կարևոր
4651 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-03-17 13:11
Աշխարհ

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութեան Ստացած Ֆինանսական Ու Քաղաքական Իրերայաջորդ Երկու Հարուածները

Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Ազդեցութեան Ստացած Ֆինանսական Ու Քաղաքական Իրերայաջորդ Երկու Հարուածները

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական աղբիւրները յայտնեցին, որ տուն կը կանչեն Լիբանանի մէջ իրենց դեսպանը եւ թագաւորութեան մէջ Լիբանանի դեսպանէն կը պահանջեն վերադառնալ Լիբանան: Նմանապէս, Սէուտական Արաբիան կը դադրեցնէ Լիբանանէն իր բոլոր ներածումները: Սէուտական Արաբիան նոյն վերաբերմունքին արժանացուց լիբանանեան իշխանութեան կեցուածքին զօրավիգ քաղաքական թէ տնտեսական կառոյցներն ու անձնաւորութիւնները: Նմանօրինակ կեցուածք ցուցաբերեցին նաեւ Արաբական ծոցի համագործակցութեան անդամ երկիրները` բացառութեամբ Քաթարի: Այս բոլորը` իբրեւ բողոք Պէյրութի մէջ Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Հըզպալլայի ազդեցութեան:

Սէուտական Արաբիան այսպիսով ինքզինք զանց կացուցեց Լիբանանէն ու անոր դիմագրաւած ներքին խնդիրներէն: Նկատի ունենալով Սէուտական Արաբիոյ ներլիբանանեան քաղաքականութեան եւ մասնաւորաբար սիւննի համայնքին մէջ ունեցած մեծ դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը` Ռիատի այս կտրուկ որոշումէն ետք ստեղծուեցաւ մեծ բաց մը, զոր սկսաւ լեցնել տարածաշրջանին մէջ սիւննիական միւս մեծ ուժն ու սիւննիական աշխարհի ղեկավարման համար Սէուտական Արաբիոյ մրցակիցը` Թուրքիան, որ արդէն մեծ ներդրումներ կատարած էր, մասնաւորաբար` հիւսիսային Լիբանանի մէջ, ուր թրքացեղ լիբանանցիներով բնակուած գիւղեր գոյութիւն ունին, սակայն նաեւ` մեծաթիւ սիւննիներով բնակուած Սայտայի եւ Պէյրութի մէջ: Տնտեսական ու ընկերային ներդրումներուն ազդեցութեան տակ, Լիբանանի մէջ սկսաւ մեծնալ նաեւ Անգարայի քաղաքական ազդեցութիւնը:

Փետրուար 6-ի երկրաշարժը եկաւ առաջին հարուածը հասցնելու Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան ծաւալման: Նկատի ունենալով բնական աղէտին պատճառած ահաւոր նիւթական վնասները` Անգարան այժմ ստիպուած է վերականգնման հսկայական աշխատանքի ծախսերը հոգալու համար իր «գօտին քաշելու», ուստի անկարող պիտի ըլլայ այլուր նիւթական ներդրումներ կատարելու կամ ֆինանսաւորում տրամադրելու:

«Ոմանց դժբախտութիւնը ուրիշներուն երջանկութիւնն է», կ՛ըսէ ֆրանսական ասացուածքը: Քաթարը, օգտուելով Սէուտական Արաբիոյ ինքնաչէզոքացումէն ու Թուրքիոյ հետ իր մտերմիկ յարաբերութիւններէն, որոշ ատենէ մը ի վեր աննկատ կերպով կ՛աճեցնէր Լիբանանի մէջ իր ազդեցութիւնը: Այդ ազդեցութեան ցուցանիշերէն մէկը 29 յունուար 2023-ին ստորագրումն էր լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերը հորատելու, պեղելու եւ նաւթ արտահանելու համաձայնագիրին, որուն հիմամբ Քաթարը, Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ կողքին, նաւթի իր «Քաթար էնըրճի» ընկերութեան միջոցով մաս կը կազմէր լիբանանեան ջուրերու մէջ գտնուող նաւթի արտահանումին` նշանակալից կերպով փոխարինելով ռուսական «Նովաթեք»-ը:

Այդ ազդեցութեան լրջութեան վկայութիւնը, միջազգային դիւանագիտութեան մակարդակով ճանաչումն ու ամրագրումը, 6 փետրուար 2023-ին, Փարիզի մէջ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման նպատակով, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եգիպտոսի ներկայացուցիչներուն կողքին Քաթարի ներկայացուցիչին` իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարի շրջանային հարցերով օգնական Ապտուլազիզ Խուլաֆիի մասնակցութիւնը եղաւ: Նոյն օրը վրայ հասաւ Թուրքիան հարուածած երկրաշարժը, որ Լիբանանի մէջ անոր գործունէութեան բնական նահանջը ազդարարեց, ինչ որ Քաթարի համար իր ազդեցութիւնը առաւել եւս ամրապնդելու ու տարածելու առիթ ստեղծեց:

Շաբաթը, սակայն, ուրբաթէն առաջ եկաւ` 10 մարտ 2023-ին յայտնի դարձաւ, որ Իրանն ու Սէուտական Արաբիան, չինական միջնորդութեամբ, համաձայնած են իրենց դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնել:

Փեքինի միջնորդութիւնը նշանակալից է եւ` ոչ պատահական: Արդարեւ, Չինաստանն ու Իրանը տնտեսական եւ ռազմավարական յարաբերութիւններ ունին, իսկ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորն ու Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը 9 դեկտեմբեր 2022-ին, վերջինիս Ռիատ այցելութեան 2-րդ օրուան ընթացքին, երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր ստորագրեցին:

Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը կու գայ վկայելու տարածաշրջանին մէջ Չինաստանի ազդեցութեան աճին մասին, ինչ որ բնականաբար չի կրնար չմտահոգել Ուաշինկթընը: Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդին մէջ ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի Ռիատ-Թեհրան համաձայնութիւնը մեկնաբանելու ընթացքին ի զուր չէր, որ նշեց. «Մօտէն կը հետեւինք Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ Չինաստանի ազդեցութեան»:

Իրան-Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը, եթէ ճիշդ ուղղութեամբ ընթանայ, կրնայ բարենպաստ ըլլալ տարածաշրջանի մէջ բազմաթիւ խնդիրներու կարգաւորման համար, ահա թէ ինչո՛ւ տարածաշրջանի երկիրները, բացառութեամբ Իսրայէլի, ողջունեցին զայն: Այո՛, Թեհրան-Ռիատ համաձայնութեան իբրեւ հետեւանք Ռիատ-Թել Աւիւ համաձայնութեան մը կարելիութիւնը նուազեցաւ, սակայն, ատոր զուգահեռ Լիբանանի խնդիրներու կարգաւորման յոյսերը բարձրացան: Այս առումով, նշանակալից ու խոստմնալից էր սէուտական դիւանագիտութեան պետ Ֆայսալ պըն Ֆարհան պըն Ապտալլա ալ Սէուտ իշխանին` «Իրանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը կը բխի քաղաքական լուծումները նախընտրելու մեր հաստատ տեսլականէն» յայտարարութիւնը:

Իրան եւ Սէուտական Արաբիա համաձայնութիւնը իր մէջ կը պարունակէ ներլիբանանեան խնդիրներու կարգաւորման, առնուազն նախագահի ընտրութեան ու նոր կառավարութեան ձեւաւորման համար երկու երկիրներուն միջեւ համակարգման խոստումը, ինչպէս նաեւ կ՛ենթադրէ Լիբանանի մէջ սէուտական աւանդական մեծ ազդեցութեան ու դերակատարութեան վերականգնումը:

Ռիատի Լիբանան վերադարձը անխուսափելիօրէն կը նշանակէ անոր բացակայութենէն օգտուող ուժերու` Անգարայի եւ Տոհայի ազդեցութեան նուազում: «Երբ կատուն հեռու է, մուկերը կը խաղան», կ՛ըսէ ամերիկեան ասացուածքը: Այժմ «կատուն» կը վերադառնայ` կտրելու Լիբանանի մէջ Քաթարի «եղունգը» կամ առնուազն չափ ու սահման դնելու անոր «եղունգի երկարելուն»: Ֆինանսական գետնի վրայ ու իր ունեցած աւանդական ազդեցութեամբ Թուրքիայէն հզօր եղող Սէուտական Արաբիոյ Լիբանան վերադարձը, 6 փետրուարի երկրաշարժերուն ֆինանսական հետեւանքներուն կողքին, երկրորդ` այս անգամ քաղաքական ու ֆինանսական ուժեղ հարուած մը կը հասցնէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազդեցութեան ու նկրտումներուն: