Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
19 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Անթընի Պլինքըն ծերակոյտին մէջ այդ պաշտօնին իր հաստատման վերաբերեալ լսումի նիստէն ետք, ծերակուտական Էտ Մարէյի հարցումին իր գրաւոր պատասխանին մէջ նշած էր. «Պաշտօնին վրայ հաստատուելու պարագային ես պիտի խթանեմ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութիւնը` գտնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծումը, որ պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ պիտի օգնէ կանխարգիլել նոր պատերազմի բռնկումը», աւելցնելով, որ ասիկա կ՛ենթադրէ Միացեալ Նահանգներու Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացում եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք` երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխարգիլելու համար:
Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Սալիվըն ուրբաթ, 29 յունուարին յստակ դարձուց, որ իր երկրին նպատակը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափի լիարժէք վերականգնումն է, երբ յայտնեց. «Միացեալ Նահանգները կը համագործակցին Ռուսիոյ կառավարութեան եւ այս պարագային նաեւ Ֆրանսայի կառավարութեան հետ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահ, եւ մենք կ՛ուզենք շարունակել այս հարցերու շուրջ մեր համագործակցութիւնը»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը մէկ օր ետք սկսաւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքին` գործնական վկայութիւնը տալով իր երկրին «Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացման եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք»-ի նկատմամբ վճռակամութեան: Ան 29 յունուարին զրուցեց Շուէտի արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Ան Լիտէի հետ` այլ հարցերու կողքին քննարկելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկարատեւ ու կայուն քաղաքական լուծման հասնելու նպատակով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքները յառաջ մղելու ջանքերը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ իր երկիրը կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի մէջ Շուէտի նախագահութեան եւ անոր կեդրոնացումը ԵԱՀԿ-ի տարածաշրջանին մէջ ձգձգուող հակամարտութիւններուն մէջ յառաջընթացի արձանագրման:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ուրբաթ, 29 յունուարին իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի հետ Պոլսոյ մէջ հանդիպումէն ետք, խօսելով արցախեան կացութեան մասին, յայտարարեց. «Մենք պէտք է խթանենք զինադադարի դրութիւնը: Այսպիսով, մենք կը նախատեսենք այս ուղղութեամբ համագործակցիլ «3+3» (Ռուսիա, Իրան եւ Թուրքիա+Հայաստան, Ազրպէյճան եւ Վրաստան) ձեւաչափով»: Խօսքը «Վեցեակի հարթակ»-ի մասին է, որուն հաւանական ստեղծման մասին 10 դեկտեմբեր 2020-ին Պաքուի մէջ թրքական ուժերու մասնակցութեամբ զինուորական շքերթէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Թրքական նախաձեռնութիւնը բարեփոխուած տարբերակն է հոկտեմբերի կիսուն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի կողմէ առաջադրուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափին իբրեւ լրացուցիչ` Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա նախաձեռնութեան: Ան 27 հոկտեմբերին իր երկրի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի` Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զարգացումներուն նուիրուած քննարկման ընթացքին յայտարարած էր. «Իրան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն լուծման նախագիծ մշակած է»: Այդ նախագիծին թրքական տարբերակը իրանեան նախաձեռնութեան մէջ նկատի առնուած եռեակին վրայ կ՛աւելցնէ տարածաշրջանի երեք երկիրները` Հայաստանը, Ազրպէյճանն ու Վրաստանը:
Մենք մեզ կը գտնենք երկու հակադիր ու իրերամերժ ուղղութիւններու` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը վերաշխուժացնելու ամերիկեան-ֆրանսական ջանքերու եւ Արցախի հարցը մէկ այլ ձեւաչափով լուծելու թուրք-իրանեան ջանքերու դէմ յանդիման: Փաստօրէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն տասնամեակներ դուրս մնացած Անգարան եւ Թեհրանը միասնաբար ջանք կը թափեն նոր ձեւաչափի մը ստեղծմամբ Ուաշինկթընն ու Փարիզը դուրս մղել ղարաբաղեան հիմնահարցի կարգաւորման հոլովոյթէն: Անոնք այդ փորձը կը կատարեն` քաջալերուած 9 նոյեմբերին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափէն դուրս գոյացած Ռուսիա, Հայաստան, Ազրպէյճան եռակողմ յայտարարութեան նախադէպէն:
Ուշագրաւ է, որ իրանեան «3» կամ անոր բարեփոխուած թրքական «3+3» տարբերակներուն ողնասիւնը ամերիկեան պատժամիջոցներու ենթակայ երկիրներ են. իրողութիւն մը, որ կու գայ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ խնդիրներու դիմակայման նախապատրաստուող ամերիկեան վարչակազմին մօտ առաւել եւս շեշտելու թրքական «3+3» ձեւաչափին հակաամերիկեան բնոյթը, ինչպէս նաեւ` յստակացնելու, թէ Պլինքըն ծերակուտական Մարէյի հարցումին գրաւոր պատասխանին մէջ ո՛ր երկիրներուն կ՛ակնարկէր, երբ կ՛ըսէր, որ Միացեալ Նահանգներու Մինսքի խմբակի ձեւաչափով ներգրաւուածութեան աշխուժացում եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանքը «երրորդ կողմերու հետագայ միջամտութիւնը կանխարգիլելու համար» է. այդ «երրորդ կողմեր»-ը Թուրքիան եւ Իրանն են:
Ուշագրաւ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ միջազգայնօրէն ճանչցուած Մինսքի խմբակի ձեւաչափին, 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան ձեւաչափին ու նոր կազմուելիք «վեցեակ»-ին հասարակ յայտարարը Ռուսիան է, որուն արտաքին գործոց նախարարը 18 յունուարին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի վերջնական կարգավիճակին շուրջ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տարակարծութիւններ կան, եւ այդ պատճառով ալ երեք երկիրներուն` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները որոշած են այդ հարցը ձգել հետագային լուծելու համար: Ան ուշադրութեան արժանի նշում մը կատարելով` աւելցուց, որ այդ հարցով նաեւ պէտք է զբաղին ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները, ինչ որ կը վկայէ այդ ձեւաչափին գոյութեան նկատմամբ ռուսական հանդուրժողականութեան մասին:
Երեք ձեւաչափերուն անդամակցութիւնը Մոսկուայի կը շնորհէ անոնց ճակատագիրը ճշդելու կարողութիւն, դիւանագիտական ճկունութիւն ու ընտրանքներու բազմազանութիւն: Ռուսիոյ նախընտրածը բնականաբար «9 նոյեմբեր»-ի ձեւաչափն է, ուր ան մենակատար է: Մոսկուան ակամայ կը հանդուրժէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափը` նկատի ունենալով վերջինիս միջազգային լիազօրութեան տէր ըլլալու իրողութիւնը, սակայն, մինչեւ օրս հրապարակաւ չէ արտայայտուած թրքական ձեւաչափին մասին. ան կա՛մ պիտի մերժէ զայն ճիշդ այնպէս, ինչպէս անտեսելով` լռելեայն մերժած էր անոր իրանեան բնատիպը, կա՛մ ալ զայն պիտի օգտագործէ իբրեւ լծակ` Մինսքի խմբակի ձեւաչափը հակակշռելու եւ գոյացումը արտօնէ գործնական նկատառումներով` հարկ ըլլալու պարագային մետասաներորդ պահուն ռուս-ամերիկեան բանակցութիւններու մէջ թրքական ձեւաչափը իբրեւ մանրուք օգտագործելու եւ փոխզիջումի մը ծիրին մէջ անկէ հրաժարելու համար:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
aztagdaily.com