Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան եւ Ճօ Զուլիքեան 6 հոկտեմբերին այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան փոխդեսպան Սքիլվ Մարթին Լասընի հետ:
Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ մէկ օր առաջ Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ քառակողմ հանդիպումէն ետք հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան:
Մարմինը Եւրոպական Միութեան փոխդեսպանին ուշադրութեան յանձնեց, որ այն, ինչ որ Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ, յայտարարութեան մէջ նշուածին նման «զանգուածային տեղափոխութիւն» չէ, այլ` բռնի տեղահանութիւն եւ ցեղային զտում:
Անդրադառնալով կալանաւորուածներու ազատ արձակման կոչին` Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ ատիկա կոչի սահմաններուն մէջ պէտք չէ մնայ:
Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նշեց, որ տեղահանուածներու տունդարձի իրաւունքը պէտք է յարգուի, եւ ատոր համար պէտք է ապահովուին անվտանգութեան հաւաստի եւ ուժեղ երաշխիքներ, որոնց կարեւորագոյններէն են ազրպէյճանական ուժերու ելման կէտ վերադարձը, իսկ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծումը պէտք է սկսի ազրպէյճանական ուժերու Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն հեռանալէն ետք:
Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը պէտք է տեղի ունենայ առանց նախապայմաններու, իսկ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է միայն ճամբայ ըլլայ եւ ոչ թէ միջանցք:
Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ արդէն շատոնց աւարտած է ժամանակը կեղծ անկողմնակալութեան ծնունդ եղող կոչերուն, որոնք յանցագործն ու անոր զոհը կը դնեն նոյն նժարին վրայ, եւ որոնք անցնող 30 տարիներուն ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ ընկալուած են իբրեւ «կանաչ լոյս»` շարունակելու իր յարձակողական քաղաքականութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ըսաւ, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է այլեւս դադրի յայտարարութիւններ կատարելէ ու կոչեր ուղղելէ, եւ որդեգրէ շօշափելի քայլեր, որոնք կը սանձեն Ազրպէյճանը:
Եւրոպական Միութեան փոխդեսպանը խոստացաւ հանդիպումի ընթացքին արծարծուած կէտերը փոխանցել Պրիւքսելի:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը հանդիպումի աւարտին փոխդեսպան Լասընին յանձնեց արծարծուած կէտերուն վերաբերեալ յուշագիր մը: