Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
2010-էն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ յատկապէս Ապրիլ 24-ին տեղի կ՛ունենան հաւաք եւ խաղաղ ցոյց: Այս տարի ալ նշուեցաւ այդ օրը, սակայն աշխարհի չորս ծագերուն նման, պսակաձեւ ժահրի հետեւանքով՝ առցանց միջոցներով: Արդարեւ, Ապրիլ 22-24-ին տեղի ունեցան առցանց զրոյցներ եւ վիճաբանական հաւաքներ, կազմակերպութեամբ «Նոր Զարթօնք» երիտասարդական կազմակերպութեան: Թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ թրքերէն լեզուներով կատարուած այս ե-հաւաքներուն նաեւ նշուեցաւ Սեւակ Պալըքչըի յիշատակը, որ սպաննուած էր 2011-ին՝ թրքական բանակին մէջ ծառայութեան ընթացքին:
Այս ձեռնարկներուն զուգահեռ, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլան իր կարգին հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայեց, յայտնելով, թէ 1915-ին գործադրուեցաւ լաւապէս ուսումնասիրուած ոչնչացման սադրիչ քաղաքականութիւնը, որ բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններու եւ Մ.Ա.Կ.-ին կողմէ բնորոշուած է իբրեւ ցեղասպանութիւն: Փայլան շեշտեց, թէ 105 տարի ետք, ցայսօր Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ այս հարցը չէ քննարկուած:
Թուրքիոյ Մարդկանց Իրաւունքներու Միութիւնն ալ յայտարարութիւն մը հրապարակած էր, կոչ ուղղելով, որ Ապրիլ 24 թուականը ճանչցուի իբրեւ Ցեղասպանութեան օր եւ ներողութիւն խնդրուի հայերէն, ասորիներէն եւ յոյներէն, նաեւ կատարուի հատուցում:
Բոլորովին այլ բեւեռի վրայ, սովորական յանկերգը կը հոլովէր Թուրքիոյ նախագահը, որուն համար օսմանցի հայերը, համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն, զոհուած էին դժուար պայմաններու տակ: Արդարեւ, Էրտողան շեշտած էր, թէ հայերու եւ թուրքերու հասարակաց նպատակն է ապագայի կառուցումը բարեկամութեան հիմամբ, որ իր արմատները նետած է անցեալի մէջ, յատկապէս կիզակէտ ունենալով Չանաքալէի (Կալիփոլի) ճակատամարտը, ուր բազմաթիւ հայ զինուորներ արեան գնով պայքար մղած եւ զոհուած էին:
Ոչ մէկ կապ կարելի էր գտնել Փայլանի հնչեցուցած ահազանգին եւ Էրտողանի խուսափողական ու հարցականի տակ առնուած արտայայտութիւններուն միջեւ:
Թուրքիոյ բանտերուն մէջ տիրող ահաւոր կացութեան գծով ալ տարբեր բեւեռներու վրայ կը գտնուին Փայլան եւ Էրտողան: Այդ նիւթին առնչութեամբ ալ կատարուած են վէճ – վիճաբանութիւն եւ յատկապէս՝ դարձդարձիկ եւ անհամոզիչ որոշումներ առնուած:
Պսակաձեւ ժահրը լուրջ մտահոգութիւն ստեղծած է Թուրքիոյ արդէն իսկ բերնէ բերան լեցուն բանտերէն ներս: Նկատի ունենալով, որ կարելի պիտի չըլլայ հետեւողական ձեւով հականեխել եւ բանտարկեալները զերծ պահել այս համաճարակէն, ընդհանուր ներումի առաջարկ մը բանաձեւուած է, որուն մանրամասնութիւններուն լոյսին տակ, սակայն շատ աւելի բարդ կացութիւն մը ստեղծուած է: Արդարեւ, ազգայնամոլ Տեւլէթ Պահչելիի պատրաստած բանաձեւով, ինքնաբերաբար ազատ պիտի արձակուին աւազակներ, զեղծարարներ եւ նոյնիսկ ոճրագործներ, մինչդեռ քաղաքական բանտարկեալները պիտի մնան արգելափակուած:
Իրաւաբանական սկզբունքով եւ օրէնքով, Թուրքիոյ մէջ ձերբակալութիւնը արտակարգ միջոց մըն է, որուն կարելի է դիմել, երբ մեղադրեալը փախչելու հաւանականութիւն ունի: Սակայն, ներկայ ղեկավարութիւնը շարունակ կ՚անտեսէ այս սկզբունքը եւ ապահով ըլլալու համար, ձերբակալութիւնները կը գործադրէ իբրեւ պատժամիջոց։
Այս կացութեան մէջ կը գտնուին «Անատոլու» հիմնարկի նախագահ Օսման Քաւալա, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան ղեկավարներէն՝ Սալահատտին Տեմիրթաշ եւ տասնեակներով անմեղ բանտարկեալներ, որոնք կրնան վարակուիլ պսակաձեւ ժահրով:
hairenikweekly.com