կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-05-11 09:55
Սփյուռք

Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն յարգանքի տուրք մատուցեց Շուշիի ազատագրութեան համար ինկած նահատակներու յիշատակին

Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն յարգանքի տուրք մատուցեց Շուշիի ազատագրութեան համար ինկած նահատակներու յիշատակին

Պուէնոս Այրէս.- Շուշիի ազատագրութեան տօնախմբութիւնը Հարաւային Ամերիկայի երեք հայաշատ երկիրներուն մէջ՝ Արժանթին, Ուրուկուայ և Պրազիլ, տեղի ունեցաւ միայն առցանց: Նախորդ տարիներուն այդ օրուան միջոցառումները քաղաքական հաւաք թէ ընկերային-ժողովրդային խրախճանք կարելի չեղաւ իրականացնել՝ համավարակի պատճառով հաստատուած շրջաքայութեան արգելքին պատճառով: Շրջանի Կոմիտէները ամբողջ օրուայ ընթացքին սոցիալական ցանցերու միջոցաւ տարածեցին օրուայ խորհուրդին անդրադարձող պատգամներ և Արցախի ազատամարտի նուիրուած գեղարուեստական յայտագիրներ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակեց սպաներէնով յայտարարութիւն մը, ուր մասնաւորաբար համոզում կը յայտնէր որ Արցախի հարցի լուծման տարբերակէն կախում ունի հայ ազգի ապագան և ողջոյնի խօսք կը յղէ սահմապահ զինուորներուն: Կեդրոնական Կոմիտէէն անդամ մը այցելեց Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի փակին մէջ գտնուող Արցախի ազատամարտի նահատակներու յուշակոթողին և կուսակցութեան ու գաղափարակից կազմակերպութիւններու անունով յարգանքի տուրք մատուցեց անոնց յիշատակին:

Մէկ օր առաջ, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն ու գաղափարակից կազմակերպութիւնները միացած էին արժանթինահայ համայնքի հաստատութիւններու համախմբումի (IARA) միացեալ յայտարարութեան՝ Մայիս 9 Յաղթանակի և Խաղաղութեան Տօնին առիթով ողջունելով Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին դաշնակիցներուն յաղթանակի, Շուշիի ազատագրման և Արցախի Բանակի ստեղծման տարեդարձները: