|
Փոխարժեքներ
30 07 2026
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 366.2 |
| EUR | ⚊ | € 416.96 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.6098 |
| GBP | ⚊ | £ 486.75 |
| GEL | ⚊ | ₾ 139.47 |
Կիրակի 14 Յունուար 2024թ. Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքի ընկերներու խուռն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ առցանց հաւաք Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Յովսէփ Տէր Գէրոգեանին հետ: Ներկայ էին աւելի քան 23 միութիւններէ եւ 15 երկիրներէ երիտասարդներ եւ ուսանողներ: Հանդիպումը առիթ էր զրուցելու Հայրենիքի ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միջոցներուն մասին եւ մեր ընելիքները որպէս Հ.Յ.Դ. Երիտասարդներ Հայկական հարցի այս ճգնաժամային հանգրուանին, մասնաւորաբար Արցախի հիմնախնդրի մասով:
Հանդիպումը կրկին անգամ եկաւ հաստատելու, որ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական եւ Ուսանողական մեծ ընտանիքը աննահանջ կը մնայ իր խրամատներուն մէջ, պայքարը շարունակելու եւ մեր ժողովուրդին եւ ազգին իրաւունքներուն համար կռիւ տալու:
Արցախեան հարցը փակուած չէ եւ չի կրնար փակուիլ քանի դեռ վառ է ազգային ազատագրական պայքարի նուիրուած երիտասարդութեան կամքը եւ վճռակամութիւնը: