Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
13 Նոյեմբեր 2023-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, այցելեց Ուաշինկթընի մէջ երկար տարիներէ ի վեր հաստատուած Հայ Դատի գրասենեակը: Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանը, Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանը եւ Արեւելեան Հայոց Թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանը:
Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի տնօրէն Արամ Համբարեանի եւ իր գործակիցներուն հետ, Հայ Դատի աշխատանքներու առնչութեամբ: Համբարեանը ողջունելով Հայրապետը՝ ըսաւ, թէ Հայրապետը ո՛չ միայն զօրակից է Հայ Դատի աշխատանքներուն, այլեւ պայքարի առաջին գիծին վրայ հսկայ ներդրում կատարած է՝ թէ՛ անձնապէս եւ թէ՛ իր գլխաւորած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը: Գրասենեակի տնօրէնը ընդհանուր գիծերով պարզեց կեդրոնին կատարած աշխատանքները՝ Հայ Դատի զանազան երեսներուն առնչուած, որոնք, յատկապէս վերջին տարիներուն, բազմացան ու բարդացան: Ան յայտնեց, որ, դժբախտաբար, ներդաշնակութեան պակասը կայ Հայաստանի դեսպանատան ու կեդրոնի աշխատանքներուն միջեւ, հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշխատանքները դառնան աւելի համադրուած ու ծրագրուած:
Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կեդրոնին կատարած գործունէութեան, որ հետզհետէ աւելի կ՚ընդլայնի: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին եկան աւելնալու Հայաստան-Ազրպէյճան յարաբերութեան, Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ամերիկա-Թուրքիա-Ազրպէյճան յարաբերութեան եւ այս բոլորին հետ աղերս ունեցող բազմաթիւ հարցեր: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է, որ յատկապէս Ամերիկայի հայութիւնը աւելիով զօրավիգ կանգնի կեդրոնի գործունէութեան: Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն եւ Արցախի ողբերգութենէն ետք ստեղծուած նոր իրավիճակի լոյսին տակ: Խօսելով Արցախի մասին, Արամ Ա. Կաթողիկոսը ըսաւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային օրէնքի շրջագիծէն ներս կարեւորութեամբ քննել Արցախին առնչուած երեք հարցեր.-
ա) Արցախի հոգեւոր ու մշակութային կոթողներու անվթար պահպանումը,
բ) արցախցիներու վերադարձի իրաւունքի հաստատումը եւ
գ) վտարանդի կառավարութեան նշանակումը:
Ապա, Հայրապետը բարձրօրէն գնահատելով կեդրոնին կատարած աշխատանքները՝ վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Հայ Դատի հետապնդման ու պաշտպանութեան լծուած այս կեդրոնին։
Աղբյուրը՝ Hairenikweekly.com-ի