կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-10 14:02
Սփյուռք

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

«Կը Հաւատամ Մէկ Բանի` Լիբանանի Հայութիւնը Պիտի Ապրի, Հոս Պիտի Մնայ: Ան Որ Կը Փափաքի Ձգել Այս Երկիրը, Մէկ Ուղղութիւն Ունի` Հայաստա՛ն» Շեշտեց Երեսփոխան Յ. Բագրատունի

Երէկ, «Օ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժինէն հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան անդրադարձաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած աղէտին, անոր վնասներուն` հիմնական շեշտը դնելով անպայման վերականգնելու հրամայականին եւ այդ գծով տարուող աշխատանքներուն վրայ: Ան յայտնեց, որ նորակազմ Լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինը շատ շուտով պիտի սկսի իր գործունէութիւններուն: Հարցազրոյցի ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական վիճակին եւ միջազգային ազդեցութեան:

«Օ. ԹԻ.ՎԻ.».- Տեղի ունեցած աղէտն ու արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական կորուստները այնքան մեծ են, որ մեզ անխօս կը ձգեն: Այսօր խօսքէն աւելի գործի ժամանակ է. նախ եւ առաջ անցած ըլլայ բոլորին. մեր խորին ցաւակցութիւնները` բոլոր զոհերու ընտանիքներուն եւ համայն Լիբանանի ժողովուրդին:

Երբ դէպքը տեղի ունեցաւ, դուք կը գտնուէիք Պէյթ ըլ Ուասաթ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպում կ՛ունենայիք: Հաղորդուած առաջին լուրերը նշեցին, որ պայթումը թիրախ ունեցած է Պէյթ ըլ Ուասաթը, բայց բարեբախտաբար անմիջապէս տեսանք, որ այդպէս չէր: Դժբախտաբար, չէինք գիտեր պատահածին տարողութիւնը: Նախ, ինչո՞ւ Պէյթ ըլ Ուասաթ էիք, ի՞նչ տեղի կ՛ունենար այդ պահուն:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ.- Մեկնելով լիբանանեան բոլոր կողմերուն հետ մեր յարաբերութիւնները պահելու եւ խօսակից ըլլալու սկզբունքէն, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ծանրութիւնը լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ, անհրաժեշտ տեսանք, որ անպայման իրեն հետ հանդիպում մը ունենանք: Առաջին հանդիպումը չէր ասիկա, բայց շատ լաւ էր. անոր պնդումով քիչ մը երկարեցաւ հանդիպումը բարեբախտաբար, որովհետեւ եթէ ճամբան ըլլայինք, թերեւս այլ բան կը պատահէր: Առաջին պայթումը երբ եղաւ, անկեղծ ըսեմ, մենք ստիպուեցանք անոր հետ միասին գետին պառկիլ: Երկրորդ պայթումին արդէն, բաւական բան ինկած էր մեր վրայ: Ընկերակիցները եկան եւ հանեցին, մեզ գետնին տակը տեղ մը իջեցուցին, որմէ ետք, երբ ստուգուեցաւ, որ թիրախաւորուածը Սաատ Հարիրին եւ իր կեդրոնը չեն, դուրս ելանք: 10-12 վայրկեան ետք ես յայտարարութիւն մը ըրի, որ ողջ ենք:

Սակայն պէտք է ըսել, որ աղէտ էր: Այն ինչ որ ես տեսայ դէպի Պուրճ Համուտ վերադառնալուս ընթացքին, պատերազմի օրերուն չէինք տեսած այսքան քանդում: Գիտէք, քանի մը վայրկեանի մէջ եղած քանդումի մը վնասները շատ աւելի ահաւոր կ՛ըլլան: Ամէն պարագայի` եղաւ: Բնականաբար մեր առաջին ցաւը կ՛երթայ նահատակներուն, բոլոր նահատակներուն: Դժբախտաբար շուրջ 6000 վիրաւոր եւ տակաւին կորսուած մարմիններ կան, որոնց ողջ գտնելը կը կարծեմ այլեւս անկարելի է: Առաջին առիթով մխիթարանք` նահատակներու պարագաներուն, վիրաւորներուն` բարի ապաքինում եւ մնացեալը` գործ եւ վերականգնում:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Եկէք անդրադառնանք քաղաքական առանցքին, սկսինք նախ վերականգնումով եւ օժանդակութեամբ: Ըսիք նաեւ, որ կան անյայտ կորսուածներ, շատեր կը հարցնեն, թէ արդեօք մեր նահատակներու թիւը 11 է, թէ՞ աւելի. շատեր կը հարցնեն, թէ տակաւին կա՞ն կորսուածներ: Կեդրոնանանք վերականգնման աշխատանքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ երեք յարանուանութիւններու եւ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին, որ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:

Յ. Բ.- Վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, հայ նահատակներուն թիւը 13 է: Վերջինը քոյր Սոֆի Խոսրովեանն է: Կորսուածներու պարագային, մենք տեղեկութիւն չունինք: Ոչ ոք մեզի դիմած է, մենք տեղեակ չենք, որ կորսուած կայ, եւ կ՛աղօթենք, որ չըլլայ: Վիրաւորները ապաքինման մէջ են, առաջին օրուան այդ արագ դարմանումէն ետք, տեսանք արդէն հիւանդանոցներու վիճակը ինչպիսին էր եւ թէ ինչպէ՛ս առանց թմրեցուցիչի վիրահատութիւններ եղան, բակերու մէջ վէրքեր կարուեցան, յաջորդող օրերուն մեր դարմանատուները եկան մարդիկ եւ իրենց այդ կէս կատար վիրակապերը վերանորոգեցին եւ վերադարմանուեցան:

Ըսեմ, որ այնքան մեծ են աւերն ու աղէտը, որ երբեմն եթէ յուզուինք, թող ներեն մեզ հետեւողները: Այնքան մեծ է արհաւիրքը, որ այլեւս բնական ձեւով մտածելու եւ բնական ձեւով զգալու փուլը անցած ենք: Առաջին սփոփեցուցիչ երեւոյթը այն էր, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը եղաւ առաջին կրօնապետը, որ աղէտէն մէկ ժամ վերջ արդէն իր ժողովուրդին հետը եղաւ: Ան տեղեակ ալ չէր պահած, որ պիտի հասնի Պուրճ Համուտ: Առանց աղմուկի, առանց հեռատեսիլի, առանց յայտարարութիւններու այս այցելութեան ընթացքին անոր յուզումը զգալի էր, մոռցած էր վանքին մէջ պատահած աղէտները, եկած էր իր ժողովուրդին հետ ըլլալու, եւ որովհետեւ ահռելի էին ճամբաները, կարելիութիւնը չունէր նաեւ Էշրեֆիէ, Ժեհթաուի, Մար Մըխայել, Խալիլ Պետեւի եւ Հաճըն հասնիլ, գոց էին ճամբաները: Ան մինչեւ հիմա այդ դժուարութեան մէջ է, թէ ինչպէ՛ս չկրցաւ երթալ հոն: Մենք նոյն օրը կոչ ուղղեցինք «Օ. ԹԻ. ՎԻ.»-էն համայն աշխարհին. արդէն վեհափառը պատրաստութիւններու մէջ էր, իր յայտարարութիւնը ըրաւ, իր կոչը ուղղեց համայն աշխարհին, համայն հայութեան, Հայաստանին, Արցախին, ուր որ հայ կայ, որ պէտք է հասնին Լիբանանին, որովհետեւ այսօր առաջնահերթութիւնը Լիբանանի հայութիւնն է: Կազմուեցաւ յանձնախումբ, որ երէկ իր առաջին նիստը ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանին մէջ: Այդ նիստին մասնակցեցան առաջնորդ սրբազան հայրը իր նախագահութեամբ, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, վեր. Փոլ Հայտոսթեանը, երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները առաջին դէմքերով, երեք բարեսիրական միութիւններ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը, Հայ կրթական-բարեսիրական եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնները, այլ խօսքով` ներկայացուցչական իմաստով լիբանանահայութիւնը ամբողջ, կազմուած մարմնին անունը եղաւ` Լիբանանահայութեան վերականգման մարմին, որ շատ արագ իսկ պիտի սկսի իր գործունէութեան: Պահանջը այն էր, որ վերականգնման գործունէութիւնները շատ արագ սկսին, առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ժողովուրդին անմիջական կարիքները, շինարարութիւն, ուտեստեղէն, երկրորդը` բնակարաններու հարցը, երրորդը` կրթական հարցը. չմոռնանք, որ գաղութի կեանքին վերականգնումը, կառոյցներու վերականգնումը մէկ-երկու օրուան խնդիր չէ, այլ գաղութի, լիբանանահայութեան գոյատեւման խնդիր է: Ճիշդ է, որ աճապարանքի մէջ ենք, ճիշդ է, որ կարելի չէ ժամանակ կորսնցնել. մարմինը վաղն իսկ արդէն առաջին ժողովը պիտի գումարէ եւ պիտի դիմէ համապատասխան միջոցառումներու, որոնց բոլորս պարտաւոր ենք զօրակցիլ. նիստին ներկայ էի եւ ըսի, որ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարողականութիւնը եւ կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնէ այս մարմնին:

Հիմնականը այսօր հայ մարդուն անվտանգութիւնն է, հայ ընտանիքին ապահովութիւնն է. նախընտրելի եւ անհրաժեշտ է, որ նախ հայ ընտանիքը եւ հայ անհատը ապահովուին, եւ ետքը կը կառուցենք այն, ինչ որ քանդուեցաւ եկեղեցիներուն, ակումբներուն եւ միութիւններուն մէջ: Մենք կրնանք առանց առաստաղի մնալ, կրնանք սպասել, որ պատուհանները շինուին, բայց մենք կ՛ուզենք նախ, որ մեր ժողովուրդը կարենայ ինքզինք ապահովել` մասնակցութեամբ Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինին:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Այսինքն` այս մարմինը վաղուընէ սկսեալ հաղորդագրութիւններով մեր ժողովուրդին տեղեակ պիտի պահէ իր ընելիքներուն մասին: Արդէն ապրուստի դժուարութիւն կար, իսկ հիմա շատեր տուն չունին, ապահով երդիք չունին: Աշխարհի տարբեր կողմերէն կը կապուին` ըսելու համար, թէ ինչպէ՞ս կրնան գումար փոխանցել: Ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ արդէն կը տեսնենք, թէ դրամահաւաքներ սկսած են: Կայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յատուկ հաշուեհամարը, որ հիմնականն է, կայ նաեւ ՀՕՄ-ի նախաձեռնած դրամահաւաքը: Լիբանանահայութեան վերականգնման մարմինը պիտի ունենա՞յ իր հաշուեհամարը:

Յ. Բ.- Հիմնականին մէջ մեր փափաքն է, որ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ժընեւի հաշուեհամարին փոխանցուին գումարները: Շատ բնական է, որ իւրաքանչիւր միութիւն, իւրաքանչիւր կազմակերպութիւն պիտի չդադրի աշխատելէ, որովհետեւ ամէն մարդ իր շրջանակը ունի, իր համակիրները ունի, դուրսէն ամէն անհատի համար սրտին խօսող վայր մը կայ, դպրոց մը, միութիւն մը, կառոյց մը, հաստատութիւն մը: Ատիկա չենք կրնար արգիլել, տրամաբանական չէ արգիլելը: Վստահ, որ լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինը պիտի մտածէ իր հաշուեհամարը ունենալ: Ըսեմ նաեւ, որ կան անձնական նախաձեռնութիւններ, ո՛չ միայն դրամական իմաստով, այլ ապրանքատեսակի. մեզի հետ կապուեցան բարեկամներ Ժընեւէն, Կիպրոսէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Նահանգներէն` հարցնելով, թէ արդեօք որեւէ բանի կարիքը ունի՞նք: Գիտէք, երբ խուճապային մթնոլորտի մէջ կ՛ըլլանք, կը կարծենք, որ ինչքա՛ն ապրանք բերենք, օգտակար է, բայց յանկարծ կրնան նաեւ հասնիլ այնպիսի ապրանքներ, որոնք անգործածելի կրնան դառնալ ժամանակի ընթացքին, օրինակ` ժամանակը լրանալուն շատ մօտիկ թուականներով դեղորայք կրնան ղրկել կամ մեծ քանակութեամբ ուտեստեղէն, որ յանկարծ մթերելը դժուար ըլլայ: Այս բոլորը բնականաբար ժամանակի ընթացքին պիտի լուծուին: Կան անհատական նախաձեռնութիւններ, որոնք հասկնալի եւ ըմբռնելի են. մարդիկ կան, որոնք թերեւս վստահութիւն չունին միութիւններուն, կուսակցութիւններուն վրայ կամ կ՛ուզեն ուղղակի թիրախաւորուած կերպով տասը ծանօթ ընտանիքի օգնել: Հիմնականը սակայն այս անհատական աշխատանքներուն մէջ այն է, որ ոչ հայերէ ալ գումարներ գան, որովհետեւ խնդիրը միայն հայը հայուն օգնելու խնդիր չէ, այնպէս ինչպէս «Քորոնա»-ի առիթով հեռատեսիլի կայանէ մը դրամահաւաքին բաւական թիւով հայեր պետական Կարմիր խաչին կամ այլ հաստատութիւններու նուիրատուութիւն ըրին: Մեզի համար այս օժանդակութիւնները խիստ կարեւոր են. անհրաժեշտ է գիտնալ նաեւ, որ բացառիկ թափանցիկութիւն պէտք է այս բոլորին մէջ: Թափանցիկութիւն առաջին վայրկեանէն, եկած գումարներուն հասցէները, որոնցմէ՞ կու գան, ո՞ր հասցէին կ՛երթան, որովհետեւ ըսի-ըսաւները այնքան շատ են, պղտոր ջուրին մէջ ձուկ որսացողները եւ չարախօսները այնքան շատ են, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ մէկու մը 10 տարուան յայտարարութիւնը մէջտեղ կը դնեն, կը տարածեն. այս բոլորը կը հասկնանք, բայց իմ խնդրանքս է բոլորէն, այսօր քաղաքական հաշիւներ լուծելու ժամանակը չէ, մրցակցութեան ժամանակը չէ, մրցակցութիւն կրնանք ընել միայն յաւելեալ օժանդակութիւն բերելու գործին մէջ: Աւելի մեծ գումար ապահովելը պէտք չէ երբեք նշանակէ, որ այն կը ներդրուի քաղաքական հաշիւին մէջ, քաղաքական կամ ընտրական շահեր ապահովելու նպատակով. հոն չենք: Մենք այսօր խնդիր ունինք Լիբանանի հայութիւնը վերականգնելու: Ատկէ անդին, հաւատացէ՛ք, ատկէ անդին մտածելը եւ գործելը ազգային դաւաճանութիւն է: Մենք չենք կրնար այսօր օգտուիլ մարդոց տառապանքէն, ցաւէն, սեւ հագուստէն եւ ըսել, որ ես կրնամ 100 տուփ աւելի բերել. ի միջի այլոց այդ 100 տուփը հայութեան անունով առած կ՛ըլլան ծանօթ երեսփոխանէ մը, որ կը զարմանայ, թէ ինչպէ՛ս չէ հասած, մինչ ուրիշ տեղեր բաժնուած է, բայց որովհետեւ ժողովուրդը դժուարութեան մէջ է, կը նկարենք, ինչքան շատ նկարենք, այնքան շատ քաղաքական կարեւորութիւն կը ստանանք. մեր աւանդութիւնները քանդած ենք այս իմաստով, բայց որովհետեւ ընկերային ցանցերը կան եւ մարդիկ կ՛ուզեն տեսնել` ո՞ր տունը գացած ես, ո՞ր մարդուն, ո՞ր կնոջ, ո՞ր ծերուկին օգնած ես, դէմքը կամ տունը նկարած ես, բայց այսօր հոն չենք, այսօր Լիբանանի հայութիւնը պիտի փրկենք: Փրկելու համար պիտի լռենք, փրկելու համար քաղաքական մրցակցութիւն պիտի չընենք, միութենական մրցակցութիւն պիտի չընենք, երեւնալու մրցակցութիւն պիտի չընենք, այլ` հիմնականին մէջ լուրջ կերպով պիտի աշխատինք, որովհետեւ եթէ գաղութը չմնայ, ո՛չ ես կը մնամ, ո՛չ ուրիշներ կը մնան: Ի դէպ չկարծենք, որ կ՛ուզենք, որ այսօր գաղութը մնայ, որպէսզի երկու տարի վերջ եթէ երեսփոխանական ընտրութիւններ ըլլան, կարենանք վերընտրուիլ կամ քուէ ստանալ: Ատիկա չէ կարեւորը, «Քորոնա»-ի օրերուն մեր շտապը յայտարարեց, որ այս մարմինը Դաշնակցութեան կողմէ կազմուեցաւ, բայց համայն հայութեան համար է. ոչ մէկ հայ կրնայ ըսել, որ եթէ «Քորոնա»-ով վարակուեցաւ եւ մեզի դիմեց, մենք տարբերութիւն դրինք կամ նոյնիսկ հարցուցինք, թէ ի՛նչ կուսակցութեան կը պատկանի: Մեր խնդիրը այդ չէ, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ յարանուանական, ո՛չ գաղափարական, ո՛չ կուսակցական իմաստով: Բաշխումը եղաւ արդար, օժանդակութիւնները եղան արդար, հետաքրքրուածութիւնը եղաւ արդար եւ այդպէս պէտք է ըլլար, այդպէս ալ պիտի շարունակենք:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Այնքան մեծ է ցաւը եւ այնքան շատ են կարիքները, որ կը կարծենք միայն գործով կարելի է փաստել այս բոլորը: Խօսք մըն ալ ըսենք այն կամաւորներուն, սկաուտներուն, երիտասարդներուն, ուսանողներուն, որոնք իրենց վնասուած, աւերուած տուները ձգեցին եւ իջան կարիքաւորին ձեռք երկարելու: Իսկապէս շատ գեղեցիկ պատկերներ էին, որոնց անցնող օրերուն ականատես եղանք:

Յ. Բ.- Երբ դէպքը պատահեցաւ եւ ես կը վերադառնայի, ծանօթ մը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ մայրը կը մահանայ, օգնութեան հասնինք: Անմիջապէս «Ազատամարտ»-ի մեր հերթապահ ընկերոջ հեռաձայնեցի, որ արցունքոտ աչքերով ըսաւ. «Ընկե՛ր, աղջիկս վիրաւորուած է, տունս քանդուած է»: Տղաքը, որ գործի անցան եւ օգնութեան հասան, իրենց անձնական վիրաւորները ունէին իրենց տուներուն մէջ, հակառակ անոր, անմիջական իրենց պարագան բուժելէ, դարմանելէ ետք, ձգեցին ապակիները գետին, եկան ակումբներ եւ ամէն տեղ` օգնութեան փութալու: Այդ տեսարանը արդէն կորովդ կը բարձրացնէ. երեք օրէ հեռաձայնները չեն կենար, ոչ թէ դրամի համար, այլ պարզապէս ըսելու, որ մենք ձեր կողքին ենք. ժպիտով կամ ցաւով ըսուածը այնքան կորով եւ խիզախութիւն կու տայ մեզի, որ մենք մնալու եւ գոյատեւելու մեր ամրութիւնը աւելիով պաշտպանենք:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Անցնինք քաղաքական կողմին: Զայրոյթը եւ ցասումը այնքան մեծ են, որ բոլորը կ՛ըսեն, որ անոնք, որոնք մահացան այս արկածին, նահատակներ չեն, այլ զոհեր են, որոնք պէտք չէ մահանային, պէտք չէ բաժնուէին այս կեանքէն. բոլորս գիտենք Կեդրոնական Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն, ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու վրայ եղած հրապարակումներէն, որ որոշ մթնոլորտ մը կայ երկրին մէջ: Երէկ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ երեք երեսփոխաններով կը հրաժարի խորհրդարանէն, նաեւ ուրիշներ ալ նման քայլերու կրնան դիմել: Հայորդիներ կան, որոնք ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն վրայ անձնապէս ձեր հրաժարականը, ինչպէս նաեւ խորհրդարանին մէջ հայկական համայնքը ներկայացնող երկու երեսփոխաններու` Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքսան Մաթոսեանի հրաժարականները պահանջեցին: Այսօր ի՞նչ ունիք ըսելիք այս գծով:

Յ. Բ.- Մեր երեսփոխանները ընտրուած են մեր ժողովուրդին քուէով: Ընտրուած են, որպէսզի պատասխանատուութիւն վերցնեն, տագնապի եւ խուճապի մէջ քաղաքական որոշում չի տրուիր, նման հարցեր շատ ծանրակշիռ խնդիրներ են: Քիչ առաջ ըսի, որ պահը քաղաքական հաշիւներ մաքրելու պահ չէ. եթէ մէկը զիս չի սիրեր եւ չէ քուէարկած ու կը պահանջէ, որ հրաժարիմ, կը հասկնամ: Ուրիշ մը, որ թեկնածու է իր հոգիին մէջ եւ կ՛ուզէ հրաժարիմ, որ իմ տեղս առնէ, այդ ալ կը հասկնամ: Մեր եւ մեր նախարարին` Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի գործը (ի դէպ` կը յիշեմ, որ ասիկա ընտրական մեր միթինկներուն ըսած եմ) երկու ուղղութիւն ունի: Իբրեւ լիբանանցի երեսփոխան` մենք պարտաւոր ենք Լիբանանի շահերը պաշտպանելու, իբրեւ հայ երեսփոխան` մենք պարտաւոր ենք Լիբանանի հայութեան, մեր այս համախմբուած ուժը պաշտպանելու: Օրինակ` երէկ իրիկուն փողոցը «Օթէլ Կրէյ»-ը այրեց, որուն տէրը ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ալ պետական մարդ է, զբօսաշրջութեան մարզի մարդ մըն է. քանդումի վրայ քանդում աւելցնելը, ըմբռնելով անշուշտ զայրոյթի արտայայտութիւնը, մտածել կու տայ, որ երկիրը ո՛ւր կրնայ երթալ: Երեսփոխաններ հրաժարեցան, իրենց ընտրանքն է ատիկա: Նախարարներ հրաժարեցան, բայց ուրիշներ պիտի չհրաժարին, գէթ տեսանելի ապագային մէջ: Թէեւ այդ իրենց ընտրանքն է: Մեր կարծիքով` մենք պատասխանատուութենէ փախչողը չենք, նոյնիսկ եթէ մեզ այպանեն, որ բաժին ունինք նաւահանգիստի պայթումին մէջ: Բաժին չունինք. այո՛, դէպքը այս կառավարութեան, այս խորհրդարանի օրով եղաւ, բայց այս հարցերը խորհրդարան չէին գար, այս հարցերը կառավարութիւններու հետ կապուած են. անկեղծօրէն կ՛ըսենք, որ մենք այն տեսակը չենք, որ պատասխանատուութենէ խուսափինք, մեզի վստահուած է այս բեռը շալկել, չեմ կարծեր, որ այս բեռը այս օրերուն շալկելը շատ հաճելի բան է, չեմ կարծեր, որ այս բեռը շալկելը մարդոց համար պատուաբեր երեւոյթ է, եթէ կը կարծեն, որ առաջին կարգ նստիլը հաճոյք է կամ փողոց քալած ատենդ մէկու մը բարեւ տալը հաճոյք է, թող գիտնան նաեւ, որ այնքան անարգանք կայ, վարկաբեկում կայ, այնքան մեր արժանապատուութիւնը գետին զարնել կայ, որ եթէ այսօր խորհրդարանական ընտրութիւններու խնդիր դրուի, կրնայ ըլլալ, որ բազմաթիւ երեսփոխաններ չուզեն թեկնածու ներկայանալ: Մենք այս ժողովուրդը պաշտպանելէ չենք հեռանար: Ո՛չ մեր երեսփոխանները, ո՛չ ալ մեր նախարարը, որ բացառիկ գործ ըրաւ վեց ամիսներու ընթացքին մեր համայնքի իրաւունքներու պաշտպանութեան իմաստով, այն ինչ որ կարելի է` երիտասարդութեան կամ մարմնակրթութեան մարզերուն մէջ ըրաւ, եւ այո՛, ցաւի մէջ է, որ կառավարութիւնը այսօր այս վիճակին մէջ է, բայց տրամադիր չէ եւ չի կրնար պատասխանատուութենէ խուսափիլ, որովհետեւ ինք այդ տեսակը չէ, հակառակ անոր, որ կը կորսնցնէ իր բարեկամներն ու բարեկամուհիները, իր մօտիկներ, բայց այսօր քաջութիւն կ՛ուզէ գործի վրայ մնալը, ամէնէն դիւրինն է ըսել` չկրցայ, տուն կ՛երթամ. չձգեցին, տուն կ՛երթամ,

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Վարչապետը երէկ խօսեցաւ ընտրական օրէնքի նոր առաջարկ ներկայացնելու մասին: Արդեօք տեղեա՞կ էք ի՛նչ պիտի ըլլայ, ինչի՛ մասին է, կրնա՞յ ըլլալ, որ խորհրդարանական կանխահաս ընտրութիւններ ըլլան:

Յ. Բ.- Վարչապետը կանխահաս ընտրութիւններու մասին խօսեցաւ, այո՛, ասկէ առաջ ալ խօսած է, խորհրդարանին մէջ արտայայտուած է, նորութիւն չէ, վաղը կառավարութեան նիստ պիտի ըլլայ վարչապետարանին մէջ: Կանխահաս ընտրութիւններու հարցը երկու լուծում ունի. կառավարութիւնը կ՛որոշէ, կը ներկայացնէ խորհրդարան, խորհրդարանը կրնայ ընդունիլ կամ ոչ, երկրորդ` կառավարութիւնը կրնայ հրաժարիլ, բան չի փոխուիր կացութենէն: Կառավարութիւնը կը մնայ մինչեւ նորի մը կազմութիւնը: Մենք գիտենք, թէ կառավարութիւնները ինչքա՛ն դժուար կը կազմուին: Տագնապը աւելի կը սրի, եթէ ուզուածը տագնապի սրումն է եւ մարդոց աւելի անօթենալը, որպէսզի այլ պետութիւններ գան եւ իրենց իշխանութիւնները տարածեն երկրին մէջ. այո՛, բայց կառավարութիւնը կը մնայ իբրեւ ընթացիկ աշխատանքները վարող կառավարութիւն. չեմ գիտեր ամերիկեան տոլարի արժէքը ինչ կ՛ըլլայ, բայց տագնապը հաստատ չի լուծուիր: Պատերազմի ընթացքին միակ օրինական հաստատութիւնը, որ մնաց, խորհրդարանն էր: Կարելի չէ պարզապէս անմիջական ազդեցութեան տակ, չեմ ուզեր ըսել ամբոխահաճոյ թուելու համար, մարդիկ հրաժարին իրենց պատասխանատուութենէն, հակառակ անոր որ վաղը եթէ ընտրութիւն ըլլայ, նոյն անհատները դարձեալ պիտի ներկայանան` գիտնալով հանդերձ, որ երկրին մէջ քաղաքական իմաստով ոչինչ փոխուած է:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Խորհրդարանին մէջ կա՞ն արդեօք քաղաքական ուժեր, որոնք նախատեսած են հրաժարական ներկայացնել յառաջիկայ ժամերուն ընթացքին, տեղեկութիւններ ունի՞ք:

Յ. Բ.- Անկեղծօրէն Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը յայտարարութիւն մը ըրած է: Տեսէ՛ք, խորհրդարանը 64 երեսփոխանով կրնայ նիստ գումարել: 64 հոգի պէտք է հրաժարի, որպէսզի խորհրդարանը լուծարուի: Չեմ կարծեր, որ այս խորհրդարանէն 64 հոգի կը հրաժարի: Այս ձեւով երկիրը կը յայտնուի քաոսի մէջ, կը մատնուի անել կացութեան: Ոչ թէ կ՛ուզենք երեսփոխան մնալ անպայման, ես չեմ մնար, ուրիշը կու գայ, խնդիրը այսպէս չէ: Խնդիրը այն է, որ պէտք է մտածենք քաոսի եւ նուազագոյն իմաստով այս հարցէն ելլելու մասին:

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.».- Միջազգային գետնի վրայ տարբեր երկիրներու ղեկավարներ այսօր նաեւ հեռակապով հաղորդակցութիւններ կ՛ունենան Լիբանանի օժանդակութեան համար, բնականաբար յստակ կ՛երեւի Լիբանանի մէջ դերակատարութիւն ունենալու ազդակը: Թրքական պատուիրակութիւն մը եկաւ, տեսանք նաեւ, թէ տարբեր շրջաններու մէջ ինչպէս ծափողջոյններով դիմաւորեցին այդ թրքական պատուիրակութիւնը: Պիտի ուզեմ խօսինք նաեւ Լիբանանի մէջ օտար գործօնին մասին: Կ՛ուզեմ նաեւ, որ Մաքրոնի այցելութեան եւ թրքական պատուիրակութեան մասին արժեւորում մըն ալ ընէք: Շատեր հարց տուին, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան մէջ, Մաքրոնի հետ հանդիպումին դուք ներկայ չէիք:

Յ. Բ.- Շատ պարզ ըսեմ` չէինք հրաւիրուած: Յաջորդ առաւօտ դեսպանին հետ կապուեցայ, եւ ներողութիւն խնդրեց, որ չենք հրաւիրուած, ըսաւ նաեւ, որ սեպտեմբեր 1-ին կը վերադառնայ: Ըսի. «Պարզ է, կ՛երեւի դուք կը հրաւիրէք անոնց, որոնք երկրի քանդումին մասնակցած են, շնորհակալ ենք, որ մեզի չէիք հրաւիրած, որովհետեւ մենք քանդումին չէինք մասնակցած»:

Այո՛, միջազգային միջամտութիւններ կան, հիմնականին մէջ թրքական, որ ոչ անպայմանօրէն հակահայ իմաստով է, բայց այս առիթով պէտք է ուրիշներ գիտնան, թէ ի՛նչ է Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Լիբանանի մէջ: Ամէն պարագայի անմեղ չէ, վերադարձ է նախկին օսմանեան երազին, տնտեսական շահեր ապահովելուն: Երբ կը յայտարարէ, որ պատրաստ են նաւահանգիստը կառուցելու, կը մտածես, որ նաեւ կրնան իրենք մասնակից ըլլալ նաւահանգիստը քանդելու աշխատանքին. ամբաստանութիւն չէ ըրածս, սակայն ո՛չ պատահածը անմեղ էր, ո՛չ ալ յանկարծ այս երկիրներու մօտեցումը` տնտեսական օժանդակութիւն, որուն կը յաջորդեն քաղաքական միջամտութիւններ, անպայման անմեղ են:

Վերջապէս, կը հաւատամ մէկ բանի, Լիբանանի հայութիւնը պիտի ապրի, հոս պիտի մնայ, ան որ կը փափաքի ձգել այս երկիրը, մէկ ուղղութիւն ունի, Հայաստա՛ն:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Հայաստանէն փոքր պատուիրակութեամբ մը հասած է արդէն օժանդակութիւններու առաջին օդանաւը, անոր պիտի յաջորդեն երկու օդանաւեր եւս:


Հարցազոյցը վարեց ԼՈՐԻԿ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Հարցազրոյցը արտագրեց ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ

aztagdaily.com