կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-27 00:00
Առանց Կատեգորիա

Ուսումնասիրական Առաջադրանքներ Եւ Դժուար Բացայայտելի Ուժի Մը Գաղտնիքը (Լիզպոնի Հերոսական Արարքին 36-ամեակին Առիթով)

Ուսումնասիրական Առաջադրանքներ Եւ Դժուար Բացայայտելի Ուժի Մը Գաղտնիքը (Լիզպոնի Հերոսական Արարքին 36-ամեակին Առիթով)

Լիզպոնի անձնազոհութեան արարքին մասին, ոգեկոչական նշումներէն, յանձնառութիւններու վերստանձնումներու խորհուրդներու պարզաբանումներէն եւ երիտասարդական հաւաքական ուխտերու վերանորոգումներէն անդին, արժէ ուսումնասիրական աշխատանքներ պատրաստել քանի մը ուղղութիւններով:

Ա.- Եթէ Լիզպոնը իբրեւ պայքարելաձեւ եւ ուղերձ փոխանցող գործողութիւն կը նկատուի յեղափոխական աւանդներու վերադարձի որոշումով յատկանշուած սփիւռքահայ երիտասարդութեան հրամցուցած շարքին գագաթը, ապա անհրաժեշտ է թղթածրար պատրաստել, որ Լիզպոնէն ետք որքանո՞վ իրականացան լռութեան պատի ճարճատումները, եւ գործնապէս քանի՞ պետութիւն համալրեց ցեղասպանութեան ճանաչման արշաւին ընդառաջածներու շարքը:

Բ.- Միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորման վրայ ազդող օրուան մամուլին, պետական եւ հասարակական գործիչներուն կողմէ կատարուած հրապարակումները եւ Հայ դատի այժմէականութեան անդրադարձող վերլուծումներու մէկտեղումը օգտակար կը հանդիսանայ արարքին ձգած ազդեցութեան հզօրութեան մասին պատկերացում ունենալու փորձին:

Գ.- Լիզպոնի հերոսներուն անցած ուղին, ուսումնական եւ գաղափարական դաստիարակութիւնը, իւրայատուկ հնոցային գոյութեան մը ջամբած ժողովուրդին եւ հայրենիքին անմնացորդ ծառայելու պատրաստուածութեան մասին փաստացի նշումներու հանրագումարը կը համոզեն բոլորը եզակի միջավայրի մը բացառիկ արտադրողականութեան գերագոյն օրինակին մասին:

Դ.- Լոյսին բերել թրքական հակազդեցութիւններու իրերայաջորդականութիւնը` ընդգծելու համար թշնամիին անդրադարձումը` հայկական անտեղիտալի հզօր ներուժին եւ գուցէ նաեւ համոզելու բոլորը, որ հայոց իրաւունքներու վերականգնման համար սփիւռքի մէջ հասակ նետած երիտասարդութեան փաղանգ մը աննահանջ եւ ամէն տեսակ արգելք յաղթահարող երթը հաստատակամօրէն շարունակելու վճիռ տուած է:

Ե.- Ընդգծել գործողութեան նուաճած նոր շրջափուլը` պահանջատիրութեան պայքարին մէջ գերագոյնը նուիրաբերելու ազնուագոյն փաստին ներշնչումով, խորհուրդին կլանելու համար հազարաւոր համրանքներ հաշուող քաղաքական պայքարի դրօշը պարզած երիտասարդութեան: Եւ անշուշտ այդ երիտասարդութեան գաղափարաքաղաքական գործունէութեան յետլիզպոնեան ժամանակահատուածը:

Զ.- Լիզպոնէն ընդամէնը 5 տարի ետք արցախեան ազատամարտի քուրային մէջ նետուած լիզպոնեան հերոսագործութեան խորհուրդները ընկալած երիտասարդութեան մղումին մէջ` 5 հերոսներու գերագոյն սխրագործութեան ունեցած ներդրումը:

Է.- Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալէ ետք ուսումնասիրել նաեւ Լիզպոնի հերոսագործութեան նշման վայրերու աշխարհագրութիւնը եւ գաղափարական միջավայրերը: Հաւանաբար եզրակացնելու համար, որ համայն ազգին ու բոլորիս հայրենիքի ազատագրութեան համար առաւելագոյնը նուիրաբերած հայորդիներու արարքը համահայկական տարողութեան համարժէք վերաբերում չ՛ունենար դժբախտաբար: Եւ թերեւս լիզպոնեան ուղեցոյցը պատճառ դառնայ, որ ամէն տեսակ հատուածայնութիւն շրջանցուի, երբ կարգը հասնի հայրենիքի եւ ժողովուրդի համար նահատակութեան պսակ նուաճած իւրաքանչիւր հայու կատարածը յարգելուն` պատմական ի՛նչ փուլի ալ պատկանած ըլլայ ան:

Վերը նշուած առաջադրանքային ուսումնասիրութիւնները ի վերջոյ կը միտին ոգեկոչականին առընթեր ամբողջական գնահատական տալ արարքի մը, որ հոգեշարժ յաջողեցաւ գրանցել պահանջատիրական գաղափարներով տոգորուած երիտասարդութեան մօտ: Նման համակողմանի աշխատասիրութեան մը ծանօթացողը յաւելեալ հիմնաւորումներու կրնայ պէտք չունենալ բարոյական հիմքեր ունեցող ազատագրական պայքարը շփոթելու նորովի սահմանում եւ ընկալում ստացած հաւաքական սպանդներու պատճառ դարձող ահաբեկչական եզրին հետ:

Ապրիլեան կայծակնային պատերազմի օրերուն հայրենիքի սահմանները մինչեւ վերջին շունչ պաշտպանող Վաչէին, Սիմոնին, Արային, Սեդոյին եւ Սագոյին հասակակիցները նմանատիպ ինքնապայթումներու դիմեցին` թշնամիին չյանձնելու համար հայկական դիրքերը:

Առաջադրանքային ուսումնասիրութիւնները անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ դժուար պիտի ըլլայ որեւէ գիտաշխատողի համար այդ բոլորէն ետք գտնել գաղտնիքը այն ուժին, որ միեւնոյն ինքնազոհութեան գերմարդկային կատարումին առաջնորդեց եւ դեռ վստահաբար կ՛առաջնորդէ սփիւռքի մէջ հասակ նետած հայրենիքը չտեսած եւ շնչող հայրենիքի սահմանները պաշտպանող հասակակիցները: Անո՛նք են, որ իրաւունք կը վաստակին գծելու ամբողջական Հայաստանի սահմանները:

Ա.