Երէկ Ուաշինկթընի ՀՀ դեսպանատան մէջ ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցը «գունագեղ» ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր՝ նշելու համար ՀՀ անկախութեան 30-ամեակը։
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) խումբ մը տղաք դեսպանատան դիմաց բողոքի խաղաղ ու օրինական ցոյց մը կազմակերպած էին։ Մակունցի հրահանգով ՀՀ դեսպանատան պաշտօնեաներ մօտեցան դաշնակցական երիտասարդներուն եւ հրահանգեցին հեռանալ վայրէն։ Տղաքը մնացին անդրդուելի։
Ապա Մակունցը հրահանգեց դիմել ԱՄՆ գաղտնի սպասարկութեան օգնութեան։ Ոստիկանները հասան ցոյցի վայրը եւ, ստուգելէ ետք, համաձայն գնտուեցան երիտասարդ տղոց, թէ իրենց ցոյցը օրինաւոր է։
Բայց պէտք չէ մեղադրել Մակունցը։ Ան պարզապէս կը հետեւի Թուրքիոյ դեսպանի օրինակին՝ ընդդէմ հայ երիտասարդներուն։
Հիմա Մակունցին կը մնայ դիմել ՀՀ Վաճառուած Ոստիկանութեան, ԱԱԾ-ին եւ միւս ԾԾԾ-ներուն... Տեսնենք ասոնք ի՞նչ պիտի կարենան ընել։ Մինչ այդ ցոյցը Մակունցին եւ իր տէրերուն դէմ պիտի շարունակուի։