կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-24 22:13
Սփյուռք

Ընկերական մտորումներ

Ընկերական մտորումներ

Մաս 1-ին

ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ կեանքի զանազան երեւոյթներուն անդրադառնալու համար, դաշնակցական անհատը մի՛շտ ալ իր քննարկումները, վերլուծութիւնները եւ արժեւորումները կը խարսխէ գաղափարական այն մեծ վաստակին վրայ, որ կուտակած է իր կուսակցութիւնը իր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս:

Անցեալը լոկ անցեալ չէ՛, ո՛չ ալ ինքնանպատակ հպարտանքի եւ ինքնասիրութեան ներշնչարան, այլ հարուստ կենսափորձ, որ կը շարունակէ մնալ ոգեշնչող ներկայութիւն` մեր հաւաքական կեանքի ու համազգային երթի բոլոր փուլերուն:

Թող զարմանալի չթուի բոլորիս, որ այսօ՛ր` դէպքերու եւ իրադարձութիւններու թաւալգլոր ընթացքին դէմ յանդիման, դաշնակցական այս գաղափարական ըմբռնողութիւնը, ակամայ, երբեմն անհրաժեշտութենէ մեկնած եւ պարտադրաբար իր տեղը կը զիջի արագ հակազդեցութիւններու, խեղաթիւրումները սրբագրելու կրքոտ արտայայտութիւններու ու իր հետքը արագօրէն կորսնցնող գրառումներու դիմաց: Այս բոլորը անտարակոյս կը կրեն ժամանակի ազդեցութիւնները: Հայ քաղաքական միտքը սակայն մի՛շտ ալ հեգնանքով ու անտեսումով վերաբերած է բոլոր փուլերու նորելուկ հակադաշնակցական «մասնագիտացած» քատրերու եւ անփորձ տարրերու նկատմամբ: Դաշնակցութեան վարկն ու արժէքը նսեմացնելու հիւանդագին երեւոյթը նոր չէ մեր կեանքին մէջ:

Հասկնալի եւ ըմբռնելի պէտք է նկատել նաեւ ներկայ ժամանակներու գործօններու ազդեցութիւնը հաւաքականութեան բոլոր բնագաւառներուն ու առհասարակ դաշնակցական անհատին վրայ: Վերջապէս իրականութենէն տարանջատուած ու միջավայրին անհաղորդ կուսակցութիւն մը չենք եւ չենք ալ եղած ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Ընդհակառակը, հայ կեանքի բոլոր փոթորիկները ամէնէն արագ ու խորիմաստ կերպով տեսնելու ունակութիւնն ու պատրաստակամութիւնը ունեցած ենք, եւ ժողովուրդին հետ կապը եղած է անքակտելի ու ամուր, որքան ալ դժուար ու խրթին եղած է մեր աշխարհահայեացքին, ընկալումներուն եւ տեսլականներուն պարզաբանումը` ներքին ու արտաքին ճակատներու վրայ:

Եղա՛ծ ենք ու կը շարունակենք մնալ արթուն պաշտպանը մեր ազգային-գաղափարական ըմբռնողութեան ու համազգային երազներու անխորտակ պահպանումին: Բնական է նաեւ, որ ժամանակակից մարտահրաւէրներու դիմաց մի՛շտ ալ վերանորոգ գործելաոճի որդեգրման հրամայականը եղած է մեր գործունէութեան առանցքն ու կիզակէտը: Այդ գործելաոճի բիւրեղացման համար դաշնակցական ժողովներու ընթացքին անկեղծ ու առարկայական քննարկումները, բանավէճերը եւ կարծիքներու բախումը դարձած են մեր կեանքը մնայուն կերպով շարժման մէջ պահող հիմնական գործօններ: Այս իրողութիւնը ինքնին մաս կը կազմէ Դաշնակցութեան գաղափարական հարստութեան:

Դաշնակցական խօսքը եւ գրիչը մեր կեանքին մէջ կերտած են ղեկավարող նկարագիր, դաշնակցական ժողովներու որոշումներու լուսաբանումը այդ գրիչներուն ճամբով ժողովրդականացած է եւ ապահոված ժողովրդային մասնակցութիւն մեր աշխատանքին, գործին ու պայքարին: Այս պատճառով դաշնակցական մտաւորականութեան դերն ու առաքելութիւնը ունեցած են առանձնայատուկ նշանակութիւն ռազմավարական, մարտավարական ու նաեւ կազմակերպական խնդիրներու ուղղորդման առումով:

Պէտք է ըլլալ անկեղծ եւ արձանագրել, որ այսօր պատասխանատու գրիչներու բացակայութիւնը զգալի է մեր մամուլին մէջ: Անշուշտ այս երեւոյթի առկայութեան մէջ մեր խմբագիրները չեն յանցաւորները, որովհետեւ հաստատ իրողութիւն է, որ յաճախ անոնց դիմումներուն արձագանգող մտաւորականներուն թիւը անբաւարար է: Կեանքին պարտադրած դժուարութիւնները սկսած են «ծուլացնել» մեզի, եւ նաեւ սկսած ենք երբեմն յոգնիլ տագնապելէ ու իբրեւ այդ տագնապի հարազատ դրսեւորում` միտք զարգացնելէ: Աւելի՛ն, ի տես այս երեւոյթին, երբեմն մեր մամուլին մէջ տեղ կը գտնեն ֆէյսպուքեան ոճով գրառումներ, որոնք ոչ մէկ ձեւով կրնան ստեղծուած բացթողումը լեցնել: Այդ գրառումները անգիտակցաբար նաեւ կը վնասեն դաշնակցական գաղափարական խօսքի արժեչափերուն: Մեզի համար այդ արժեչափերը յար եւ նման եղած են խրամատին մէջ իր ազգային վեհ պարտականութիւնը կատարող զինուորի ցուցաբերած մարտունակութեան, խիզախութեան ու քաջութեան:

Պիտի խնդրեմ, որ այս մտորումները նկատի առնուին իբրեւ նախանձախնդրութիւն` դաշնակցական հարուստ գրականութիւնը պահելու իր հարազատ պատուանդանին վրայ եւ անշեղօրէն շարունակելու մեր ուղին: Այո՛, առաւելագոյն չափով պէտք է խուսափինք ներքաշուելէ հակազդեցութիւններու եւ «Ֆէյսպուքեան հերոսապատումներու» թակարդին մէջ, որոնք այսօր ողողած են մեր կեանքը, սակայն միաժամանակ խիզախ ու յախուռն կերպով մեր համոզումներն ու կուսակցութեան ուղեգիծը պարզաբանելու ազնիւ պարտականութիւնը պէտք է դարձնենք բոլորիս ուշադրութեան առանցքը:

Դաշնակցութեան հարուստ գրականութիւնը պարզապէս կարգախօսներու, տեղեկութիւններու եւ ըսելաձեւերու փնտռտուքի վայրը չէ, որուն պէտք է վերադառնանք, երբ կարիքը կը զգանք եւ կամ մեր ենթակայական ընդվզումներն ու վիրաւորանքները արտայայտելու ըլլանք: Անիկա գաղափարական նկարագիր կերտող, քաղաքական հեռատես ուղղութիւն ճշդող, հոսանքն ի վեր թիավարող ու գաղափարական անկեղծ զինուորի պայքարն է յանուն արդարութեան, շահագործումի բացառման, ազգային տեսլականներու պահպանումի, հայրենիքի ու պետականութեան զարգացման ու յառաջընթացի, հայութեան մէկութեան, հզօր ազգի կերտման, որպէսզի յաջողինք դիմակալել ժամանակի բոլոր տեսանելի ու անտեսանելի վտանգները եւ վառ պահենք մեր գերագոյն իտէալները:

Ճիշդ է, որ այսօր արհեստագիտութեան ունեցած ներդրումն ու ազդեցութիւնը եւ ընկերային ցանցերու տարածած մթնոլորտը կլանած են մեր կեանքն ու մտածողութիւնը, եւ անհրաժեշտ է, որ մտահան չընենք նաեւ այս իրողութիւնը, սակայն այդ ռազմադաշտին մէջ նաեւ մենք ունինք տարբեր առաքելութիւն ու պատասխանատուութիւն, որքան ալ այդ մէկը ըլլայ շատ յաճախ դժուար ըմբռնելի ու հասկնալի:

Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, հայակերտումի ու հայրենակերտումի խիստ կենսական նշանակութիւն ունեցող մարտահրաւէրին դիմաց, դաշնակցական միտքը, գաղափարը, շունչը դարձեալ բոլոր տուեալները ունի դառնալու փայլատակող ու համակող, կը մնայ, որ գրիչները եւ միտքերը շարժին այս ուղղութեամբ: Մնացեալը գիտակցութեան, նուիրումի ու դաշնակցականութեան խնդիր է, որ կարիքը չունի թելադրանքի, ո՛չ ալ պատուէրի: Ապրում ու տագնապ է, ինչպէս նաեւ հարիւր երեսուն տարուան կենսափորձ եւ ժխորին մէջ երբեմն գիտակցաբար խուլ ձեւանալու ու անշեղօրէն ընթացքը հունաւորելու դաշնակցական տեսակի վճռակամութիւն ու յանձնառութիւն:

Մտածենք այս ուղղութեամբ…

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com