կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-08-02 10:00
Առանց Կատեգորիա

«Էս-400» Ընդդէմ «Էֆ-35»-ի

«Էս-400» Ընդդէմ «Էֆ-35»-ի

Անհասկնալի կրնայ թուիլ այս վերնագիրը, քաղաքական անցուդարձերով հետեւողէն աւելի` մասնագէտ ռազմագէտներու համար: Մանաւանդ որ վերջերս լսուած այս երկու արդիական կառոյցները զիրար կը լրացնեն…եւ ոչ թէ մրցակիցներ ըլլալով` միեւնոյն դերը կը կատարեն: Աւելի տրամաբանական պիտի ըլլար ռազմական շուկայէն ներս դէմ յանդիման հանել ռուսական «Սու-35» եւ ամերիկեան «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներն ու «Էս-400» եւ «Փաթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը:

Սակայն ռազմական շուկան ալ համաշխարհայնացած ու տարբեր ուղղութիւն ստացած է` թէ՛ արտադրողին եւ թէ՛ յաճախորդին համար: Իսկ բնականաբար, եթէ խնդրոյ առարկայ յաճախորդ երկիրը Թուրքիան է` յանձին նախագահ Էրտողանի… ա՛լ ամէն ձեւ կարելի է սպասել ու երեւակայել անոր «շողոքորթել ու տիրանալ» գործելաձեւէն եւ ստեղծուած արդիւնքէն:

Վերջերս Էրտողանի համար գոյութիւն առած է երազային «Դժոխային Աթլանթիս» մը` Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկչական միջանցք մը, որ կը գտնուի Սուրիոյ սահմանամերձ շրջանին մէջ եւ յաւելեալ արեւելք ուղղուելով` հիւսիսային Իրաք:

Հաւանաբար, անցուդարձերու հետեւողներուն համար, Էրտողանի նշած դժոխային հողաշերտը, յստակ է, թէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերուն տիրապետութեան տակ գտնուող մասն է:

Այս «Դժոխային Աթլանթիս»-ին դէմ պայքարելու համար ան կարիքը ունի արդիական հալածիչ-ռմբաձիգներու եւ միեւնոյն ժամանակ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու: Տարիներէ ի վեր Էրտողան, նոյնիսկ երբ քրտական ուժերու ստեղծուած գօտին գոյութիւն չունէր, Սպիտակ տան դուռը թակած էր` փափաքելով իր տրամադրութեան տակ ունենալ «Փաթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Այդ օրերուն արդեօք ի՞նչ մութ հաշիւներ կային, որ ան կը պնդէր տիրանալ այս զինատեսակին:

Անկատար անցեալը մէկդի ձգելով` այժմ արդէն իսկ իրագործուած է Ռուսաստանէն «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու առաջին խումբին մատակարարումը Թուրքիոյ: Այս իրադարձութեան դէմ իբրեւ պատժամիջոց` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Թուրքիան հեռացուած է «Էֆ-35» հալածիչ-ռմբաձիգներու արտադրութեան ծրագիրէն:

Ակնթարթ մը մէկդի դրած էրտողանեան այս ռազմախաղը` ի՞նչ է կարծիքը վերոյիշեալ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ գտնուող ահաբեկչական միջանցքի հողատիրոջ, այսինքն` Սուրիոյ:

Տեղին է նշել Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ պաշտօնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ յստակօրէն կը շեշտուի, որ Դամասկոսը կը վերահաստատէ իր կտրուկ մերժումը թուրք-ամերիկեան փոխյարաբերութեան, որ Սուրիոյ գերիշխանութեան, հողի եւ ժողովուրդի միութեան դէմ բացայայտ ոտնձգութիւն մըն է, նաեւ ոտնահարում` միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի ուխտի սկզբունքներուն:

Էրտողանին համար պաշտպանութեան հարցը լուծուած է «Էս-400»-ի ժամանումով, կը մնայ յարձակողական բնագաւառը…

«Հայրենիք»