կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-11-15 22:30
Հասարակություն

Ակնարկ. Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած Դերը Լիբանանի Մէջ

Ակնարկ. Թուրքիոյ Փրկօղակի Չարտօնուած Դերը Լիբանանի Մէջ

Պաշտօնական Պէյրութի հրաւէրով վաղը Լիբանան կը հասնի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Այցելութիւնը, ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատարի այցելութեան նման, ուշագրաւ է նաեւ երկրին դէմ կիրարկուող պաշարումը նկատի ունենալով:

Լիբանանը կը գտնուի կուտակուող ճգնաժամերու երկարատեւ փուլի մէջ եւ փաստօրէն կ՛ենթարկուի տնտեսաքաղաքական պաշարումի:

Օտարերկրեայ պաշտօնատարներու այցելութիւնները, եթէ նոյնիսկ կայանան, ապա կ՛ունենան պայմանական բնոյթ, երբեմն նոյնիսկ ժամկէտներ ներփակող դիւանագիտական սպառնալիքներով յատկանշուող փոխանցումներով:

Անգարայի առած քայլը տարբեր է միջազգային ընտանիքին որդեգրած կեցուածքէն: Քայլը այս պարագային պատահական բառեզր չէ. չի բացառուիր, որ Անգարան ինքնաառաջադրուած ըլլայ Պէյրութ ուղարկելու իր նախարարը: Քաղաքական գործընթացներուն մէջ ինքնահրաւիրումը կրնայ հրաւէրի տեսք ունենալ, երբ Լիբանանի կառավարութեան կը փոխանցուին համապատասխան ազդանշանները:

Նոր չէ, որ լիբանանեան մեծ դռներէն մուտք կը փորձէ գործել Անգարան: Իսրայէլեան պատերազմը լիարժէք օգտագործել թէ՛ խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելով, թէ՛ մարդասիրական, կրթական, մշակութային, ազգագրական բնոյթի ծրագիրներ իրականացնելով` հարաւէն հիւսիս, անցնելով Պէյրութէն Անգարան հովանաւորեց թուրքմեն ազգաբնակչութիւնը, քաղաքացիութիւն շնորհեց Օսմանեան կայսրութեան շառաւիղներուն, հաստատեց լրատու գործակալութիւն, ուսանողներ հաւաքագրեց եւ լիբանանեան տարբեր համալսարաններու համար թրքագիտութեան դասախօսներ գործուղեց: Յայտնուեցան Թուրքիոյ շահերուն բացայայտ սպասարկող տեսքով լիբանանեան, ըստ էութեան թրքական արտադրանք հանդիսացող կազմակերպութիւններ, որոնք ցոյցերով, խուլիկանութեամբ եւ փողոցային դրսեւորումներով պարզեցին Թուրքիոյ դրօշը եւ վանկարկեցին անոր նախագահին անունը:

Անգարայի ներթափանցումը կաթիլային կշռոյթներով էր: Եւ պէտք է արձանագրել, որ այսօր ձեւաւորուած է այն ենթահողը, որ Անգարային թոյլ կու տայ յայտարարելու, որ Լիբանանի մէջ գոյութիւն ունի թրքական համայնք` նկատի ունենալով Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ստացածներու նկատառելի թիւը:

Կը թուէր, որ Փարիզի պարագայական աշխուժութիւնը լիբանանեան հանգոյցները լուծելու առումով կը հակակշռէ Անգարայի ներգրաւման թափը, յատկապէս նկատի ունենալով Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Անգարա-Փարիզ սուր մրցակցութիւնը եւ շահերու ուղղակի բախումը: Որքան մագլցողական էր Ֆրանսայի ցուցաբերած վճռակամութիւնը, այնքան նաեւ արագ` անոր նահանջը:

Կայ նաեւ ներիսլամական աշխարհին մէջ կարեւոր մրցակիցը` Սէուտական Արաբիան: Այստեղ արդէն հանգամանքները բոլորովին ուրիշ բնոյթ ունին: Անգարան երկու ուղղութեամբ փորձեց տարածել իր ազդեցութիւնը համաարաբական աշխարհին մէջ: Հակաիսրայէլեան գործողութիւններ ցուցադրելով Էրտողանը խաղաց ազգային թելին վրայ, իսկ իսլամականութեան հակաարեւմտեան շեշտադրումներով խաղարկումը թիրախաւորեց համաիսլամական համախմբումը: Իսլամական աշխարհի երկրորդ բեւեռ դառնալու յաւակնութիւնը առաջին հերթին հարուածեց Ռիատի շահերը: Մրցակցութեան աւելի նեղ դրուածքը ուղղակի սիւննի զանգուածներուն վրայ հովանաւորչութեան պայքարն էր:

Լիբանանը պայքարի այդ ընդհանուր դաշտին մէկ հատուածն է: Ռիատը սակայն այստեղ ունի յստակ գերակայութիւն: Հիմա կը փոխուին պայմանները: Սէուտական Արաբիան ո՛չ միայն դիւանագիտական տագնապ կը ստեղծէ Պէյրութի հետ, այլեւ ցուցադրաբար կը հրաժարի Լիբանանի հետ իր ունեցած տնտեսական կապերէն եւ կը յորդորէ Ծոցի երկիրները իր օրինակին հետեւելու:

Ճիշդ այս պահուն է, որ կը ստեղծուին Պէյրութի եւ Անգարայի համատեղ շահերու անմիջական երեւոյթները: Պէյրութը պէտք ունի աջակից պետութեան եւ Ռիատին ուղերձ կը յղէ, որ իր հեռանալուն պարագային Լիբանանը պարտադրաբար այլընտրանքային ուժեր կ՛որոնէ: Իսկ Անգարան պատրաստ է սիրայօժար լեցնելու այդ պարապը եւ հանդիսանալու այլընտրանքը:

Թուրքիան սակայն չունի այն շռայլութիւնը անարգել եւ ազատօրէն խաղալու լիբանանեան դաշտին մէջ: Միջազգային մակարդակով որեւէ երկրի չ՛արտօնուիր բեկումնային տեսքով ճեղքել պաշարումը: Կ՛արտօնուի իրականացնել սահմանափակ աջակցութեան գործողութիւններ: Իրանեան վառելանիւթը ամէնէն վառ օրինակն է այս վարկածին: Ինչ ծաւալ եւ բնոյթ ալ ունենայ Անգարայի աջակցութիւնը, պէտք է ենթադրել, որ ստացած է արգելակող կողմերու թոյլտուութիւնը:

Լիբանան կը փորձէ կառչիլ թրքական փրկօղակին: Թուրքիան կը բեմադրէ փրկօղակ հանդիսանալու դերը: Այս դերի ստանձնման մէջ պէտք է դիտարկել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը: Եւ Անգարային չի շնորհուիր միջազգային ընտանիքի պարտադրած պաշարումի ճեղքումի առանձնաշնորհումը:

«Ա.»
aztagdaily.com