Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Դաշնակցութեան մէջ ընկերն ու ընկերականութիւնը գաղափարական ու բարոյական արմատացած արժէքներ են, եւ երբե՛ք կարելի չէ զանոնք բաղդատել մարդկային սովորական ու ընթացիկ ընկերականութեան հետ: Դաշնակցական ընկերականութիւնը մարդկային ազնուագոյն յատկանիշներով բնորոշուած ըլլալու կողքին կը պարփակէ նաեւ արժէքային հարուստ գաղափարական այլ համակարգ մը:
Ճակատագրական պահերու ընթացքին, դաշնակցական ընկերը խիզախօրէն, անշահախնդիր եւ քաջաբար գիտէ սաստել ու զգաստութեան հրաւիրել իր ընկերը, երբ անշուշտ վստահ է, որ անոր գործած սխալը կամ որդեգրած ճանապարհը անյարիր է Դաշնակցութեան դաւանած սկզբունքներուն: Սակայն այս վերաբերմունքը կ՛որդեգրէ յանուն սրբագրումի եւ զգաստացումի ու ի շահ անհատին եւ հաւաքականութեան ու զայն կը կատարէ ամբողջական անկեղծութեամբ: Այս պարագային դիմացի ընկերոջ նկատմամբ ոխ եւ վատոգի տրամադրուածութիւն գոյութիւն չունի իր ենթագիտակցութեան եւ հոգեկերտուածքին մէջ:
Դաշնակցական ընկերը իր գործակից կամ ժողովական ընկերոջ հետ ամէնէն թէժ վէճերու եւ տարակարծութեանց դրսեւորման ժամանակ իսկ կը ցուցաբերէ ամբողջական յարգանք եւ դրական լիցքաւորում, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ կարծիքներու բախումն ու հակոտնեայ տեսակէտներու արծարծումը բիւրեղացման առաջնորդող ու գաղափարներն ու որոշումները հարստացնող անշրջանցելի գործօններ են:
Դաշնակցական ընկերը կը յարգէ իր ընկերոջ անկաշկանդ ինքնադրսեւորման եւ ազատօրէն իր կարծիքները արտայայտելու իրաւունքը: Միաժամանակ, սակայն, չի՛ թոյլատրեր նոյն ընկերոջ, որ խծբծանքով, ենթակայական զգացական զեղումներով եւ անձնական նեղմիտ մօտեցումներով չարաչար շահագործէ ազատութեան այդ խորիմաստ իրաւունքը:
Դաշնակցական ղեկավարին ու շարքային ընկերոջ, ինչպէս նաեւ դաշնակցական մարմիններուն միջեւ յարաբերութիւնները անշուշտ սահմանուած են կանոնագրային անբեկանելի հանգամանքներով եւ հասկացողութիւններով, սակայն այդ կէտերուն լիիրաւ գործադրութեան ու գործնականացման հիմնական միջոցը եւ զանոնք իմաստաւորելու գործօնը նաեւ դաշնակցական ընկերականութիւնն է, որ հեռու կը պահէ նաեւ բոլորը, անխտի՛ր, կանոնագիրը չարաշահելու վտանգաւոր փորձութենէն:
Վերջապէս սուտը, կեղծիքը, բանսարկութիւնը, նախանձն ու աթոռամոլութիւնը միշտ ալ մեր միջավայրէն հեռու պահելու միակ վահանը մեր դաշնակցական ընկերականութիւնն է: Այս անընդունելի սովորամոլութիւններով եւ նկարագիրի տկարութիւններով վարակուած անհատը ոչ մէկ ատեն կրնայ արժանաւորապէս տէր կանգնիլ դաշնակցական իր ընկերականութեան, որքան ալ այդ բոլորը պահու մը համար հաճելի թուին մարդոց, որքան ալ մարդիկ ծափահարեն իրեն` յագուրդ տալու համար իրենց թաքուն նպատակներուն: Ժամանակը կը կատարէ հարկն ու պատշաճը եւ շատ արագ իրականութիւնն ու արդարութիւնը կը վերագտնեն իրենց հարազատ հունը:
Կեանքի գնով ծառայութեան իր երդումը տուած դաշնակցականը, մարտի դաշտին վրայ, խրամատին մէջ, թշնամիին դէմ իր մղած կռիւի ու պայքարի ընթացքին` իր անկոտրում պայքարունակ ոգիին, քաջութեան ու հերոսութեան կողքին մի՛շտ ալ իր կողքին գտած է իր զինակից ընկերը, որ դարձած է իր հիմնական ապաւէնն ու յենարանը: Այո՛, ան խորապէս համոզուած է, որ իր ընկերը մինչեւ վերջին շունչը զինք մինակ պիտի չձգէ մարտի դաշտին վրայ եւ նաե՛ւ իր նահատակութեան պարագային պիտի շարունակէ սուրբ գործը:
Այսօր, բոլոր ժամանակներէն աւելի, հեռուէն ու մօտէն փչող բոլոր հողմերուն դիմաց մենք պարտաւոր ենք կառչելու մեր այս կարեւորագոյն արժէքին` դաշնակցական ընկերականութեան եւ յառաջ տանելու մեր գործն ու պայքարը: Պարտաւոր ենք մնալու հաւատարիմ դաշնակցական ընկերի կոչումին, որպէսզի 130 տարուան կենսափորձ ունեցող կուսակցութիւնը շարունակէ իր առաքելութիւնը պատուով ու հպարտութեամբ: Չարտօնենք ոեւէ անհատի կամ կողմի` Դաշնակցութիւնը տկարացնելու միտումով սեպ խրելու այդ ընկերականութեան մէջ: Դաշնակցութիւնը մի՛շտ ալ հարստացած է ընկերականութեան այս արժէքով: Գուրգուրացած ենք ու պիտի շարունակենք գուրգուրալ այս արժէքին վրայ, ամրօրէն պիտի շարունակե՛նք կառչիլ անոր եւ զայն իր պատուանդանին վրայ պահելու համար չխնայել ոչ մէկ ճիգ ու աշխատանք:
Ներկայ ժամանակներուն եւ պայմաններուն բերումով, երբ մեր կեանքին ու միջավայրին մէջ շատ բան այլափոխուած է, թերեւս շատեր իտէալական ու անիրականանալի նկատեն այսպիսի մտածումներ եւ համոզումներ, բայց պատմութիւնը մեծագոյն յուշարարն է, որ դաշնակցական գործը մի՛շտ ալ դիւրին եւ հեզասահ չէ ընթացած, սակայն կամքն ու վճռակամութիւնը մնացած են առկայ եւ ան պատուով յաղթահարած է բոլոր մարտահրաւէրները: Այսօր ալ այդ կամքէն ու վճռակամութենէն բան չէ փոխուած մեզի` դաշնակցական բոլոր ընկերներուն համար:
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
aztagdaily.com