Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն կ՛ընկերանար դեսպանատան առաջին քարտուղար Ժան Հէյլպորն:
Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին շրջանային կացութեան ընդհանուր քննարկումէն ետք լայն անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակին մասին:
Բագրատունի ներկայացուց անցնող ժամանակաշրջանի ընթացքին տեղի ունեցած անցուդարձերուն մասին ՀՅ Դաշնակցութեան դիրքորոշումները` յիշելով, որ կուսակցութիւնն ու Հայկական երեսփոխանական պլոքը տեւաբար իրենց մտահոգութիւնը արտայայտած են թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային անարդարութեան սաստկացող հոլովոյթին, փտածութեան խորացումին եւ այլոց մօտ լուծումներ փնտռելու ճիգին նկատմամբ` միշտ անհրաժեշտ նկատելով երկխօսութիւնն ու հարցերը խաղաղ լուծելու նախաձեռնութիւնները:
Անդրադարձ կատարուեցաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ շարունակաբար ցցուող խոչընդոտներուն:
Ֆրանսայի դեսպանը, գնահատելով հայութեան կեցուածքները, դիտել տուաւ, որ Ֆրանսա պիտի շարունակէ իր նախաձեռնութիւնը եւ պիտի օժանդակէ Լիբանանին, պայմանով որ լիբանանցիները նախանձախնդիր ըլլան Լիբանանի գոյութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդի շահերուն:
Նաեւ` Մեքսիքոյի Դեսպանը
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեքսիքոյի դեսպան Խոսէ Իկնասիոյ Մատրազոն, որուն հետ քննարկեց Լիբանան – Մեքսիքօ յարաբերութիւնները:
Դեսպան Մատրազօ ներկայացուց այն ծրագիրները, որոնք դեսպանատան ճամբով պիտի գործադրուին յառաջիկայ ամիսներուն` մեկնելով Լիբանանի մէջ մեքսիքական ներկայութենէն եւ լիբանանեան ծագումով բազմահազար մեքսիքացիներու գոյութենէն:
Բագրատունի, իբրեւ նախագահ Լիբանան – Մեքսիքա խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբին, անհրաժեշտ նկատեց խորհրդարանական մակարդակի վրայ յարաբերութեանց բարելաւումն ու հասարակաց դաշտերու փնտռտուքը:
Դեսպան Մատրազօ, որ վերջերս այցելած էր Հայաստան, անդրադարձաւ նաեւ Արցախի պատերազմին Հայաստանի վերջին անցուդարձերուն` միաժամանակ մաղթելով տագնապներուն արագ, խաղաղ եւ արդարութեան վրայ հիմնուող լուծումներու յանգում:
aztagdaily.com