Փոխարժեքներ
28 12 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 396.48 |
EUR | ⚊ | € 413.13 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.76 |
GBP | ⚊ | £ 496.79 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.11 |
Մէկդի դրէք ձեր ակադեմիական պատկերացումները Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման եւ սոցիալական բարելաւման մասին։ Դադրեցուցէք ձեր քաղաքական վերլուծումները Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատման եւ իրաւական կարգերու իրագործման մասին։
Երեւանի ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն մէջ զուարճացող այս ժողովուրդը հետաքրքրուած չէ ձեր վերլուծումներով եւ պատկերացումներով։ Այս ժողովուրդին խորթ է իմաստութեան եւ յառաջդիմութեան ձեր վերլուծումները։ Ձեզի եւ ձեր խորհուրդներուն ականջ չի տար։ Արդէն իրենց ականջին չի հասնիր ձեր խրատը, որովհետեւ իրենց հասանելի հանրային ռատիօն եւ հեռուստատեսութիւնը, օտարէն ֆինանսաւորուող Ազատութիւնը եւ Սիվիլնէթը իրենց թողարկումներէն դուրս կը թողուն ձեր խօսքերու հեռարձակումը։
Պարզապէս, դուք գոյութիւն չունիք այս ժողովուրդին համար։ Հետեւաբար, մի արդարացուիք ուժ տալով խօսքին։ Այս ժողովուրդը խօսքի պատկերացում չունի։ Այս ժողովուրդին պատկերացումը իրենց որովայնով սեփական կեանքը քարշ տալու մասին է։ Իսկ ձեր խօսքը փոր չի կրնար կշտացնել։
Այս ժողովուրդը կը հետեւի ուժին եւ ուժեղին։ Խօսքը, բանաւոր թէ գրաւոր, ուժ չունի։ Երբ չունի, ուրեմն ուժեղ չէ խօսքին հեղինակը։ Այս ժողովուրդը կը հասկնայ ու կը հետեւի ուժի խօսքին, ոչ թէ խօսքի ուժին։
Ներկայ իշխանաւորները շատ լաւ գիտեն ուժի այս հաւասարակշռութիւնը, որովհետեւ շատ լաւ կը ճանչնան այս ժողովուրդը։
Ձեր խօսքերը քաջալերանք են այս իշխանութեան համար։ Միաժամանակ, անոնք կը խրախուսեն որ խօսիք։ Կը ստեղծեն արուեստական կացութիւններ, որպէսզի խօսիք։ Անոնք ձեզ կը զբաղեցնեն ձեզ մղելով խօսելու։ Գիտեն որ որքան խօսիք, այդքան կը հեռանաք ուժէն։ Ձեր բառերը զէնք չեն իրենց դէմ։ Ձեր բառերը մասն են կողմնակի բեմականացման, որ ձեզ կը հեռացնէ ուժէն։ Մինչ դուք ձեր խօսքով դերակատարները կը դառնանք այդ կողմնակի բեմականացման, իշխանաւորները քիչ մը աւելի կ՛ամրապնդեն իրենց ուժը։
Արդէն անոնք իրենց ձեռքերուն մէջ ամրացուցած են ամբողջ պետական համակարգը՝ անոր բոլոր ուժային կառոյցներով, դատախազութեամբ եւ արդարադատութեան։
Հետեւաբար, բիւրաւոր ուժայիններով շրջապատուած իշխանաւորին շրջագայելու ազատութիւնը չէ որ խափանուած է, այլ՝ ձեր շարժումներու ազատութիւնն է որ հակակշռուած է։
Այսօր, իշխանաւորները նաեւ տիրացան Ազգային Ժողովը հակակշռելու ուժին, երբ յանդգնութիւնը ունեցան երկրի գերագոյն իշխանութեան՝ Օրէնսդիր մարմնին պատկանող դահլիճէն ներս հրաւիրել անվտանգութեան ծառայողներու համազգեստաւոր եւ ոչ համազգեստաւոր ուժայիններ։
Իշխանաւորները արդէն ունէին Ազգային Ժողովի մէջ իրենց մեծամասնական քուէները՝ հակակշռելու համար օրէնսդրութեան օրակարգն ու ընթացքը։ Բայց չունէին ցանկացած ընդդիմադիր պատգամաւորի խօսքի ազատութիւնը արգելակող ուժը։ Փորձեցին հակակշռել ընդդիմութեան խօսքի բովանդակութիւնը։ Ձախողեցան։ Փորձեցին խանգարել պատգամաւորին խօսքը, մինչեւ իսկ խօսափողը անջատել, դարձեալ ձախողեցան։
Իշխանաւորին կը մնար Ազգային Ժողովը վերածել փողոցի եւ անոր հետ վարուիլ փողոցի մակարդակով՝ փողոցայնութեամբ։ Փողոցի վրայ իրենց ցուցաբերած ոճին նման, իշխանաւորները իրենց կամակատար անվտանգութեան ուժայիններով գռոհեցին խօսքի ազատութիւնը խորհրդանշող պալատէն ներս։ Կատարեցին բիրտ ուժի ցուցադրութեան բեմադրութիւն մը՝ պատգամաւորներուն ապացուցելով իրենց ուժին խօսքը։
Անշուշտ, ըստ ընթացակարգի, այսօր Ազգային Ժողովի մէջ խօսելու ազատութեան ձեւականութիւնը չէ վերացած։ Սակայն, պատահած է աւելի ահաւորը։ Ազգային Ժողովի ամբողջ կառոյցէն ներս պատգամաւորի ներկայութեան հնարաւորութիւնը կը գտնուի իշխանաւորներուն հակակշիռին տակ։ Պատգամաւորը կրնայ խօսիլ, բայց իր ներկայութիւնը ենթակայ է իշխանաւորներու հրահանգով ուժայիններու կողմէ դուրս բերուելու սպառնալիքին։
Անտոն Չեխով ըսած է, «Թոյլ տուէք, որ աթոռին աթոռ ասեմ։» Հետեւելով, թոյլ տուէք, որպէսզի բռնատիրութեան բռնատիրութիւն ըսենք։
Չեխով նաեւ ըսած է, «Կեղտից չես կարող պահանջել, որ կեղտ չլինի:» Հետեւաբար, կարելի չէ բռնատիրութենէն պահանջել, որ բռնատիրութիւն ըլլալէ դադրի։
Ներկայիս ա՛յս է ճշմարտութիւնը Հայաստանի տարածքին – հաստատուած է բռնատիրութիւն, որ կը սպառնայ ո՛չ միայն ազատութեան, այլեւ ու այլ մանաւա՛նդ հայրենիքի ու ժողովուրդի գոյութենականանութեան։
Այսպիսի բնատրութեան դէմ կարելի չէ խօսքով, խրատներով, յորդորներով եւ քննադատութիւններով պայքարիլ։
Այնքան ատեն, որ կը շարունակէք հաւատալ խօսքի ուժին, բայց ո՛չ ուժի խօսքին, այս իշխանաւորները պիտի վճռեն հայրենիքը քանդելու իրենց յաղթարշաւը։
Սեդօ Պոյաճեան
Օգոստոս 11, 2021