կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-04 11:10
Առանց Կատեգորիա

Ութ հարիւր ընդդէմ ութսունի. Կարօ Արմենեան

Ութ հարիւր ընդդէմ ութսունի. Կարօ Արմենեան

Կարօ Արմենեանն իր ֆեյսբուքյան էջում գրում է. «Ի հարկ է տխուր է, երբ հայրենի ոստիկանութիւնը հրապարակ կը բերուի ութսուն երկսեռ երիտասարդ ցուցարարներու խաղաղ ցոյցը խափանելու։ Հրապարակ կը բերուի ներկայ իշխանութեան որոշումով...Մտածեցէք պահ մը, թէ ինչպիսի՜ անհեթեթութեան դէմ յանդիման կը գտնուի այսօր հայոց ազգը աշխարհով մէկ։ Բնական պայմաններու մէջ այս ոստիկանները խաղաղապահի իրենց առաքելութեամբ պիտի պաշտպան հանդիսանային իրենց քաղաքացիական իրաւունքներուն համար պայքարող այս հրաշք պատանիներուն։ Չէ՞ որ Նորին Վսեմութիւն Պր. Վարչապետն էր, որ շաբաթ մը առաջ Ազգային Ժողովի ամպիոնէն ի լուր աշխարհին կը հռչակէր գերազանցութիւնը մարդկային իրաւանց իրաւակարգին...

Ես կը յիշեմ ելեկտրական սակագներուն դէմ բողոքող Բաղրամեան Պողոտայի հսկայ ցոյցը նախորդ իշխանութեան օրով։ Ցուցարարները գրաւած էին քաղաքային աղբամանները և պատնէշ կառուցած։ Բաղրամեան Պողոտան դադրած էր ծառայելէ քաղաքային շրջանառութեան։ Իսկ ոստիկանութիւնը կանգնած էր և համբերութեամբ կը լսէր ցուցարարներու բողոքը։ Ոչ մէկ ատեն իշխանութիւնը դիմեց բիրտ ուժի։ Ձեր բոլորին կողմէ մերժուած իշխանութիւնը գիտցաւ այնուամենայնիւ արժանավայելչօրէն յարգել քաղաքացիի մարդկային իրաւունքները և հաղորդակցիլ ցուցարարներուն հետ։

Կը վերադառնանք նոյն խնդրին։ Փակ համակարգի մէջ գործող իշխանութիւնը, հակառակ իր հռետորաբանութեան, այսօր կը դիմէ բիրտ ուժի ատով իսկ ծանուցելով իր ցաւալի սնանկութիւնը երիտասարդներու քաղաքացիական անհնազանդութեան դիմաց։ Եւ, ի դէպ, բացայայտելո՛վ դաշնակցական երիտասարդութեան համեմատական ուժը...Ութսուն անզէն երիտասարդներ, որոնք զինուած են գաղափարներով, իրենց ներկայացուցած սարսափելի «վտանգով» կը հրաւիրեն բիրտ զօրաշարժը ութ հարիւր ոստիկանի...Այս է իշխանութեան կողմէ ճշտուած համեմատական կշիռը մեր տղոց և աղջիկներու գաղափարական ուժին։ Իսկ մենք կ՚ըսենք, որ իշխանութիւնը չարաչար կը սխալի։ Այդ ուժին դիմաց ութ հազարն ալ անզօր է, քանի որ իշխանութիւնը այս երիտասարդներու աչքերուն մէջ կը տեսնէ իսկական յեղափոխութիւնը, զոր այլևս կարելի չէ կասեցնել»: