Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Եւրոպական Միութեան Աթէնքի գրասենեակներուն առջեւ երէկ Հինգշաբթի 29 Հոկտեմբեր 2020ի երեկոյեան ժամը 5ին, համախմբուեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդ, ընդառաջելով Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կոչին։ Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին նաեւ Յունաստանի մէջ եգիպտական, արաբական եւ քրտական համայնքներու անդամներ, որոնք իրենց ներկայութեամբ զօրակցութիւն յայտնեցին հայ ժողովուրդին։
Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի, Գոմոթինիի, Գավալայի, Ալեքսանտրուպոլսոյ, Քալամաթայի եւ Յունաստանի այլ քաղաքներու մէջ կազմակերպուած ցոյցերու եւ հաւաքներու շարքը կ’երկարի, քանի որ իւրաքանչիւր հայ, իր բնակած վայրին մէջ ըլլալով հանդերձ, իր ձայնը կը միացնէ ամբողջ հայութեան պահանջատէր կոչին՝ վերջ տալու թուրք-ազերիական յարձակումներուն Արցախի դէմ եւ ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի իրաւունքը։
Հաւաքին մասնակիցները կը կրէին դիմակներ եւ հեռաւորութեան սահմանները պահած էին իրարու միջեւ, համավարակի պարտադրած կանոնները յարգելու բծախնդրութեամբ։ Խոշոր պաստառներ պարզած էին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի դրօշակները։ Կային լոզունգներ կրող պաստառներ եւ գրութիւններ ու լուսանկարներ, ուր կը բացայայտուէր թուրք-ազերիական յարձակումներու ճշգրիտ պատկերը։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան անդամները, բարձրախօսով տեղեկութիւններ կարդացին, նկարագրելով Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան նաեւ Թուրքիոյ հանդէպ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու վարած քաղաքականութեան շուրջ։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան պատասխանատու ընկերներու կողմէ յուշագիր մը յանձնուեցաւ Եւրոպական Միութեան Աթէնքի ներկայացուցչութեան, ուր կը բացայայտուէր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, անոնց իրագործած վայրագ յարձակումները Արցախի եւ Հայաստանի դէմ, արգիլուած զէնքերու գործածութիւնը եւ անզէն բնակչութեան դէմ կիրարկուած բռնութիւնը, նշելով թէ բոլոր այս արարքները կը հակասեն մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան օրէնքներուն եւ պատերազմի յանցագործութիւններ կը նկատուին մարդկութեան կողմէ։
Նոյն յուշագրին մէջ կոչ կ’ուղղուէր Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ դերը կտրուկ դատապարտելու, անզէն բնակչութեան դէմ գործադրուած ոճիրները բացայայտելու, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու դիմելու, շրջանի ապակայունացումը յառաջացնող ճիհատիստներու ներկայութիւնը արգիլելու եւ եւրոպական երկիրներէ Թուրքիոյ զինամթերքի վաճառքը կասեցնելու։
Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի ընկերները, կարճ հարցազրոյցներ տրամադրեցին յունական, ինչպէս նաեւ ռուսական եւ քրտական լրատուամիջոցներու։
azator.gr