կեցցէ՛ արցախահայութիւնը» եւ նման կարգախօսներով լիբանանահայութեան բոլոր շերտերը երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի «Արին» կեդրոնի դիմացէն իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնեցին արդէն իսկ 45 օրերէ ի վեր շրջափակման մէջ եղող, կենցաղային, մարդկային, առողջական, ջեռուցման, սնունդի, դեղորայքի եւ բազում դժուարութիւններու դէմ յանդիման կանգնած, սակայն պայքարող եւ իր հողին կառչած արցախահայութեան:

Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած, Ազրպէյճանի կողմէ ծաւալած հայաթափման արշաւին դէմ եւ Արցախի զօրակցող հաւաքին լիբանանահայերը, որոնց կարգին տիրական ներկայութիւն էին աշակերտները, իրենց բարձրացուցած պահանջատիրական պաստառներով, արտասանած ազգային շունչով բաբախող կարգախօսներով հաստատեցին, որ Արցախի հայկականութիւնը անսակարկելի է, արցախահայութիւնը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ անցքի` Բերձորի միջանցքի բացումը հրամայական է, միջազգային ընտանիքը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ Արցախի մէջ ցեղային նոր սպանդի մը առաջքը առնելու` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայ կողքին կը կանգնի Արցախի մէջ զրկանքներով ապրող, սակայն տակաւին իր կորովն ու հաւատքը չկորսնցուցած արցախցիին:

Այս առիթով Պուրճ Համուտի բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները փակած էին իրեն դռները եւ ընդառաջած հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կոչին` մասնակից դառնալու հաւաքին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք ՌԱԿ-ի խօսքը արտասանեց Գրիգոր Մանուկեան, որ նշեց, թէ Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծած, սակայն զայն հայաթափելու մէջ ձախողած թշնամին հիմա կը փորձէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել արցախահայութեան վրայ` զայն իր բնիկ, իսկական տէրերէն պարպելու նպատակով: Ան ըսաւ, որ հայրենիքի սահմաններու անխախտելիութիւնը անսակարկելի ու անզիջելի է: Դիտել տալով, որ Արցախի տագնապը հետզհետէ կը վերածուի մահաբեր ճգնաժամի, Գ. Մանուկեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը տուած է իր հերոսական որոշումը` ամուր պահել իր պետականութիւնը եւ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեամբ, ուստի Արցախը չի կրնար ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Ան շեշտեց, որ Արցախի տագնապը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքին հիման վրայ, երկու չափ, երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարող պետութիւններ, որոնք հիմնեցին Քոսովօ, Հարաւային Սուտան ու Արեւելեան Թիմոր պետութիւնները, կրնան դիւրութեամբ ընդունիլ Արցախի անկախ գոյութիւն ըլլալու իրաւունքը: Գրիգոր Մանուկեան հաստատեց, որ խօսքի փուլը անցած է, պէտք է գործել, որովհետեւ այլապէս ուշ պիտի ըլլայ` նշելով, թէ Ռուսիան` իբրեւ Արցախի ժողովուրդի մեծ բարեկամ, կարեւոր դեր ունի այս ուղղութեամբ:

«Արցախահայութիւնը այսօր կրկին կ՛ապրի կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր փուլ մը: Այս փուլը ան այսօր կ՛ապրի նաեւ մեր փոխարէն, որովհետեւ Արցախը, իբրեւ հող հայրենի, միայն արցախահայունը չէ, այլ նաեւ համայն հայութեանն է, եւ համայն հայութիւնը հոն ունի ո՛չ միայն տիրոջ իրաւունքներ ու բարիքներ, այլ նաեւ` նոյնքան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ: Այսօր ալ, լիբանանահայութիւնը, անցեալին նման, կրկի՛ն պատրաստ է շարունակելու իր պայքարը` յանուն Արցախի ու արցախահայութեան արդար պայքարին», ըսաւ Գ. Մանուկեան եւ շեշտեց, որ այսօր լիբանանահայն ու իւրաքանչիւր հայ պատրաստ ու յանձնառու պիտի մնան Արցախի ու արցախահայութեան կեանքին մէջ իրենց լուման բերելու` այդ ազնիւ ժողովուրդի փրկութեան եւ բարօրութեան համար:

Իր խօսքը եզրափակելով` Գրիգոր Մանուկեան շեշտեց, որ համախմբուած լիբանանահայութիւնը պիտի չընդունի, որ թշնամին շարունակէ իր անմարդկային, հրէշային ծրագիրը, այլ պիտի աղաղակէ աշխարհին խուլ ձեւացող ականջներուն տակ` մինչեւ որ ճեղք մը յառաջանայ այդ լռութեան պատին մէջ, եւ արդարութիւնը յաղթէ:

ՀՅԴ-ի խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ.

Եթէ նայինք աշխարհի քարտէսի մը եւ կեդրոնանանք այն լայնատարած շրջանին վրայ, որ կը գտնուի Միջին Ասիոյ եւ Մարոքի միջեւ, սկսելով` Ղազախստանէն, Ուզպեքիստանէն, Աֆղանիստանէն եւ անցնելով Միջին Արեւելքի երկիրներէն, ու շարունակենք մինչեւ Մարոք եւ Մաւրիտանիա, պիտի գտնենք շուրջ 40 երկիրներ:

Անոնցմէ միայն երկուքը ունին ազգային դրօշներ, որոնք համայնքային, կրօնական կամ ցեղական խորհրդանիշներ չեն կրեր:

Այդ երկիրներն են Լիբանանն ու Հայաստանը:

Բազմաթիւ տասնամեակներէ եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մեր նախահայրերը ձեռնարկած են Լիբանանն ու Հայաստանը վերածելու լոյսի, համերաշխութեան եւ ուրիշին հանդէպ բաց ըլլալու փարոսներու:

Այսօր այս երկու երկիրները շրջապատուած են իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգներով, եւ այդ իրականութիւնը ունի տարբեր պատճառներ:

Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին չարտօնելու, որ այդ երկու երկիրները փլուզուին, որովհետեւ անոնք մարդկային ու քաղաքակրթական պատգամի երկիրներ են:

Եւ եթէ նայինք նոյն քարտէսին, ապա պիտի տեսնենք քաղցկեղային երկու գոյացութիւններ, որոնք յստակ սահմաններ չունին եւ աներեսաբար կը ներթափանցեն մեր շրջանին մէջ: Անոնք են սիոնական գոյացութիւնը, որ արաբական հողերը կը պահէ բռնագրաւուած` երազելով Եփրատէն Նեղոս երկարող Իսրայէլի պետութեան մը մասին:

Իսրայէլեան գոյացութիւնը կը գործակցի Եգիպտոսի թշնամիներուն հետ` Նեղոսի ջուրէն զրկելու համար եգիպտացիները:

Երկրորդ գոյացութիւնը Թուրքիան է, որ բռնագրաւուած կը պահէ քրտական, արաբական, հայկական եւ կիպրական հողեր, սպաննելով անոնց տէրերն ու բնակիչները` երազելով Օսմանեան կայսրութիւնը վերակազմելու մասին:

Թրքական գոյացութիւնը կը մեղսակցի Եփրատի ջուրէն զրկելու համար սուրիացիներն ու իրաքցիները:

Քաղցկեղային այս երկու գոյացութիւնները կը սնանեն իրենց նմանող երրորդ մը, որն է ազրպէյճանական գոյացութիւնը, Կովկասի մէջ:

Այս շինծու պետութիւնը յանկարծ ի յայտ եկաւ 1918-ին, կայսերական Ռուսիոյ փլուզումին հետեւանքով եւ թուրք-խորհրդային համաձայնութեամբ:

Ստեղծուած այս կեղծ երկիրը կը շարունակէ Կովկասի մէջ կատարել այն, ինչ որ Թուրքիա կատարեց Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, երբ ան ցեղասպանութեան ենթարկեց այդ երկու շրջաններու իսկական բնակիչները` հայերը:

1991-ին, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ Հայաստանի ու Արցախի, ինչպէս նաեւ Խորհրդային Միութեան մաս կազմող բոլոր հանրապետութիւններուն անկախութենէն ետք, թաթար աւազակախումբերը, որոնք Ազրպէյճանի բնակիչներն են, յարձակեցան Արցախի Հանրապետութեան վրայ` իրենք զիրենք հռչակելով անոր տէրը, ինչպէս նաեւ փորձեցին ցեղասպանութեան ենթարկել անոր ժողովուրդը, սակայն պարտութեան մատնուեցան` Ղարաբաղի հերոսներուն զոհողութիւններուն դիմաց:

Ազրպէյճանի պարտութենէն ետք ստորագրուեցաւ 1994-ի զինադադարը եւ հաստատուեցաւ Արցախի անկախութիւնը, ու անոր շուրջ զետեղուեցաւ ապահովական գօտի մը, որ սակայն բաւարար չափով լայն չէր:

Այդ թուականէն սկսեալ Ազրպէյճան ո՛չ միայն չմարսեց Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը, այլեւ` մնայուն կերպով առիթներ որոնեց` դաւադրութիւններ կազմակերպելու ու վերստին բռնագրաւելու Արցախը եւ հայաթափելու զայն:

Ազրպէյճանի դաւադիր այս ծրագիրներուն նպաստեցին Պաքուի նաւթատարերն ու կազատարերը, ինչպէս նաեւ անոր նիւթական հսկայական կարելիութիւնները, որոնք դիւրացուցին Ազրպէյճանի կողմէ զէնքի գնումի հսկայական համաձայնագիրներու ստորագրութիւնը, յատկապէս` Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ:

Ազրպէյճանի նիւթական կարելիութիւնները օժանդակեցին նաեւ, որ ան իր դիմագիծը «փայլեցնէ» միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին իր տրամադրած կաշառքներով, որ ինչ ծանօթ է իբրեւ խաւիարի դիւանագիտութիւն:

Ազրպէյճանի աներեսութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ ան Հայաստանի եւ Իրանի հանրապետութիւններէն հողեր պահանջէ, ինչպէս նաեւ զէնք արտադրող ընկերութիւններէն պահանջէ կենդանի փորձարկումներ կատարել հայ զինուորներուն վրայ: Այս պահանջները լուրջի չէին առնուած, մինչեւ որ 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ լայնատարած յարձակումի ձեռնարկեց` վստահելով կռուող օտար վարձականներուն: Զինուորական լայնատարած գործողութիւն մը, որ ճանչցուեցաւ իբրեւ 44-օրեայ պատերազմ եւ որուն աւարտը ողբերգական եղաւ Հայաստանի եւ Արցախի համար:

Պատերազմին պատճառով ապահովական գօտին փշրուեցաւ եւ Արցախի տարածութեան երեք քառորդը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն կարգ մը շրջաններ բռնագրաւուեցան: Արձանագրուեցան աւելի քան 4 հազար հայ նահատակներ, եւ ստորագրուեցաւ 9 նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրը, որուն շրջագիծին մէջ ռուս խաղաղապահ ուժեր տեղակայուեցան շրջանին մէջ:

Ազրպէյճանի շահերը պաշտպանող նոյնիսկ այս համաձայնագիրը յարգանքի չարժանացաւ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ: Ազրպէյճանի իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեցին տասնեակ հայ զինուորներ, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ տակաւին կը մնան գերեվարուած ու կը գտնուին ազրպէյճանական բանտերուն մէջ:

Ազրպէյճանի բանակը տակաւին կը շարունակէ ներթափանցել Հայաստանի մէջ եւ թրքական զօրակցութեամբ կը փորձէ նոր զիջումներ կորզել:

Շահագործելով Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ ներքաշուածութիւնը, Ազրպէյճան ճիգ չի խնայեր բացումը կատարելու թուրանական անցքին, որ Թուրքիան Ազրպէյճանին կը միացնէ` հայկական հողերը օգտագործելով:

Այս նպատակով Ազրպէյճան 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած կը պահէ Արցախն ու հոն ապրող 120.000 արցախցիները:

Արցախի շրջափակումով անկարելի դարձած է արցախցիներուն սննդեղէն, կազ եւ դեղորայք հասցնել:

Ազրպէյճանցիները ահաբեկչական արարքներ կը գործեն նաեւ արցախցի պատանիներու եւ անզէն ժողովուրդին վրայ` ստեղծելով անմարդկային քաոս մը, որ կը յիշեցնէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Ազրպէյճան իր ոճրային այս ընթացքը կը շարունակէ անտեսելով Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ Կեանքի ճամբուն` Բերձորի մէջ անցքի բացումը:

Արդէն իսկ մէկուկէս ամիս է, որ արցախցիները կը հանդուրժեն այս անմարդկային պայմանները:

Այսօրուան մեր հաւաքին նպատակն է դատապարտել Արցախի դէմ գործուած Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ոճրային շրջափակումը եւ հաստատել մեր զօրակցութիւնը Արցախին եւ արցախցիներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն:

Կոչ կ՛ուղղենք Միջազգային ընտանիքին եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն անմիջապէս դիմելու պէտք եղած միջոցառումներուն եւ ստիպելու, որ Ազրպէյճան վերջ տայ ազատ Արցախի անիրաւ շրջափակումին:

Արցախի ապագան անվիճելի է, անոր ապագան անկախութիւնն է ու ազգային ինքնորոշման իրաւունքը: Այս է մեր ուխտը բոլոր նահատակներուն եւ այս սուրբ իրաւունքին համար պայքարած հերոսներուն:

ՍԴՀԿ-ի խօսքը արտասանեց Նարեկ Ղարիպեան, որ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման` իրենք զիրենք «բնապահպաններ» կոչողներու կողմէ, որոնք խորքին մէջ ոչ մէկ կապ ունին բնութեան կամ անոր պահպանութեան հետ, այլ շատ յստակօրէն Պաքուի քաղաքական գործակատարներն են, որոնք 45 օր է փակ կը պահեն Բերձորի միջանցքը` արցախահայութիւնը դնելով նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին դէմ յանդիման:

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին, զոր Ազրպէյճան շղթայազերծեց Թուրքիոյ անմիջական միջամտութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ան ըսաւ, որ հայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, այդ ճակատամարտը կորսնցուց, ունեցաւ տարածքային ու մարդկային կորուստներ, սակայն Էրտողանի վարչակարգը` չբաւարարուելով տարածքային առաւելութեամբ, կը շարունակէ անսահմանափակ աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանին` ճնշելու Հայաստանի եւ բովանդակ հայ ժողովուրդին, փորձելով լուծել իրենց համար քանի մը ռազմավարական հարցեր: Նարեկ Ղարիպեան այդ հարցերը ամփոփեց 3 հիմնական կէտերու մէջ, որոնց առաջինն էր պարտադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Բերձորի միջանցքին դիմաց Հայաստան զիջի Ազրպէյճանին Սիւնիքով անցնող միջանցքը, որ հիմնականօրէն պիտի ծառայէ Թուրքիան կապելու Ազրպէյճանին, ապա Միջին Ասիոյ թրքալեզու պետութիւններուն` այսպիսով իրականացնելու համաթուրանական դարաւոր երազը: Երկրորդ` Թուրքիան պիտի փորձէ ճնշել Հայաստանի եւ հայութեան վրայ, որպէսզի անոնք հրաժարին պահանջատիրական պայքարէն, այսպիսով ձերբազատելով իր նախնիներուն գործած ոճիրի բեռէն ու հետեւանքներէն, իսկ երրորդ` ջլատել Հայաստան-Արցախ-սփիւռք միասնութիւնը` տկարացնելու մեր ժողովուրդի դիմադրութիւնը եւ տիրանալու մեր համազգային կամքին:

Այս բոլորէն մեկնելով` Նարեկ Ղարիպեան դիտել տուաւ, որ այսօր հայութիւնը կը գտնուի ճակատագրական այնպիսի անկիւնադարձի մը վրայ, որ նման է անցեալ դարասկիզբի զարգացումներուն, երբ կրկին հայութիւնը առանձին էր, իսկ թշնամին կը սպառնար ոչնչացնել ամբողջ Հայաստանը:

«Ճիշդ է, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք զօրակցելու եւ գրկելու Արցախի հայութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ մենք` իբրեւ ազնիւ լիբանանցիներ, հաւաքուած ենք մեր քաղաքացիական պարտքը կատարելու լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ եւ զայն պաշտպանելու սիոնաթուրանական դաշինքի վտանգէն», ըսաւ ան` դիտել տալով, որ մենք լիբանանցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ պիտի պաշտպանենք Լիբանանը այս ցեղապաշտ ու ծաւալապաշտ ծրագիրի վտանգներէն:

Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ պահը ներքին նեղ հաշիւներով զբաղելու պահ չէ, այլ առաւելագոյն միասնականութեան, իրարու հանդէպ զիջողութեան, վստահութեան պահն է, որովհետեւ բոլորս նոյն նաւուն վրայ ենք, իսկ եթէ նաւը ընկղմի, բոլորս ծանրօրէն կը տուժենք, իսկ եթէ փրկուի, բոլորս կը յաղթենք: «Այս հաւաքը միասնականութեան համար ուխտի եւ յառաջիկայի յաղթանակներուն սկզբնակէտ թող ըլլայ: Մէկ բռունցք, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայութիւն: Կեցցէ՛ սփիւռք-Հայաստան-Արցախ միասնականութիւնը», եզրափակեց Նարեկ Ղարիպեան:

Ապա Ազգային Միացեալ վարժարանի վարչական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեան կարդաց Հայկական երեսփոխանական պլոքին ջանքերով Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի Բերձորի միջանցքին:

Աւարտին լիբանանահայ խումբ մը երգիչներ մեկնաբանեցին «Հայեր միացէ՛ք» երգն ու «Սարդարապատ» յաղթերգը:

 

Պեքաայի Հայութիւնն Ալ Զօրակցեցաւ Արցախին

Երէկ` չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ճիշդ ժամը 12:00-ին, այն պահուն, երբ Պուրճ Համուտի մէջ լիբանանահայութեան բոլոր հատուածները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին Արցախին եւ կը պահանջէին Բերձորի միջանցքին վերաբացումը, Այնճարի մէջ եւս տեղի ունեցաւ նմանօրինակ զօրակցական հաւաք:

Արդարեւ, Այնճարի եւ Զահլէի հայութիւնը համախմբուեցաւ Այնճարի մէջ` բողոքելու համար Ազրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ: Այնճարի հայութիւնը կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00 դադրեցուցած էր ամէն տեսակի աշխատանք, խանութները փակ էին: