կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-16 14:11
Տնտեսական

Քալիֆորնիա-Հայաստան Առեւտուրի Գրասենեակը Վերաբանալու Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ

Քալիֆորնիա-Հայաստան Առեւտուրի Գրասենեակը Վերաբանալու Բանաձեւը Ներկայացուեցաւ

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Հինգշաբթի, 14 Փետրուարին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ ներկայացուց թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը։

Նշենք, որ 2005ին բացուած այդ գրասենեակը փակուած էր 2008ին, նահանգապետ Շուարցնեկըրի կրճատումներուն հետեւանքով։

Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի թիւ 302 բանաձեւին համահեղինակն է ծերակուտական Սքաթ Ուիլք, իսկ ցարդ զայն հովանաւորողներն են՝ ծերակուտական Մըլիսա Հորթատօ եւ նահանգային խորհրդարանի անդամներ՝ Աթըմ Պըրք եւ Էվըն Լօ։

Բանաձեւը նպատակ ունի Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական եւ ա-ռեւտրական յարաբերութիւնները խթանել:

Նշենք, որ նշեալ օրէնսդիրներուն մէկ մասը Հայաստան այցելած էր նահանգին եւ Հայաստանի միջեւ արդի արհեստագիտութեան մարզին մէջ գործակցութիւնը սերտացնելու նպատակով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ աջակցութեամբ իրականացուած առաքելութեան ընթացքին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան դրուատեց բանաձեւին ներկայացումը՝ աւելցնելով, որ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ եւս երաշխիքներ տուած է, թէ գրասենեակը պիտի վերաբացուի։ Ան յոյժ կարեւոր համարեց աշխարհի մէջ 5րդ մեծագոյն տնտեսութիւնը ունեցող Քալիֆորնիոյ հետ առեւտրական յարաբերութեանց սերտացման նպաստող այս քայլը։

Աւելցնենք, որ բանաձեւին ներկայացման արարողութեան իրենց մասնակութիւնը բերին նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան:

Գլխաւոր հիւպատոսը եւս երախտագիտութիւն յայտնեց Փորթանթինոյին՝ վստահեցնելով, թէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը եւ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը ջերմօրէն պիտի ողջունեն գրասենեակին վերաբացումը։

Աղբյուրը՝ Asbarez.com