կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-06-18 10:40
Հասարակություն

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը կազմակերպէ «ՎԵՐԵԼՔ» Ձեռնարկատիրական Վարժողական Ծրագիրը

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը կազմակերպէ «ՎԵՐԵԼՔ» Ձեռնարկատիրական Վարժողական Ծրագիրը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ամբողջացնելէ ետք եռամսեայ խտացուած դասընթացքը, 14 Յունիս 2021-ին սկիզբ առաւ «ՎԵՐԵԼՔ» Ձեռնարկատիրական Վարժողական Ծրագիրը: Ծրագիրի աւարտական 13 խումբերը արդէն պատրաստ են եզրափակիչ զտումներու, որոնք տեղի պիտի ունենան 18 Յունիս 2021-ին:

Ներկայացուած լաւագոյն առաջադրանքները նիւթական աջակցութիւն ստանալու կողքին, իրենց ծրագիրներու իրականացման ամբողջ ժամանակաշրջանին, մշտական խորհրդատուութիւն պիտի ստանան:

«ՎԵՐԵԼՔ»ը կարողութիւններու, կարելիութիւններու եւ դրամագլուխի խառնածին ձեռնարկութեան ծրագիր է, որ հիմնադրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին եւ Արցախի Երիտասարդական Միութեան կողմէ, մասնակցութեամբ եւ ղեկավարմամբ մասնագիտական եւ խորհրդատուական այլ խումբերու: Ան Արցախի ձգտումնալից եւ բարեփոխումներու ձեռնարկող երիտասարդներու ծրագիր է, որ ունի տեղական մակարդակի վրայ տնտեսական վերականգնումը արագացնելու եւ 18-35 տարեկան երիտասարդներուն աճող եւ յարատեւող կենսամակարդակ ապահովելու առաքելութիւն, յատկապէս 2020-ի պատերազմի հետեւանքները աչքի առաջ ունենալով:

Horizon Weekly Newspaper

«ՎԵՐԵԼՔ»ԻՆ նպատակն է զարգացնել, ընդարձակել եւ կատարելագործել խոստումնալից եւ փոքր տնտեսութիւններ նախաձեռնելու ատակ երիտասարդներու հմտութիւններն ու գիտարուեստական (թեքնիք) գիտելիքները, զանոնք ի սպաս դնելու Արցախի մէջ ծրագիրներ իրականացնելու:

Ծրագիրը կը նպատակադրէ մշակել փոքր տնտեսութիւններու վերաբերող յաջողակ շարք մը ձեռնարկութիւններ, որոնք պիտի գործեն, Արցախի բարդ իրականութէան մէջ, որպէս վկայութիւն ազգային տնտեսական ծրագիրներու յաջողութեան:

«ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրի ձեւաչափը բաժնուած է երեք տարբեր հանգրուաններու՝ կարողութիւններու կառուցում, դրամագլուխի ներդրում (վարժողական ծրագիրի շրջան) եւ կարելիութիւններու ու գործընթացի հսկողութիւն:

Առայժմ, «ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրը ամբողջացուցած է առաջին հանգրուանը, որ երկարեցաւ ընթացիկ տարուան Մարտէն Մայիս եւ ունեցաւ 109 մասնակցող: Այս ժամանակաշրջանին ծրագիրը կազմակերպեց վարժողական 12 դասընթացքներ, որոնցմէ առաջին վեցը կը վերաբերէր կառավարելու հիմնական սկզբունքներուն, իսկ երկրորդ վեցը՝ հետեւեալ բնագաւառներուն.

ա.-Բջիջային սարքաւորումներու զարգացումներ

բ.-Հիւրընկալում եւ զբօսաշրջիկութիւն

գ.-Մշտական երկրագործութիւն

դ.-Կանաչ ելեկտրականութիւն

ե.-Սնունդ եւ ըմպելիք

զ.-Նորարարական հողագործութիւն

Առաջին հանգրուանը աւարտելէ ետք լաւագոյն թեկնածուները ընդունուեցան հնգօրեայ զօրացուցիչ վարժողական ծրագիրին մէջ, որ սկսաւ 14 Յունիս 2021-ին: Այս աշխատանքի հիմնական նպատակն է՝ մշակել եւ զարգացնել առաջին հանգրուանին ստացած ձեռնարկութիւններու վերաբերող ըմբռնումները: Այս հանգրուանին լաւագոյն հանդիսացողները կը ստանան նիւթական սատարում նաեւ գործընթացի տեւողութեան մշտական խորհրդատուութիւն:

Հուսկ, երրորդ հանգրուանին, դափնեկիրները պիտի ներառուին 24 ամսուան տեւողութեամբ վերահսկողական ծրագիրի մը մէջ, որ կը միտի զարգացնել մասնակցողներու ըմբռնումները գործօն շուկայ ներթափանցելու ուղղութեամբ:

«ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրին մասնակից Riviera Capital-ը, ամբողջ երկու տարուան ընթացքին, ընտրուած թեկնածուներու կարողութիւններու զօրամղիչ երրորդ հանգրուանին, կողք կողքի պիտի գործէ անոնց հետ:

Այս նախաձեռնութեան ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը աշխուժօրէն կ՛աշխատի լուծելու կարգ մը հարցեր, որ կը դիմագրաւէ Արցախի երիտասարդութիւնը յետ 2020-ի պատերազմին, ինչպէս արտագաղթի վտանգը: Գրասենեակը կը ջանայ նաեւ վերաղերսել տարիներու փորձառութիւն վաստկած սփիւռքահայութիւնը Արցախի երիտասարդութեան հետ:

Առ այդ, «ՎԵՐԵԼՔ» ծրագիրին եւ Արցախի մէջ ամիսներ անցուցած բոլոր կամաւորներուն ջանքերուն շնորհիւ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակը կը յուսայ երկարաժամկէտ եւ մշտական լուծումներ գտնել Արցախի երիտասարդութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

«ՎԵՐԵԼՔ» ձեռնարկատիրական ծրագիրը կ՛իրագործուի շնորհիւ ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանի «Արցախ» Ֆոնտի օժանդակութեան:

Բոլոր ներդրողները, ձեռնարկատէրերը եւ երիտասարդ արհեստավարժ մասնագէտները, որոնք կը փափագին սատարել վերեւ յիշուած որեւէ ծրագիրի, կը խնդրենք կապ հաստատել Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին հետ՝ [email protected]:

Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկայ շաբաթներուն:

Պարբերաբար նորութիւններ ստանալու համար կարելի է հետեւիլ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի եւ Արցախի Երիտասարդական Միութեան լուրերուն: