կարևոր
976 դիտում, 4 ամիս առաջ - 2023-12-11 13:04
Հասարակություն

Յարգանքի Տուրք՝ Ընկեր Սագօ Սարգիսեանի Յիշատակին

Յարգանքի Տուրք՝ Ընկեր Սագօ Սարգիսեանի Յիշատակին

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 7-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան, Կլենտէյլի Ֆորեսթ Լոն գերեզմանատան մէջ, ծաղիկներ զետեղեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի վաղամեռիկ անդամ Սագօ Սարգիսեանի շիրիմին` յարգանքի տուրք մատուցելով ընկերոջ յիշատակին։

Սագօ Սարգիսեան անջնջելի հետք ձգած է Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կառոյցին վրայ, անոր համադաշնակցական կազմակերպական կեանքին նոր որակ, բովանդակութիւն եւ ուժականութիւն հաղորդելով։

Սագօ Սարգիսեան ծնած է Պէյրութ, Փետրուար 20, 1945-ին, տարսոնցի ծնողքէ: Ան ունէր չորս քոյրեր: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Սուրբ Նշան Ազգային վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարանին մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1965ին: Համալսարանական ուսման համար, ան յաճախած է Պէյրութի Լիբանանեան գեղարուեստից ակադեմիան եւ աւարտած՝ 1974-ին:

Պատանեկան տարիքին ան մաս կազմած է Պէյրութի Հ․Մ․Ը․Մ․-ի սկաուտական երկրորդ խումբին` ունենալով պատասխանատու դեր:

1965-ին ան անդամակցած է Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական միութեան՝ ստանձնելով վարչական-կազմակերպական պատասխանատուութիւններ, իսկ 1966-ին ան անցած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերը: 1972-ին, Սարգիսեան ամուսնացած է զաւարեանական Զուարթ Սիւրմէլեանի հետ: Հայր էր երկու զաւակներու` Թալինին եւ Ռազմիկին:

Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական միութենէն ետք ան անցած է իր բնակած շրջանի «Տիգրան Ծամհուր» կոմիտէութիւնը եւ մաս կազմած է անոր կոմիտէին: 1979-ին եղած է անդամ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի:

Ան մասնակցած է Հ.Յ.Դ. 21-րդ (Դեկտեմբեր 1977 – Յունուար 1978) եւ 22-րդ (Դեկտեմբեր 1981) Ընդհանուր ժողովներուն: Այս վերջին ժողովին Սարգիսեան ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ՝ հանդիսանալով ամէնէն երիտասարդ դաշնակցականը, որ կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ եւ ստանձնած է Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու պաշտօնը:

Իբրեւ ճարտարապետ` անոր հիմնական աշխատանքը եղաւ Լիբանանի մէջ, «Համազգային»-ի Մըզհերի բլուրին վրայ ընդարձակ համալիրի մը ծրագիրը, որուն միայն մէկը իրագործուած է այսօր՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութիւնը: Ան նաեւ ճարտարապետն էր 1980-ականներու առաջին կիսուն, Լիբանանի Ազգային խորհուրդի շէնքերուն:

Սագօ Սարգիսեան մահացաւ Լոս Անճելըսի մէջ, Նոյեմբեր 22, 1984ին:

 

Աղբյուրը՝ Asbarez.am