կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-15 18:21
Քաղաքական

Ընդդէմ… Հողապաշտպան Ընդդիմադիրներուն

Ընդդէմ… Հողապաշտպան Ընդդիմադիրներուն

Լա՛ւ սարքուած էր արգելքը, ամօթի արգելքը:

Հ.Հ. Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութեանց պատուիրակութեան դէմ արգելք դրին, երբ ան շաբաթասկիզբին Արցախ կ’ուղղուէր՝ գէթ բարոյական զօրակցութիւն ցոյց տալու յաւելեալ նահանջ մերժող արցախահայութեան: Դեռ աւելին, այս արգելքը Ազգային Ժողովի բոլոր անդամներուն համար է…:

Ծանօթ է, որ ընդդիմադիր ճակատը ժամացոյցի դէմ մրցումի մէջ է եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով կը ճգնի՝ դուրս գալու գահավիժումէ գահավիժում տանող յորձանուտէն:

Ապրիլ 5-ի ցուցական եւ խաղաղ հանրահաւաքէն ետք, Արցախի դրօշը խորհրդանշական պատգամով դարձեալ ծածանեցաւ Երեւանի հրապարակներուն ու Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ: Այդ դրօշը տեղադրուեցաւ նաեւ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիրներու նստատեղիներուն եւ խորհրդարանի ամպիոնին վրայ: «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ական մը զայն պոկեց ու քննադատութիւններ արձակեց դրօշի պաշտպաններուն, ուրիշ մը զայն Էվերէսթի գագաթին տնկելու ցնդաբանութիւններ արձակեց…

Այս զարգացումները տեղի ունեցան ազերիներու սարքած՝ Մարաղայի ջարդին 30-ամեակի օրերուն: Զարմանալի՞ է, որ Երեւանի մէջ իշխող մեծամասնութիւնը չուզեց այս առթիւ մինչեւ իսկ յատուկ օրակարգով քննարկման դնել հարցը, պարզապէս առարկելով, թէ Ապրիլ 24-ի օրերուն՝ կարելի չէ սուգի օր մը եւս աւելցնել, աւելի՛ եւս տխրեցնելով եւ յուսալքելով ողջ հայութիւնը: Նման ինքնարդարացման սնանկութիւնն ու յետին նպատակները բացայայտելու համար, կը բաւէ յիշել, թէ նոյնինքն Ապրիլ 24-ը վերջին տարիներուն անշքացած է, իսկ իշխանութիւնը, մոռցած՝ մեր բիւրաւոր նահատակներն ու հողային պահանջատիրութիւնը (անոր հոգը նետելով Սփիւռքի ճիտին), նմանապէս՝ վերջին պատերազմի զոհերը, թուրք-ատրպէյճանական բազմատեսակ ոճիրները, եւ ահա, «առանց նախապայմանի» խաղաղութիւն կը մուրայ թշնամիներէն, ընդունելի նկատելով անոնց առաջարկած պայմանները: Չմտնենք մանրամասնութիւններուն մէջ:

Յստակ եւ աղաղակող է, չէ՞: Ազգային Ժողովին մէջ մեծամասնութիւն ունենալով, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ական ուժը հետեւողականօրէն, բացայայտ քաղաքականութեամբ մը անտարբերութիւն կը ցուցաբերէ՝ խուսափելով օրակարգի նիւթ դարձնելէ Հայաստանի եւ Արցախի լուրջ վտանգ հանդիսացող, մեր ազգային շահերը հարուածող հարցերը: Պարզ ու աղաղակող օրինակ մըն էր Շուշիի մէջ կնքուած թուրք-ազերիական սպառնալի դաշինքը դատապարտող՝ ընդդիմադիրներուն առաջարկին մերժումը: Չքմեղանքի փորձ կը կատարուի հազար աղբիւրէ ջուր բերելով, առանց անդրադառնալու, որ այդ աղբիւրները ցամքած են, թուրք-ազերի վիշապը նստած է այդ աղբիւրներու ակերուն, իր կամքին ենթակայ դարձուցած է չքմեղացողները: Աւելի՛ն, կեղծաւոր եւ ամբոխահաճ տրամադրութիւններով՝ քննադատութեան սլաքներ կ’արձակուին ընդդիմադիրներուն հասցէին, մեղադրանք կ’ուղղուի անոնց, թէ… կը վտանգեն Արցախն ու Հայաստանը, եւ դեռ՝ Արցախի վարիչներուն զգաստանալու կոչե՜ր ալ կ’ուղղուին:

Այս ենթապատկերը աչքի առջեւ ունենալով, պէտք չունինք հանճարեղ ու խորաթափանց ունակութիւններու, հասկնալու համար, թէ ի՛նչ պատահեցաւ շաբաթասկիզբին: «Ընդդէմ ընդդիմադիր ճակատին» գործելաձեւով, իշխանաւորները գործի լծուեցան եւ, Ազգային Ժողովի նիստը կիսատ թողած ու Արցախ ուղղուող ընդդիմադիր պատգամաւորներուն անունները ռուս խաղաղապահ ուժերուն փոխանցելով՝ արգելք հանդիսացան անոնց Արցախ մուտքին, քողարկեալ ձեւով պատասխանատուութիւնը նետելով ռուս խաղաղապահ ուժերու ուսերուն. «վարպետի հարուած» մը, արդարե՛ւ: Իշխանաւորները իրենց այս «հնարամտութիւնը» ծածկելու միջոց չունին, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ պատգամաւորներէն շատեր յաճախ անարգել այցելած են Արցախ, խաղաղապահ ուժերը արգելք չեն եղած: Չպրպտենք, թէ այս անգամ, արդեօք իշխանաւորները որոշ ազդանշա՞ն-հրահա՞նգ ստացած էին թուրք-ազերիներէն, որոնց հետ խաղաղութիւն կ’երազեն…:

Պահ մը կանգ առնենք նաեւ խորհրդանշական այլ իրականութեան մը առջեւ: Պատուիրակութեան դէմ արգելքը դրուեցաւ՝ Արցախ ժամանողները դիմաւորող առաջին գիւղին՝ Աղաւնոյի կամ Արիաւանի մուտքին:

Սփիռքահայութեան լայն մասնակցութեամբ է կառուցուած Արցախի հերոսական գիւղերէն՝ Աղաւնոն, որուն բնակիչները պատերազմի օրերուն քաջաբար դիմադրեցին եւ պաշտպանեցին իրենց հողը, այսօ՛ր ալ կառչած են անոնք, հակառակ անոր, որ շրջապատուած են թշնամիներով:

Բանանք լուսարձակներէ հեռու պահուած իրականութիւններու էջն ալ: Պատերազմի աւարտէն ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը անջատեց գիւղին ելեկտրական հոսանքը, բացայայտ ճիգ ըրաւ, որպէսզի Հայաստանը Արցախին կապող «կամուրջ»-ին բնակիչները ստիպէ հեռանալ շրջանէն: Մինչեւ իսկ հայկական բջջային հաղորդակցութեան աշտարակը խափանուեցաւ ՝ գիւղը զրկելով ամէն ձեւի հաղորդակցութենէ. գիւղին ջրամատակարարումն իսկ դադրեցաւ: Եթէ այս բոլորը կատարուեցան ինքնակամ կերպով՝ ծանր յանցանք է. իսկ եթէ նման քայլեր կ’առնուին ազերիական «ներշնչում»-ով՝ յանցանքը չի թեթեւնար…։

Շաբաթասկիզբի դէպքէն քանի մը օր առաջ, այդ գիւղին մէջ, եւ թիկունք կանգնելու համար տեղւոյն քաջարի բնակչութեան, նշուեցաւ Ծաղկազարդը: Ուշագրաւ այլ կէտն մըն ալ կայ. ընդդիմադիր պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն դէմ արգելք դրուեցաւ Մարաղայի ջարդերուն օրը, նոյնինքն ա՛յն Աղաւնոյին մէջ, ուր Մարաղայի ջարդերէն փրկուած հայորդիներ հաստատուած են:

Այս կացութեան դիմաց, Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը, համաձայն իր նուիրականացած սովորութեան, յապաղումով հրապարակեց յայտարարութիւն մը, մտահոգութիւն յայտնելով, որ Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի ծառայողները չեն թոյլատրած Հայաստանի Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներուն Արցախ մուտքը։ Ձեռքերը լուալու այլ արարք մը. յայտարարողը յոյս ունի՞ թէ հաւատացող մնացած է…

Կարիքը կա՞յ յաւելեալ պրպտումներ ընելու, «ընդդէմ ընդդիմադիրներուն» վարքագիծին յաւելեալ փաստեր շարելու համար: Կը կարծենք՝ ոչ: Սակայն աւելորդ չ’ըլլար կրկնելը, թէ ընդդիմութեան հողապաշտպան դիրքորոշումը յստակ է: Անոր բառերով՝ «Մենք միասնական ու վճռական ենք Արցախի եւ Հայաստանի դէմ իրականացուող քաղաքականութիւնը վիժեցնելու եւ մեր երկրի շահերին տէր կանգնելու հարցում»:

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

hairenikweekly.com