Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար, Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան, թէ՛ Արցախ-Ազրպէյճան յարաբերակցութիւններուն վերաբերեալ:
Բանաձեւերը աննախընթացօրէն հայանպաստ են թէ՛ հայաստանեան ինքնիշխան տարածքներէն ազրպէյճանական զօրքերը հեռացնելու, թէ՛ Բերձորի միջանցքը բանալու, թէ՛ ռազմագերիներու վերադարձը պահանջելու եւ մանաւանդ հելսինքեան հռչակագիրի նշումով` ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիմնադրոյթը ընդգծելու առումով: Տակաւին կան ածանցեալ այլ սկզբունքներու նշումներ, որոնք կը համատեղուին հայկական կողմի առաջադրանքներուն հետ եւ կը սաստկացնեն քննադատութիւնները ազրպէյճանական կողմին: Քաղաքական տրամաբանութիւնը կը յուշէ եւրոպական հայեցակէտերը դիտարկել եւ ըստ այնմ ընկալել ամրագրուած կէտերու բուն շարժառիթները:
Առաջին բանաձեւին հանգուցակէտը 7-րդ կէտն է, որ կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահմանին Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու տեղակայուած փորձագէտներու քանակը, աւելցնելու առաքելութեան կարողութիւնները, ամրապնդելու շրջանին մէջ ներկայութիւնը:
Մինչեւ 7-րդ կէտ հասնիլը կը տրուին հիմնաւորումներ: Պարզ է, որ այստեղ մղումը Հարաւային Կովկաս թափանցելն է եւ այնտեղ եւրոպական ներկայութիւնը արմատաւորելը: Այստեղ աշխարհագրութիւնը աւելի մասնակի` Հայաստան-Ազրպէյճան ընդհանուր սահմանն է:
Երկրորդ բանաձեւը կը շարունակէ եւրոպական այս քաղաքականութեան այլ ուղղութեամբ փակագիծեր բանալը. արդարեւ, 6-րդ կէտով լոյս կը սփռուի ամբողջ քաղաքականութեան մը վրայ. Եւրոպական խորհրդարանը կը դատապարտէ ռուս խաղաղապահներու անգործութիւնը, կը գտնէ, որ անոնց ՄԱԿ-ի լիազօրութեան տակ ԵԱՀԿ-ի միջազգային խաղաղապահներով փոխարինումը պէտք է դառնայ հրատապ բանակցութիւններու նիւթ:
Ահա այստեղ է մնացեալ ամբողջ կէտերու հիմնաւորումի հանգամանք ըլլալու իրողութիւնը: Խնդիրը մարդասիրական աղէտի, պատանդուած վիճակի, թէ ցեղասպանութեան վտանգի ենթակայ ըլլալէն աւելի դարձեալ տարածաշրջանին մէջ աշխուժ ներկայութիւն դառնալուն կը վերաբերի:
Եթէ առաջին բանաձեւը կը խօսի Հայաստան -Ազրպէյճան սահմանին եւրոպական առաքելութիւններուն թափ հաղորդելու մասին, երկրորդի պարագային արդէն խաղաղապահ ուժերու տեղակայման հրատապութիւնը կ՛ընդգծէ:
Արձանագրենք, որ եւրոպական միակողմանի առաքելութիւններու ուղարկման կտրականապէս դէմ է Պաքուն. զայն անարդիւնաւէտ նկատեց նաեւ Մոսկուան, իր արտաքին գործոց նախարարին ճամբով: Իսկ Անգարան արտաքին միջամտութիւններու խանգարիչ գործօնի մասին պաշտօնապէս յայտարարութիւն կատարեց:
Եւրոպական գերաշխուժութեան ուղղութեամբ ընդհանուր ակնարկներ կատարած է Իրանը: Շեշտակի այս բանաձեւը համաչափ արձագանգ չէ գտած Թեհրանի կողմէ:
Որքան ալ առարկուի, որ Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը չէ, եւ անոր բանաձեւերը չեն վերածուիր մեքենաբար Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան գերակայ ուղղութեան, այդուհանդերձ եւրոպական ատեաններու կողմնակի քայլեր համաեւրոպական լրացուցիչ գործօնի ազդեցութիւնը կը ձգեն:
Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարները կ՛որդեգրեն տարբեր բնոյթի առաքելութիւններ Հայաստան ուղարկելու ծրագիրը: Մինչ, Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները իրենց գործընկերները կը հրաւիրեն համակարգելու Սիւնիքին աջակցութիւն տրամադրելու նախագիծերը: Հետզհետէ աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուող Սիւնիքի մէջ եւրոպական ներկայութեան հաստատման համապատասխանող քայլ է, որ կ՛առնուի այս ձեւով:
Եւրոպական խորհրդարանի 18 եւ 19 յունուարի բանաձեւերն ալ կը խօսին ԵԱՀԿ-ի հելսինքեան հռչակագիրի հիմնադրոյթներուն վերադառնալու անհրաժեշտութեան մասին եւ անոնց շարքին կ՛ընդգծեն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Այստեղ սակայն խօսքը անպայման ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային գործընթացը վերստանձնելու մասին չէ: Մինսք կը նշանակէ համանախագահութիւն, ուր ներգրաւուած է նաեւ Ռուսիան. ամբողջ խնդիրը Մոսկուայի դուրս մղումն է այս գործընթացներէն:
Այս տեսութիւնը դէպի առարկայացում կ՛երթայ երկրորդ բանաձեւի 10-րդ կէտով` Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ` եռանդուն կերպով ներգրաւուելու եւ ապահովելու, որ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները այլեւս պատանդ չըլլան Պաքուի աքթիւիզմին, Ռուսիոյ ապակառուցողական դերին եւ Մինսքի խմբակի անգործութեան:
Եռանախագահութեան փոխարէն ուրեմն Եւրոպական խորհրդարանը անուղղակիօրէն գործնական առաջարկ կը կատարէ, երբ առաջին բանաձեւի 5-րդ կէտով աջակցութիւն կ՛արտայայտէ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի` Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմ հանդիպումներ կատարելու նախաձեռնութեան:
Տարածաշրջան ներկայութիւն, ռուսական տիրոյթներ թափանցում, հակակշիռ ազդեցութեան գօտիի ստեղծում եւ աշխարհաքաղաքական նոր խաղադաշտին մէջ բաժնեմաս ունենալու միտուած գործողութիւններ: Այս բոլորին մէջ միջնորդական հակամարտութիւնը տարբեր խաղցողներու միջեւ հետզհետէ կը թէժանայ:
Շատ նուրբ դիւանագիտութիւն որդեգրելու եւ կիրարկելու հրամայականին անմիջականութեան առջեւ է հայկական կողմը: Հայաստանն ու Արցախը գերտէրութիւններու շահերու բախման կէտին վրայ յայտնուած են: Եւրոպական խորհրդարանի հայանպաստ բանաձեւերէն խանդավառուիլը գետնի վրայ առաւելներ կրնայ չարձանագրել: ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ ԵԱՀԿ-ի խաղաղապահները կրնան ուշանալ: Չմոռնանք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն մինչ այժմ չբխեցաւ որեւէ յայտարարութիւն:
Այս բոլորով հանդերձ հայկական կողմը պիտի շարունակէ թէ՛ ազրպէյճանական զօրքերու հեռացումի, թէ՛ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի կամ ընդհանրապէս Եւրոպական խորհրդարանի բարձրացուցած այլ հայանպաստ հիմնադրոյթները ներառած արտաքին քաղաքականութիւն վարել բոլոր ուղղութիւններով:
«Ա.»
aztagdaily.com