Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան շրջանային անցուդարձերը, Լիբանանի կառավարական տագնապը եւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական ու ընկերային դժուարութիւնները:
Բագրատունի անհրաժեշտ նկատեց կառավարութեան անմիջական կազմութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ նոր կառավարութիւն մը, մասնագէտներէ բաղկացած, կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին` միաժամանակ դիտել տալով, որ նման կարելիութեան մը դիմաց միջազգային ընտանիքը պարտի իր խոստումները յարգել Լիբանանի նկատմամբ, մանաւանդ երբ առաջարկուած բարեկարգումները դառնան նորակազմ կառավարութեան առաջնահերթութիւն:
Քննարկուեցաւ նաեւ ժողովուրդի ընկերային վիճակին հետ առնչուող տագնապը եւ անկէ դուրս գալու համար միջազգային ընտանիքին զօրակցութեան առաջնահերթութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը, բաժնելով արծարծուած մտահոգութիւնները, դրական նկատեց ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի դերակատարութիւնը լիբանանեան քաղաքական թատերաբեմին վրայ եւ այն հոգածութիւնը, որ կը ցուցաբերէ համայնքի ղեկավարութիւնը հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ` յոյս յայտնելով որ կառավարութեան կազմութիւնը դրական նշաններ կու տայ միջազգային ընտանիքին համար:
Հանդիպում Ժըպրան Պասիլի Հետ
Առաւօտեան, երեսփոխան Բագրատունի երկարատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլի հետ, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հարցը:
Ան անհրաժեշտ նկատեց, որ այսուհետեւ ընդունելի չեն ձգձգումները, եւ ոչ մէկ քաղաքական կամ համայնքային ղեկավարութիւն իրաւունք ունի պաշտօններու կամ չափաբաժինի համար արգելակելու կառավարութեան կազմութիւնը` միաժամանակ հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, մեկնելով Լիբանանի եւ լիբանանցի ժողովուրդին տագնապալի կացութենէն, ամէն դիւրութիւն կ՛ընծայէ վարչապետին արագօրէն կազմելու կառավարութիւնը` շեշտելով, որ կառավարութեան կազմութիւնը սոսկ սկիզբն է երկարատեւ պայքարի մը` իրականացնելու անհրաժեշտ բարեկարգումներ, քանդելու փտածութեան հիմերը, քաղաքացիին վերադարձնելու պետութեան հանդէպ վստահութիւնը եւ լրջօրէն որոնելու հիմնական լուծումներ` դուրս գալու տնտեսական եւ ընկերային հետզհետէ սաստկացող տագնապէն:
aztagdaily.com