կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-06-19 12:51
Սփյուռք

Զօրակցութիւն Լիբանահայութեան Ընդդէմ Թրքական Հայատեացութեան Վերջին Արտայայտութիւններուն

Զօրակցութիւն Լիբանահայութեան Ընդդէմ Թրքական Հայատեացութեան Վերջին Արտայայտութիւններուն

Լիբանան կը գտնուի տնտեսական եւ ֆինանսական խոր տագնապի մը մէջ ընդառաջ եւ այդ կացութիւնը իր խոր ժխտական ազդեցութիւնը ունի տեղւոյն հայ համայնքին վրայ: Ոչ իսկ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն (1975 – 1990) համայնքային հաստատութիւնները գտնուած են իրենց դռները փակելու ստիպումի սպառնալիքին դէմ յանդիման: Պսակաձեւ ժահրի համավարակի պայմաններուն մէջ, համայնքը շատ արագ կազմակերպեցուեցաւ հայկական թաղամասերու բժշկական, պարէնային եւ այլ ամէն ձեւի օժանդակութիւն հասցնելու համար: Համայնքի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարութիւնը դիմած է Սփիւռքին՝ խնդրելով օժանդակութիւն դիմակայելու համար օրհասական այս կացութիւնը:

Անցեալ 10 եւ 11 Յունիսին, համայնքը թիրախ եղաւ նոր եւ շատ լուրջ սպառնալիքի մը: Հայազգի հաղորդավար լրագրող Նշան Տէր Յարութիւնեան, ալ-Ժատիտ հեռուստատեսային կայանի իր ծրագրին ընթացքին, Թուիթըրի ճամբով ստացաւ հայհոյանքներ, որոնց շարքին իրեն «գաղթական» համարումը: Հաղորդավարը Լրագրողը ուղղակիօրէն պատասխանեց այդ յարձակումներուն եւ ամբաստանութեան մատը յղեց դէպի Թուրքիա եւ նախագահ Էրտողան: Լրագրողի ելոյթին յաջորդեց հայատեացութեան արտայայտութիւններու ամբողջ տարափ մը, որոնց մեծ մասը ոչ-լիբանանեան աղբիւրներէ կու գային: Այդ արտայայտութիւնները կ’արդարացնէին ցեղասպանութիւնը ըսելով որ «հայերը արժանի էին ջարդուելու»: Տեղի ունեցաւ թրքական դրօշակներով ցոյց նոյն հայատեաց արտայայտութիւններով, որոնց հեղինակները իրենք իրենց կը համարին օսմանցիներու ժառանգորդներ եւ Էրտողանի հետեւորդներ: Լիբանանի մէջ Արաբ Մերտինցիներու միութեան նախագահ Մունիր Հասան ի մասնաւորի օսմանցիներուն անուանեց իր «նախահայրերը» եւ ըսաւ որ «լաւ գործ ըրին հայերուն ջարդելով»: Ան հայերուն կոչեց «յիմարներ, դաւաճաններ, վատեր եւ անյարգալիցներ»:

Բարեբախտաբար լիբանանեապն քաղաքական բոլոր շրջանակները իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ համայնքին: Լիբանանի մէջ գործող Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին դատապարտելով այս երեւոյթը եւ ինքնազսպումի կոչ ըրին հայ համայնքի զաւակներուն: Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կոչ ուղղեց զուսպ մնալու եւ գրգռութեանց տեղի չտալու: Երեսփոխանը դատական հարց բացած է Մունիր Հասանի դիմաց: Նոյնը ըրին Լիբանանահայ համայնքի բաղկացուցիչ հայ քաղաքական կազմակերպութիւններու ղեկավարները: Նամակներ յղուած են Պէյրութի մէջ դեսպանութիւններու զգուշացնելով հայատեացութեան այս նորագոյն արտայայտութեան դէմ:

Արժանթինի Հայ Համայնքի Հաստատութիւնները այսու կու գան համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու Լիբանանի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Հայատեացութեան այս արտայայտութիւնները ինքնաբուխ չեն այլ ներշնչուած եւ կազմակերպուած Անգարայի կողմէ: Համահունչ են Թուրքիոյ ժխտողականութեան եւ նէօ օսմանական նոր քաղաքականութեան Միջին Արեւելքի մէջ: Սուրիոյ հիւսիսն ու Լիպիա իր զինուորական միջամտութենէն յետոյ, Էրտողանի վարչակարգը իր գործակալները եւ իր երաշխաւորած ու ֆինանսաւորած ծայրայեղական խմբակցութիւնները աշխուժացուցած է Լիբանանի մէջ եւս: Երկրի այս տագնապալի կացութենէն օգտուելով, Թուրքիա կը ջանայ հարուածել միջ-համայնքային համակեցութիւնը եւ թիրախաւորել հայութիւնը այնպէս ինչպէս թիրախաւորեց քիւրտերուն Սուրիոյ մէջ:

Որպէս արժանթինցի քաղաքացիներ, ուշադրութեանը կը յանձնենք մեր կառավարութեան թրքական հայատեացութեան այս նոր արտայայտութեան մասին ընդդէմ Լիբանահայութեան եւ միջազգային բեմին վրայ արժանթինեան դիւանագիտութենէն կ’ակնկալենք ցեղապաշտական այս քաղաքականութեան դէմ յստակ յանձնառութիւն:

aztagdaily.com