Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Պատահականութիւն էր թէ՞ նախախնամութիւն։ Կը հաւատամ, որ կեանքի իրադարձութիւնները՝ բնազանցական կամ իմացաբանական պարունակին մը մէջ դրուած՝ պատահականութեան արդիւնք չեն կրնար ըլլալ… Այդպէս ալ կեանքի կոչուեցաւ եւ հիմնուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան Գանատայի Պատանեկան միութեան Քարվաճառի Եղեգնուտ գիւղի մանկապարտէզը։
2002 եւ 2003 թուականներու աշնան, «Հորիզոն»ի լրագրական առաքելութեանց ծիրէն ներս, գործուղուած էի Հայաստան եւ Արցախ, Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու եւ Արցախի վերաբնակեցման ծրագիրներու մասին յատուկ թղթածրար պատրաստելու։
2003 թուականի Հոկտեմբերին, «Հայոց Արեւելից Կողմանց» ժայռաբերդ Արցախը վերաբնակեցնելու ծրագիրները թափ առած էին, ուր իւրաքանչիւր կառուցուող բնակարանի եւ գիւղի հետ անսպառ ուժ կ՚առնէր հողը, իւրաքանչիւր տարագիր ընտանիքի վերադարձով, խաղաղութեամբ կը վարակուէին մայր հողին ընդերքին մէջ ննջող նահատակ հայ զինուորն ու ազատամարտիկը…
Հոկտեմբերեան աշնանային այգաբաց է եւ Քարվաճառէն կը վերադառնանք Վարդենիս։ Ճանապարհին կը սուզուինք Քարվաճառի գեղատեսիլ կիրճերուն մէջ: Անտառապատ լեռներով ու բարձրաղաղակ գլգլացող գետերով հարուստ այս աշխարհը, արցախցիներու իսկ վկայութեամբ, Արցախի դրախտավայրն է: Քարվաճառի սահմանագիծէն միւս կողմ, ատրպէյճանական կողմէ բռնագրաւուած Գարդմանքի աշխարհն է, պատմական հիւսիսային Արցախը…
Կը հասնինք վերաբնակեցուած Եղէգնուտ գիւղը: Լեռներու անտառածածկ ստորոտին մէջ ընկողմանած գիւղը, Թարթառ գետով կը կիսուի եւ կը բաժնուի երկու հատուածներու: Հեռուն, անհասանելի սեպ բարձունքի մը վրայ թառած է պատմական Հանդաբերդը, իսկ մօտակայ լեռնային բարձունքներուն վրայ կը գտնուի Հանդիվանքը։ Բնութեան ծերպերուն մէջ կառուցուած են հայութեան հաւատքի ծիսավայրերը, հողին ընդերքին մէջ թաղուած է պատմութիւնը, հողին հետ միախառնուած են խաչքարերը… հայու հաւատքը։
Կը հանդիպինք գիւղապետ Ժաննա Մանուկեանին, որ կը յայտնէ, թէ գիւղը հիմնուած է 1999-ին: 34 ընտանիքներէ բաղկացած գիւղը կը հաշուէ 153 հոգի: Հարեւան տարածութեամբ կառուցուած են Նոր Գետաշէն եւ Բրաջուր գիւղերը:
ԱՄՆ-ի Հայ Կրթական Հիմնադրամի մեկենասութեամբ կառուցուած է գիւղի վարժարանը, որ մկրտուած է ազատամարտիկ Պետոյի անունով: 50 աշակերտներով վարժարանը ունի տնօրէն եւ մասնագէտ ուսուցիչներէ բաղկացած խումբ մը: Երիտասարդ գիւղապետուհին կը պարզէ նաեւ կրթական բնագաւառէն ներս գիւղի դիմագրաւած կարգ մը դժուարութիւնները, որոնցմէ գլխաւորը՝ մանկապարտէզի մը չգոյութիւնն է: Մանկապարտէզի տարիքը հասած 30 երեխայ զրկուած է դպրոց յաճախելու հաճոյքէն: Բազմաթիւ նոր ընտանիքներ գիւղ հաստատուելու դիմում կատարած են, սակայն բնակարանները սահմանափակ են:
Գիւղապետուհիին հետ հարցազրոյցի աւարտին, եզրափակիչ հարցս կ՚ուղղեմ, խնդրելով իր ուղերձը սփիւռքահայութեան։ Տիկին Մանուկեան առանց տատամսելու հարց կու տայ, որ Գանատայի հայ համայնքի կազմակերպութիւններէն մէկը կրնա՞յ հովանաւորել գիւղի մանկապարտէզի կառուցումը։ Խնդրանքը դիպուկ եւ «մարտահրաւէրային»։ Կը խոստանամ այդ առաջադրանքով հետամուտ ըլլալ, առաջարկելով, որ մանկապարտէզի անուան մկրտութիւնը որոշէ գանատահայ կազմակերպութիւնը։
Հրաժեշտէն առաջ լեռնային կածաններով եւ սաղարթախիտ անտառին ընդմէջէն կը բարձրանանք Հանդավանք։ Աւերակ վանքին շուրջ արձանագրութիւններ եւ խաչքարեր…։ Վանքի բարաւորին վրայ գրաբար արձանագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ վանքը կառուցուած է 1276 թուին, Դաւիթ Վարդապետի կողմէ: Վանքին մօտ տեղահանուած տապանաքարի մը վրայ արձանագրութիւնը կը յայտնէ, որ հոն թաղուած է Աղուանից Ստեփանոս Կաթողիկոսը…։ Ի՞նչ պատճառներով բնութեան ծերպերուն մէջ կառուցուած է հայութեան հաւատքի այս ծիսարանը, որուն շրջակայքը, հողին ընդերքին մէջ թաղուած է պատմութիւնը: Հողին հետ միախառնուած երկու խաչքարեր դուրս կը բերենք եւ կը կանգնեցնենք Վեհափառին դամբարանին մօտ:
*
Հ.Յ.Դաշնակցութեան Գանատայի Պատանեկան Միութեան (ԳՊՄ) վարիչ մարմինը փարեցաւ Եղեգնուտի մանկապարտէզի կառուցման ծրագրին եւ ամբողջ մէկ տարի զօրաշարժի ենթարկելով Գանատայի տարածքին գտնուող պատանեկան մասնաճիւղերը կազմակերպեց յատուկ նախաձեռնութիւններ ու նուիրահաւաքներ, որոնց ընթացքին, պատանիները իրե՛նք ինքնաշարժ լուալու նուիրահաւաք, ընթրիքի երեկոներ եւ այլ միջոցառումներ կազմակերպելով, գոյացուցին մանկապարտէզի կառուցման անհրաժեշտ գումարը։ Պատանիներու խանդավառութիւնը անսահման էր, հայոց միջնաբերդ Արցախը հզօրացնելու կամքով տոգորուած, գիտակից էին, որ իւրաքանչիւր բարձրացող բնակարանի եւ դպրոցի հետ անսպառ ուժ կ՚առնէ հողը։
2004 թուականի Յուլիս 28-ին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան վարիչ մարմինն ու պատանիներու խումբը ներկայ գտնուեցան մանկապարտէզի բացման արարողութեան։ Գիւղապետուհիին հետ պայմանաւորուածութեան համաձայն, մանկապարտէզին անունը որոշեց ՀՅԴ ԳՊՄ-ն՝ մանկապարտէզը մկրտելով Շուշիի ազատագրման մարտերուն նահատակուած լիբանանահայ դաշնակցական ազատամարտիկ՝ Վիգէն Զաքարեանի անունով։
*
2019-ին Արցախէն Հայաստան վերադարձի ճանապարհին դարձեալ կանգ կ՚առնեմ «Վիգէն Զաքարեան» մանկապարտէզին մօտ։ Շէնքը հիմքէն վերանորոգութեան մէջ է։ Շինարարներուն հարց կու տամ թէ ո՞վ է վերանորոգութեան հովանաւորը։ Կը պատասխանեն, թէ գանատահայ բարերար մըն է։ Աւելի ուշ, ի յայտ կու գայ, որ Գանատայէն կուսակցական ընկերներ Սիմոն Հասըրճեանն ու հայրենադարձ Գէորգ Չարշաֆճեանն են հովանաւոր բարերարները, որոնց աջակցութեան շնորհիւ մանկապարտէզը ընդլայնուած է եւ այժմ ունի 60 երեխաներ, ներառեալ մերձակայ զօրակայանի սպաներու ընտանիքներու երեխաները։ Գիւղի բնակչութիւնը նոյնպէս յաւելում արձանագրած է եւ հասած է 260-ի։ Մտովի թուաբանական հաշուարկ կը կատարեմ, ուրեմն՝ 15 տարի ետք, 2030 թուականին, գիւղի բնակչութեան թիւը կրնայ հասնիլ 350-ի։
*
2020 թուականի Արցախեան պատերազմի աւարտին ստորագրուած տխրահռչակ ու անձնատուողական համաձայնագրէն ետք, Քարվաճառի բնակիչները հրկիզեցին իրենց բնակարաններն ու դպրոցները եւ դարձան տարագիր։
Պատերազմը չէ աւարտած, մեր գոյապայքարը իր աւարտին չէ հասած… Արցախի եւ միաւորուած հայրենիքի տեսլականին հաւատացող Դաշնակցութեան պատանիները վերստին առիթը կ՚ունեան կառուցելու նոր մանկապարտէզ ու դպրավայր։
Վահագն Գարագաշեան
horizonweekly.ca