կարևոր
4627 դիտում, 6 ամիս առաջ - 2024-05-10 23:11
Աշխարհ

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը` Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Դաշնակցական Ուսանողներու, Երիտասարդներու Եւ Պատանիներու Ինքնաշարժներով Երթը` Ի Զօրակցութիւն «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» Շարժումին

Երէկ` հինգշաբթի, 9 մայիսի երեկոյեան, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ԼԵՄ-ի եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ Անթիլիասէն մինչեւ Պուրճ Համուտի ու Պէյրութի հայահոծ թաղամասեր ինքնաշարժներով երթ կատարեցին` ի զօրակցութիւն Երեւանի մէջ բազմահազար հայորդիներ համախմբած ընդվզումի համահայկական շարժումին:

Աւարտին ինքնաշարժներով երթին մեծաթիւ մասնակիցները համախմբուեցան «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ, ուր անոնք արձակեցին «Տաւուշը մերն է» եւ «Պայքար, պայքար մինչեւ մահ» կարգախօսները: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները:

Կազմակերպիչներուն անունով խօսք առաւ Բագրատ Գրիգորեան, ապա յաջորդաբար խօսք առին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեան: Հաւաքը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով: