Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կարելի չէր ձերբազատիլ ներկայ իրավիճակէն:
Այդպէս ալ եղաւ…Ամիսներէ ի վեր ահ ու սարսափ սփռած պսակաձեւ ժահրը անխնայ եղաւ այս օրերուն ալ: Ապրիլեան օրեր, որոնք հայորդիին համար խոր իմաստ ունին։ Ամէն տարի ալ միակամօրէն կը հաւաքուինք ահ ու սարսափ սփռած այլ «ժահր» մը՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու համար։
105 տարի առաջուան «ժահր»-ը համաշխարհային բնոյթ չունէր: Թիրախն էր հայորդին: Յստակ էր, թէ այդ ջարդին ետին ո՞վ կը կանգնէր: Այսօրուան նման անդամալոյծ չէր եղած աշխարհը, թէեւ Ապրիլ 24, 1915-ին արդէն ամիսներէ ի վեր ծայր առած էր համաշխարհային Ա. պատերազմը, որ այդ օրերուն, նկատի ունենալով վաղեմի ապրելակերպը, իր կարգին բաւական կործանում եւ քանդում յառաջացուցած էր:
Շատեր արդէն այս անյայտ ու մահացու թշնամի՝ պսակաձեւ ժահրին ստեղծած օրերը կը դասեն իբրեւ համաշխարհային Գ. պատերազմ: Արդիականացած, ելեկտրոնային եւ առցանց այս ներկայ օրերուն, յատկապէս նկատի ունենալով թէ՛ մարդկային զոհերուն եւ թէ՛ նիւթական փլուզման ստեղծած պատկերը, տրամաբանական կարելի է նկատել Գ. համաշխարհային պատերազմ անուանումը:
Այսպէս, այս տարի առցանց հաւաքներով եւ հանդիպումներով մեր սրբադասուած նահատակներու ներողամտութիւնը կը հայցենք:
Բջիջային հեռաձայնի փոքր եւ համակարգիչներու համեմատաբար աւելի մեծ պաստառներու միջոցաւ, կը փորձենք յարգել յիշատակը այդ հաւատարիմ ու արժանաւոր հայորդիներուն, որոնք ամէն գնով պայքարեցան, չհաւատացին ու ընթացք չտուին վատոգի եւ սատանայական թշնամիին:
Նոյնիսկ հեռուէն դիտող օտարը թեթեւ քմծիծաղով մըն ալ կրնայ հարցադրել, թէ ներկայ օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ կլանուած է այդ մարդակեր եւ արիւնարբու «ժահր»-ին առկայութեամբ, որքա՞ն ճիշդ ու ազդեցիկ պիտի ըլլայ կատարել այսպիսի հաւաքներ: Պատասխանը շատ յստակ է: Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակն է: Նոյնիսկ պատշգամներէն մոմավառութեամբ եւ թախծոտ, սակայն ինքնակամ կերպով հայութիւնը բնաջինջ ընելու թուրքին ցարդ գոյութիւն ունեցող թաքուն ու բացայայտ մտադրութեան, Արեւմտահայաստանի բռնագրաւման դէմ արտայայտուելու, ճանաչման եւ հատուցման թղթածրարները անգամ մը եւս բանալու օրն է:
Այո՛, աշխարհաքաղաքական պայմանները այնքան մորովի են, որ ընկերային հեռաւորութեամբ, հեռուէն…շատ հեռուէն ծերակուտականներ, ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պիտի ջատագովեն հայութիւնը, թուրքերուն յիշեցնեն, թէ անոնց նախահայրերը՝ օսմանցիները ջարդած են հայերը եւ անշուշտ խստիւ դատապարտեն սուլթանամէտ Էրտողանը, որ ցայսօր կը շարունակէ իր ոճրամիտ եւ եսակեդրոն արտայայտութիւնները:
Հուսկ, Հայ Դատի նուիրական աշխատանքները թէ՛ անցեալին եւ թէ՛ ներկային ունին իրենց սրբազան իմաստն ու կարեւորութիւնը:
Այս տարի առցանց պիտի նշուի հայորդիին տառապանքը եւ աշխարհն ալ իրազեկ պիտի դառնայ հայութեան անվիճելի իրաւունքներուն:
hairenikweekly.com