Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայկական աշխարհի իրադարձութիւններուն հետեւողը գերաշխուժ վիճակ պիտի նկատէ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու նախաձեռնութիւններու` յատկաէս արցախեան պատուիրակութիւններու տարբեր երկիրներու այցելութիւններ կազմակերպելու առումով:
Աւստրալիոյ դաշնակցային մակարդակով կայացած ընդունելութիւններ` Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի գլխաւորած պատուիրակութեան, զուգահեռ` Պելճիքայի Ալսթ քաղաքի աւագանիին հետ Արցախի Շահումեանի շրջանի ղեկավարութեան ներկայացուցչութեան հանդիպումները աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ Արցախի ճանաչելիութեան նպաստող կարեւոր երեւոյթներ են: Աւելի՛ն. ծերակուտականներու, Ներկայացուցիչներու տան անդամներու եւ մնայուն յանձնախումբերու հետ կայացած հանդիպումները Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման սատարող քաղաքական գործողութիւններ են:
Հայ դատի գերակայ ուղղութիւններու ընդառաջ առնուած քայլերու ընդհանուր պարունակին մէջ կը նկատուի նաեւ Մոնրէալի մէջ կայացած հանդիպումը Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուներուն եւ Քանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարարին միջեւ: Նաեւ` Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Հայաստան ժամանած Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Ելենի Քունալաքիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են Քալիֆորնիոյ, Արիզոնայի եւ Քոլորատոյի նահանգային Ծերակոյտի անդամներ: Մինչ, Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ղեկավարութեան մօտ կ՛արծարծէր մշակութային արժէքներ-Ազրպէյճան անհամատեղելիութիւնը եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան Ազրպէյճանի կողմէ ոչնչացման աքթերուն ծալքերը:
Կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող ռազմավարական այս ուղղութիւններուն վրայ առնուած նախաձեռնութիւններն ու իրականացուող գործողութիւնները կը նախանշեն, որ Հայ դատի համակարգը մեր զոյգ հանրապետութիւններուն արտաքին քաղաքականութեան իրականացման անշրջանցելի ենթահող կը հարթէ եւ էապէս կը սատարէ հիմնական առաջադրանքներու իրականացման:
Դիւրին չէ այս ճանապարհէն անցումը: Միջազգային ճանաչում չունենալու փաստը ամէն առիթի կը շահարկուի Ազրպէյճանի կողմէ, որ կը բողոքէ ամէն առիթի: Ազրպէյճանի հետ դիւանագիտական կապեր ունեցող պետութիւնները, առաւել եւս անոնք, որոնք տնտեսական գործարքներ ունին Պաքուի հետ, հաշուի կը նստին Ազրպէյճանի հետ:
Ֆրանսայի դատական որոշումները միայն իրաւական բնոյթ չունին անշուշտ: Անոնք ենթակայ են տնտեսական շահերու հիման վրայ ընթացող Պաքու-Փարիզ յարաբերութիւններուն: Հայ դատի յանձնախումբերը սակայն թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ իրաւական աշխատանքները կը շարունակեն ֆրանսական եւ արցախեան քաղաքներու միջեւ կնքուած համաձայնագիրները չեղեալ յայտարարելը անվաւեր հռչակելու ուղղութեամբ:
Արցախեան հակամարտութեան առումով յիշենք պարզապէս, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երկու նշանակալի բանաձեւ որդեգրեց, առաջինը` շփման գիծին վրայ անվտանգութեան երաշխաւորման նպաստող, երկրորդը` Ստեփանակերտի օդակայանին դէմ օգտագործելի զինատեսակներու վաճառքը արգիլող: Երկուքն ալ նախաձեռնութիւն` Ուաշինկթընի Հայ դատի գրասենեակին:
Հայ դատի համակարգը թէ՛ իբրեւ աշխատակարգ` ցանցային դրուածքի նպատակաուղղուած գործունէութեան առումով եւ թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն` այս պարագային Արցախի Հանրապետութիւն եւ տարբեր երկիրներու նահանգային եւ քաղաքային մակարդակներու վրայ հորիզոնական, ուղղակի կապեր ստեղծելով փուլ առ փուլ կ՛իրականացնէ այն մեծ օրակարգը, որ էապէս համահայկական է եւ որ խորքին մէջ մեր հայրենիքի անվտանգութեան սատարող կարեւորագոյն երաշխիքն է:
Ա.