Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կառավարութեան կազմութեան ժամկէտը կը մօտենայ իր աւարտին: Վարչապետի նշանակման հրամանագիրին հրապարակման հետ շրջանառութեան մէջ մտաւ 15 օրուան ընթացքին կառավարութիւն կազմելու համընդհանուր, թէկուզ պայմանական, մօտեցումը:
Վարչապետի նշանակման եւ կառավարութեան կազմութեան միայն չեն վերաբերիր ժամկէտները: Կան նաեւ բարենորոգման ծրագիր մշակելու քանի մը ամսուան տեւողութեան եւ ապա Ֆրանսայի նախագահի հերթական այցելութիւններու ժամկէտները` բարեկարգումներու գործնական փուլերուն գնահատման եւ ըստ այնմ միջազգային ընտանիքի դիրքորոշման պայմանականութեամբ:
Երեւութապէս եւ հրապարակային յայտարարութիւններով բոլոր ժամկէտները կը վերաբերին վարչակառավարման բարեկարգումներու: Աշխատանքային ժամանակացոյցը արագ գործողութիւններ կը պահանջէ եւ յայտարարութիւնները` ակնկալութիւններու իմաստով յստակ ուղերձներ կը փոխանցեն: «Տենդագին կը վստահինք, կ՛աջակցինք Լիբանանի կառավարումը ստանձնած ուժերուն, որպէսզի իրենց յանձնառութիւնները ստանձնեն, այլապէս նոյն տենդագինութեամբ դէմ կը կենանք իշխող ուժերուն»: Ահա նախագահ Մաքրոնի ուղերձը կառավարութիւն կազմած ուժերուն:
Վստահելու առաջին բաժինը համահունչ չէ քաղաքացիական անհնազանդութեամբ երկրի վարչակարգ ու համակարգ փոխել որոշած շարժումներուն: Պայմանը չյարգելու պարագային հնչած երկրորդ բաժինը` տենդագին դէմ կանգնելու իշխող ուժերուն, կը թուի, որ հարազատ է վարչակարգ տապալելու նպատակով փողոց դուրս եկած ցուցարարներուն:
Համընկնումներու գործնական փուլերը այստեղ կը սկսին միջազգային ընտանիքի եւ նոր համակարգ պահանջողներու իրավիճակ փոխելու անմիջականութեան տեսակէտէն: Ֆրանսայի նախագահի բանաձեւը այն համոզումը չի փոխանցեր, որ Փարիզը միջնորդական կարճատեւ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ Պէյրութի մէջ: Եթէ բարեկագումներու համոզիչ ծրագիր չմշակուի եւ գործնական տեսք չստանայ, ապա միջազգային ընտանիքը կը լքէ Լիբանանը իր ճակատագիրին: Այդպէս չէ: Կայ բանաձեւին երկրորդ բաժինը` տենդագին դէմ ելլել իշխող ուժերուն, եթէ սահմանուած ժամկէտներուն կառավարող ուժերը չբաւարարեն միջազգային ընտանիքի պահանջները:
Ա՛յդ պարագային է փաստօրէն, որ կը սկսի ներքին-արտաքին պահանջ-ճնշումներու գործընթացը: Չի բացառուիր, որ քաղաքականօրէն առաջադրուածը այդ է: Միջազգային ընտանիքի բաղկացուցիչ տարրերը Լիբանանի վարչակառավարման եղանակներէն աւելի, շահագրգռուած են ազդեցութեան գօտիներու հաստատումով, ընդլայնումով, ընդծովեայ ուժանիւթով, այլոց թափանցումները հակակշռելու գործողութիւններու իրականացումով, ծովային պաշարներու շահագործման համար քարիւղահան ընկերութիւններու ճշդումով, կամ` նաւահանգիստ ու քաղաք հիմնովին վերանորոգելու շինարարական աշխատանքներու ստանձնումով, ընդհուպ մինչեւ ելեկտրականութեան կամ ենթակառուցուածքային նշանակութիւն ունեցող ոլորտներու ապապետականացումով կամ սեփականացումով:
Լիբանանեան կողմերը իրենց քաղաքական մանրադիտակներուն ներքոյ կը նկատեն այս բոլոր շարժումներուն ետին գտնուող բանակցութիւնները, առեւտրական մօտեցումները կամ տնտեսական շահագրգռութիւններու վրայ հիմնուած շարժումները: Այս իրականութիւնը պիտի մղէ բոլոր կողմերը փակուղիէն դուրս գալու եւ ոչ թէ այլոց պարտադրած բարեկարգումներուն, այլ երկրի ու պետութեան շահերէն մեկնած եւ պետականութեան համար գոյաբանական իմաստ ստացած խնդիրը լուծելու ուղղութեամբ ճակատագրական քայլեր առնելու:
Լիբանանի նոր կազմուելիք կառավարութիւնը պէտք է ունենայ հիմնական մէկ գործառոյթ` վերականգնել փլուզուած տնտեսութիւնը: Այստեղ սակայն զուգահեռ գործընթացները տեսանելի են: Լիբանանի տնտեսութիւնը կը վերականգնի տնտեսական ապաշրջափակումով միայն. ինչ որ դարձեալ արտաքին գործօններէ կախեալ է: Ապաշրջափակումը պայմանական է: Տեսքով բարեկարգչական, ըստ էութեան` քաղաքական:
Տարբեր դերակատարներու շահագրգռուածութեան չափն ու տարողութիւնը նկատելով հանդերձ, քաղաքական հաշուարկի տրամաբանութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Մեծ հաշուով թափանցելու, միջամտելու եւ ազդելու մրցապայքարը հետզհետէ կը բեւեռանայ Փարիզի եւ Անգարայի միջեւ: Փարիզի աշխուժացումը ի վնաս Անգարայի կ՛ընկալուի, եւ հակառակը` բնականաբար:
Ո՛չ միայն հայկական հայեցակէտէ մեկնած (եւ պահ մը շրջանցելով երկրի վարչակառավարման հետագայ դրութեան նկատմամբ գոյութիւն ունեցող պատկերացումները), զուտ լիբանանեան հայեացքներով` Անգարայի յաւելեալ հաստատուիլը չի բխիր այս երկրի շահերէն:
Անգարայի ներկայութիւնը պայմանաւորուած է տուեալ աշխարհագրական միջավայրի քաոսացումով: Այդպէս էր Սուրիոյ մէջ. այդպէս էր Իրաքի մէջ. այդպէս է Լիպիոյ մէջ:
Փարիզի «հոգատարութիւն»-ը ներկայ պայմաններուն մէջ կը սանձէ թրքական յառաջխաղացքը: Իսկ Փարիզը ժամկէտները յարգելու հրամայականները կ՛ընդգծէ:
«Ա.»
aztagdaily.com