կարևոր
1597 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-09-27 13:41
Քաղաքական

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Ընդդէմ Ազրպէյճանին` Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Խմբագրական. Լիբանանահայութիւնը Ընդդէմ Ազրպէյճանին` Հինգշաբթի Ժամը 5:00-ին

Լիբանանահայութիւնը հինգշաբթի Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բուռն կերպով պիտի բողոքէ Ազրպէյճանի կիրարկած ցեղասպանական քաղաքականութեան դէմ:

Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը իրերայաջորդ գործողութիւններու դիմած եւ գրաւած է Արցախը, կազմալուծած` Արցախի պաշտպանութեան բանակը, տեղահանած բնակչութիւնը, բռնագաղթ պարտադրած ամբողջ ժողովուրդին, հրթիռակոծած քաղաքացիական հաստատութիւնները, սպաննած անզէն մարդիկը: Այս բոլորը կը համալրեն ցեղասպանական արարքի բոլոր տուեալները: 21-րդ դարուն, ամբողջ աշխարհին առջեւ Պաքուն կ՛իրականացնէ ցեղասպանութիւն` ամբողջովին հայաթափելով Արցախը եւ ջնջելով մշակութային եւ քաղաքակրթական ամբողջ ժառանգութիւն մը:

Արցախի Հանրապետութեան կայացման մէջ սփիւռքի բոլոր համայնքներէն առաջ լիբանանահայութիւնը կանգնած է առաջին հորիզոնականին վրայ: Չափազանցութիւն չ՛ըլլար հաստատելը, որ Արցախի պետականութեան հիմնադրութեան ակունքներուն ամրագրուած է լիբանանահայութեան աւանդը` քաղաքական եւ ռազմական ոլորտներուն մէջ: Ազատամարտի տարբեր փուլերուն, Արցախի տարածքներուն համախառնուած է նաեւ լիբանանահայութեան արիւնը:

Մեր բողոքը եւս պիտի ըլլայ եզակի, իր տարողութեամբ, ուժգնութեամբ եւ զանգուածայնութեամբ: Այս բողոքի տարողունակութենէն կախեալ է մեր պայքարի վերանորոգման հաւաքական կամքի կայացումը: Այս բողոքի ուժգնութեան հետ անմիջականօրէն կապուած է մեր վերանորոգ պայքարի յաջողութեան գրաւականը:

Լիբանանահայութիւնը Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ակունքներուն ներդրում ունենալէն ետք, մասնակցած է ենթակառոյցներու հաստատման, կրթօճախներու վերանորոգման, ջրամատակարարման տարբեր ծրագիրներու առարկայացման, գիւղերու հիմնումին, մայրուղիներու հարթումին, գիւղատնտեսութեան զարգացման: Ունեցած է վիրաւորներ, նահատակներ, ռազմագերի: Մասնակցած է Շուշիի ազատագրութեան եւ ամբողջ ազատամարտին:

Հիմա, ոչ միայն պիտի մասնակցի ամբողջ աշխարհի տարածքին ծայր առած ցոյցերուն, բողոքի գործողութիւններուն, այլ նաեւ իր օրինակով պիտի համոզէ բոլորին, որ հայութիւնը չի հրաժարիր իր իրաւունքներէն:

Նախ` թուրքեւազրպէյճանական դաշինքին, որ կը պատրաստուի այս անգամ Սիւնիքի ուղղութեամբ իր ծրագիրները իրականացնելու: Թուրքեւազրպէյճանական դաշինքը իր դիմաց պիտի գտնէ ո՛չ Արցախի պարտութեան հետ հաշտուող եւ ո՛չ ալ Զանգեզուրի միջանցքի գաղափարը կուլ տուող հայութիւն:

Հայրենի ժողովուրդը լիբանանահայութեան մէջ պիտի տեսնէ զիջողական քաղաքականութիւնը մերժող, Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ նկատող միտքին հակադրուող, եւ ոչ արժանապատիւ խաղաղութեան ծրագիրները տապալելու յանձնառութիւն ստանձնող լիբանանահայութիւն:

Միջազգային ընտանիքին անտեղիտալի պահանջներով ներկայացող լիբանանահայութիւն, որ կը պահանջէ իրերը կոչել իրենց անուններով եւ ցեղասպանական պետութիւն նկատել Ազրպէյճանը:

Այն Ազրպէյճանը, որ Արցախի ուղղութեամբ դիմեց շրջափակումի, սովամահութեան, մարդասիրական աղէտի, պատերազմի, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման, ցեղային զտումով ամբողջովին հայաթափելու համար Արցախը:

Արցախը կը վերականգնի անպայման: Եթէ հաւատացած ենք անոր հայապատկանելիութեան, անոր Ազրպէյճանի կազմէն դուրս գտնուելուն, անոր ինքնիշխանութեան ու անկախութեան: Որուն կայացման, զարգացման ու արարման համար լիբանանահայութիւնը տուաւ իր առաւելագոյնը:

Նոր պայքարի ճանապարհի մեկնարկը որոշակիօրէն կախեալ է լիբանանահայութեան պայքարի վճռականութենէն: Այդ վճռականութեան փաստը` հինգշաբթի ժամը 5:00-ին, Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կ՛արձանագրուի:

Բոլորս Արցախ ենք:

Բոլորս վճռած ենք վերականգնել հայկակա՛ն Արցախը:

«Ազդակ»